Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ամառուան արձակուրդը առիթ է` այցելելու ազգականներու, զարմիկներու, ժամանակ անցընելու մեծ հայրիկներուն, մեծ մայրիկներուն հետ… Այս հաւաքոյթները մեր մեծ ընտանիքին անդամներուն հետ մեզի կարելիութիւնը կու տան աւելի լաւ ծանօթանալու անոնց կապերուն եւ պատմութիւններուն: Այս պատմութիւնները կրնան օգնել քեզի` կազմելու գերդաստանիդ տոհմածառը:
* * *
Սակայն ի՞նչ է տոհմածառը: Ան կը ներկայացնէ, ծառի կերպարանքի մը տակ գերդաստանի մը անդամները դարերու ընթացքին: Տոհմածառի մը մէջ ամէնէն երիտասարդ անդամները կը դրուին վարը, կոճղին վրայ: Բարձրանալով` մենք պիտի գտնենք, ծնողները, մեծ հայրիկները, պապերը, եւ ուրիշ նախահայրեր, որոնք կը կազմեն ծառին կոճղերը:
* * *
Ինչի՞ կրնայ ծառայել տոհմածառը կարգ մը անձերու համար անիկա ժամանց մըն է: Անոնք հետաքրքիր են գիտնալու, թէ որո՞նք էին իրենց նախահայրերը: Անոնք կ՛ուզեն գիտնալ, թէ ծանօթ անձ մը կա՞յ իրենց գերդաստանին մէջ, կամ` ուրիշ երկիրներէ եկած անձեր մաս կը կազմե՞ն իրենց գերդաստանին: Ուրիշներու համար ասիկա կրնայ ըլլալ պարտաւորութիւն մը, երբ, օրինակի համար, անոնք պէտք է փաստեն, որ գերդաստանի մը միակ ապրող անդամն են` ժառանգութիւն մը, տուն, դրամ, ստանալու համար:
Սակայն մեզի համար ան աւելի խորունկ իմաստ մը կը ստանայ: Երբ աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ մեր պապերը ստիպուած լքեցին իրենց հողերը, հետապնդուեցան, անոնք սփռուեցան աշխարհի չորս կողմերը, ընտանիքներ բաժնուեցան, կապերը կտրուեցան… Հետեւաբար տոհմածառը կազմելը մեզի առիթը կու տայ փորձել «հաւաքելու» այդ տարբեր անդամները, ծանօթանալու մեր ընտանիքին անձնական պատմութեան` հասնելով մինչեւ պապերուն ծննդավայրը, եւ կրնայ ըլլալ, որ գտնենք մեզի անծանօթ գերդաստանի անդամներ:
* * *
Տոհմածառ կազմելը դիւրին չէ, պէտք է բազմաթիւ փնտռտուքներ ընել: Այս աշխատանքները կը սկսին` նախ եւ առաջ մեր մեծ հայրիկներէն եւ մեծ մայրիկներէն խնդրելով պատմել իրենց յուշերը, տեսնել ընտանեկան նկարները, ուսումնասիրել ընտանեկան թուղթերը: Ապա կարելի է դիմել` տարբեր աղբիւրներու, եկեղեցական տոմարներուն, համացանցին, ուր կարելիութիւնը կայ տարբեր արխիւներու մէջ փնտռտուքներ կատարելու:
Տոհմածառ կազմելը մեզի համար առիթ մըն է ծանօթանալու մեր ծագումին տարբեր պատմութիւններուն եւ կատարելու փոքրիկ ճամբորդութիւն մը ժամանակին մէջ:
Օգոստոս 27
Աշխարհի Քար, Թուղթ,
Մկրատ Խաղի Օր
Այո՛, այս հանրածանօթ խաղը ունի իր յատուկ օրը` 2014 թուականէն ի վեր: Այդ թուականէն ի վեր` 27 օգոստոսին աշխարհի չորս կողմերէն մարդիկ կը կազմակերպեն մրցաշարքեր` հաճելի ժամանակ անցընելու եւ երբեմն նոյնիսկ վէճ մը լուծելու համար:
* * *
Քար, թուղթ, մկրատ խաղը կը համարուի աշխարհի ամէնէն հին ձեռքի խաղը: Ան ծնած է աւելի քան 2000 տարիներ առաջ, Չինաստանի Հոն կայսրութեան օրերուն (ՔԱ 206 թուականէն ՔԵ 220 թուական): Ճիշդ է, որ այս խաղը ծնած է Չինաստանի մէջ, սակայն հաւանաբար անոր գաղափարը ծնած է արդէն գոյութիւն ունեցող ուրիշ խաղերէ: Հետագային մենք անոր կը հանդիպինք նաեւ Ճափոնի մէջ:
* * *
Այս խաղին առաջին տարբերակներէն մէկն էր խռնջայլը, օձը եւ գորտը, որ ճանչցուած էր Մուշի-քեն անունին տակ: Գորտը կը յաղթէր խռնջայլին, խռնջայլը կը յաղթէր օձին, եւ օձը կը յաղթէր գորտին: Գոյութիւն ունէր նաեւ ուրիշ տարբերակ մը` Քիթցունէ-քեն, որուն մէջ աղուէսը կը յաղթէր գիւղապետին, գիւղապետը կը յաղթէր որսորդին, իսկ որսորդը կը յաղթէր աղուէսին: Իսկ Քար, թուղթ, մկրատ տարբերակը յառաջացած է աւելի ուշ, 17-րդ դարուն:
* * *
1920-ական թուականներուն է, որ այս ասիական հանրածանօթ խաղը կը հասնի Անգլիա: Իսկ 1932 թուականին «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին մէջ լոյս կը տեսնէ յօդուած մը, ուր կը ներկայացուին Քար, թուղթ, մկրատ խաղին օրէնքները:
Կ՛ուզե՞ս դուն ալ տօնել Աշխարհի քար, թուղթ, մկրատ խաղի օրը:
Շատ դիւրին է կազմակերպուիլ 27 օգոստոսի «տօնակատարութիւններուն» համար: Պարզապէս պէտք ունիս 3 քայլերով ծրագիրի մը:
1 – 27 օգոստոսի օրուան ընթացքին ժամ մը նշանակէ եւ հրաւիրէ ընկերներ, ընտանիքիդ անդամներ, զարմիկներ…
2 – Անոնց բացատրէ օրէնքները. 3 խաղի ընթացքին ամէնէն շատ կէտ նշանակողը կը յաղթէ, եւ իւրաքանչիւր խաղ կը սկսի «1, 2, 3, շո՛ւթ» կանչով:
3 – Վերջնական յաղթողին համար պատրաստէ փոքրիկ վարձատրութիւն մը, օրինակի համար` փոքրիկ անուշեղէն մը, կամ կանչ մը…
Խաղին ընթացքին կարեւորը խանդավառ մթնոլորտը պահելն է:

















