Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Երեւակայեցէք, որ հանդարտօրէն կը պտտինք Լոնտոնի փողոցներուն մէջ: Յանկարծ քաղաքին մէջէն անցնող Թէյմզ գետէն դուրս ելլելով` ձեր դիմաց «կը տնկուի» հսկայական կապոյտ կէտ մը: Տարօրինակ անակնկա՞լ: Ո՛չ, ան պարզապէս նոր արձան մըն է:

Այս արուեստի գործին անունն է` «Ուէյլ օն տը Ուարֆ», կէտ մը հարթակին վրայ: Ան ստեղծուած է երկու ամերիկացի արուեստագէտներու կողմէ եւ զետեղուած` երկնաքերներու միջեւ, թաղի մը մէջ, ուր արդէն գոյութիւն ունին բազմաթիւ արուեստի գործեր:

Այս կէտին բարձրութիւնը կը հասնի 11 մեթրի, որ հաւասար է 4 յարկանի շէնքի մը: Անշուշտ այս «արձանը» հսկայ է, սակայն` ո՛չ իսկական կապոյտ կէտի մը չափ, որուն երկարութիւնը գլուխէն մինչեւ պոչը կրնայ հասնիլ 30 մեթրի:

* * *

Այս կէտը ամբողջովին շինուած է կերպընկալէ «աղբերէ», որոնք հաւաքուած են Խաղաղական ովկիանոսի մէջ Հաուայեան կղզիի ծովափներէն մէկուն վրայէն, պարապ շիշեր, կոտրուած խաղալիքներ, կերպընկալէ տոպրակներ…

Արուեստագէտներուն նպատակն էր մարդոց ուշադրութիւնը գրաւել երկրագունդի վրայ գոյութիւն ունեցող աղբերու ապականումին վրայ: Անոնց արուեստի գործը ձեւ մըն է` իւրաքանչիւր անձ մղելու իր աղբերուն քանակը նուազեցնելու եւ զանոնք վերամշակելու:

Ամէնէն Փոքրիկ Ջութակը

Անգլիոյ մէջ գիտնականներ կրցած են շինել շատ մանր ջութակ մը, մազէ մը կամ նոյնիսկ փոշիի հատիկէ մը աւելի փոքր… Անոնք կրցած են միայն անոր մարմինը մետաղով շինել. անկարելի է անոր վրայ եղանակ մը նուագել: Այս ջութակը կարելի է տեսնել միայն մանրադիտակով մը: Այս ծրագիրը կարելիութիւնը տուած է մասնագէտներուն` բարելաւելու եւ յառաջդիմելու նանօթեքնոլոժիի մարզին մէջ, ինչպէս ` յատուկ մեքենաներու, շատ մանր տարրերու շինութեան համար:

Շատ Հին Պայուսակ Մը

65 տարիներ առաջ ամերիկացի մը Միացեալ Նահանգներու քարայրներէն մէկուն մէջ գտած է հիւսուած պայուսակ մը: Ան այդ պայուսակը պահած է անօթի մը մէջ: Տարիներ ետք անոր թոռնիկը գտած է այդ պայուսակը եւ զայն յանձնած է գիտնականներու:

Ուսումնասիրութիւններէ ետք յայտնաբերուած է, որ այդ պայուսակը իսկապէս իւրայատուկ է: Ան պատկանած է օսեճ (սիու հնդիկներու խումբին մաս կազմող) ցեղախումբին: Ան շինուած է աւելի քան 500 տարիներ առաջ, այսինքն երբ եւրոպացիները տակաւին չէին հասած Ամերիկա:

Այս պայուսակը կը ծառայէր հատիկներ եւ գործիքներ փոխադրելու համար: Տակաւին մինչեւ այսօր այդ հատիկներէն հետքեր մնացած էին անոր մէջ:

Ցամաքային Անասունի
Ամէնէն Հին Հետքերէն…

Աւստրալիոյ մէջ գտնուեցաւ 356 միլիոն տարուան ճանկերու հետքերը ժայռի մը վրայ: Անոնք սողունի մը հետքերն են եւ` մեզի ծանօթ ցամաքային անասունի մը ամէնէն հին հետքերը:

Յիշենք, որ մեր մոլորակին վրայ գոյութիւն ունեցող առաջին անասունները կ՛ապրէին ջուրին մէջ: Մինչեւ այսօր մենք կը հաւատայինք, թէ անասունները ջուրէն դուրս ելած էին գետնին վրայ քալելու համար 320 միլիոն տարիներ առաջ: Այս հետքերուն շնորհիւ` մենք իմացանք, որ այդ երեւոյթը տեղի ունեցած էր շատ աւելի առաջ:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Ջուրի վրայ կատարուած ամէնէն երկար թռիչքը, առանց օդակայանի մը մէջ դադարի, Քալիֆորնիոյ ափերէն մինչեւ հաուայեան Հոնալուլուի օդակայանն է:

– Նրբասրինգները գրեթէ ամբողջովին կը շինուին մփինկօ ծառի փայտէն:

– Փինաթ պաթըրի փոքրիկ անօթ մը պատրաստելու համար պէտք կայ մօտաւորապէս 540 պիստակի:

– 1971-ին աստղանաւորդ Ալեն Շեփըրտ Կալֆ խաղցաւ լուսինին վրայ:

– Ովկիանոսին ամէնէն խորունկ վայրը կը գտնուի մօտաւորապէս 10935 մեթր ջուրին տակ:

– Արեւը մօտաւորապէս 400 անգամ աւելի մեծ է, քան` լուսինը:

– Միջին հաշուով անձ մը մէկ վայրկեանի ընթացքին աչքերը կը թարթէ 14-17 անգամ:

– Աշխարհի բնակչութեան 90 առ հարիւրը կ՛ապրի հիւսիսային կիսագունդին մէջ:

– Մինչ աշխարհի լիճերէն 60 առ հարիւրը կը գտնուի Քանատայի մէջ:

– Մեր երկրագունդի կենդանի էակներէն 50-80 առ հարիւրը կ՛ապրի ովկիանոսներուն մէջ:

– Երբ հոյամողէսները կ՛ապրէին երկրագունդին վրայ, լուսինին վրայ գոյութիւն ունէին գործօն հրաբուխներ:

– Աշխարհի վրայ միայն չորս երկիրներ ունին առանց բառերու ազգային քայլերգ:

– Մեր ուղեղը առանձինը օրական 400-500 քալորի կը սպասէ:

– Աշխարհի վրայ ամէնէն գեղեցիկ ծիածաններու ամէնէն լաւ վայրը Հաուայն է:

Մտածենք

 Հանդէսի Օրը

Ներկայացումին օրը վերջապէս հասաւ… Սակայն օրիորդ Մարալը շուարած է: Ժամանակն է, որ ամբողջ դասարանին հետ երկար փորձերէ ետք աշակերտները բեմ ելլեն, սակայն զոյգերը իրարու խառնուած են, եւ ան չի յիշեր, թէ ո՞վ որո՛ւ հետ պէտք է պարէ:

Կրնա՞ս անոր օգնել` վարի բացատրութիւններուն հետեւելով:

1.- Լուսինը Գրիգորին հետ կեցած է, սակայն անոր զոյգը Կարոն է:
2.- Գրիգորը Լենային զոյգն է, սակայն Լենան կեցած է Րաֆֆիին հետ:
3.- Ալինը Պետիկին զոյգն է, որ իր կարգին կեցած է Լոռիին հետ:
4.- Վահէն Անիին հետ է:
5.- Լոռին Րաֆֆիին զոյգն է:
6.- Թամարը Վահէին զոյգն է, սակայն կեցած է Կարոյին հետ:
7.- Գրիգորը գլխարկ չէ դրած, իսկ Պետիկը մազերը խուզած է:
8.- Լենան կէտերով փէշ մը հագուած է, իսկ Ալինը երկար մազեր ունի:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 9 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ բոլոր պահուած ապրանքները:
Կրնա՞ս գտնել թիւերուն համապատասխանող տեղերը տախտակին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

‎Յայտարարութիւն ‎

Յաջորդը

Հայաստան Երկրի Եւ Անոր Տէր Ազգի Քաղաքական Անելանելիութիւնը…

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
«Հովանոց Ծառեր» Սոքոթրա Կղզիին Վրայ
Մանկապատանեկան

«Հովանոց Ծառեր» Սոքոթրա Կղզիին Վրայ

Յունիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?