Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Կղզի Մը` Եւրոպայի Եւ Ասիոյ Միջեւ…

Յուլիս 19, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մայիս ամսուն ռուս գիտնականներ նոր կղզիի մը գոյութիւնը բացայայտեցին Կասպից ծովուն հիւսիսային բաժինին մէջ:

Անոնք կրցան տրոններով կղզին նկարել, սակայն չգացին զայն հետախուզելու: Մինչեւ կղզի հասնիլը շատ դժուար է, որովհետեւ զայն շրջապատող ջուրերը շատ խորունկ չեն: Գիտնականները կղզիին  մեծութեան մասին տեղեկութիւններ չհայհայթեցին:

Այս կղզին յայտնաբերուեցաւ ծովուն մակարդակին ցածնալուն պատճառով: Այս երեւոյթին գլխաւոր պատճառներէն մէկն է շրջանին մէջ ջերմաստիճանի բարձրութեան պատճառով ջուրին շոգիացումը, սակայն նաեւ…

Գիտէի՞ր, թէ…

–  Կասպից ծովը  կը գտնուի Եւրոպայի արեւելքը եւ Ասիոյ արեւմուտքը:- Ան աշխարհի ամէնէն մեծ գոց ծովն է (ցամաքով շրջապատուած):

– Անոր մակերեսը կը հասնի 320 հազար քառակուսի քմ-ի, երկարութիւնը հիւսիսէն հարաւ` 1000 քմ-ի, լայնքը` 320 քմ միջին հաշուով, իսկ խորութիւնը` մինչեւ 1000 մեթրի (1 քմ):

– Անոր ջուրը կու գայ յատկապէս մեծ գետէ մը` Վոլկայէն: Այս գետը կը կտրէ ամբողջ Ռուսիան` վերջապէս թափուելով Կասպից ծովուն մէջ:

– Երկար ժամանակ Կասպից ծովուն վրայ մարդկային գործունէութիւնը եղած է գլխաւորաբար ձկնորսութիւնը: Սակայն այժմ անոր մէջէն կը հանուի մեծ  քանակով քարիւղ եւ բնական կազ: Ասոր կողքին, Վոլկայի վրայ կառուցած են բազմաթիւ ամբարտակներ եւ ջրամբարներ: Եւ իբրեւ հետեւանք` բնութեան հաւասարակշռութիւնը խախտած է, ձուկերու կարգ մը տեսակներ` անհետացած…

– Կասպից ծովուն մէջ կ՛ապրին նաեւ փոկեր: Սակայն փոկերու այս տեսակը միայն հոն կ՛ապրի: Իրենց մօտաւորապէս 1,5 մեթր երկարութեամբ անոնք փոկերու ամէնէն փոքրիկ տեսակներէն են: Դժբախտաբար անոնք կորսուելու վտանգին մէջ կը գտնուին:

Հետաքրքրական

Հաճելի Ուսումնասիրութիւն Մը` Ջուրին Մէջ Երկար Ատեն
Մնացած Ձեռքերուն Մորթի Ծալքերուն Մասին

Ամրան այս տաք օրերուն մենք առիթը ունինք յաճախ ծով երթալու եւ զովանալու համար երկար ժամանակ անցընելու ջուրին մէջ: Եւ երբ մենք ջուրէն դուրս կ՛ելլենք, կը նշմարենք, որ մեր մատներուն մորթը «ճմռթկուած» է: Նոյնը կրնայ պատահիլ նաեւ այն ատեն, երբ մենք լոգանքէն կ՛ելլենք: Այս երեւոյթը կը պատահի, պարզապէս որովհետեւ ջիղերը կը հակազդեն ջուրին, եւ արիւնի երակները կը սեղմուին:

* * *

1.- Ջիղ: 2.- Արիւնի երակ: 3.- Շօշափելի ընկալուչ: 4.- Մազ: 5.- Իւղ:
Ա.- Վերնամորթ: Այս դուրսի խաւը մորթը կը պահպանէ, ան ունի շատ մանր ծակեր, ուրկէ քրտինքը դուրս կ՛ելլէ, երբ մենք շատ տաքնանք: Բ.- Այս մորթի ներքին խաւը ամէնէն հաստն է, անոր մէջը կը գտնուին ջիղերը, երակները եւ ընկալուչները: Ջիղերն են, որոնք ընկալուչներուն միջոցով զգացած տպաւորութիւնները ուղեղին կը ղրկեն: Գ.- Ամէնէն խորունկ խաւը իւղի խաւն է. անիկա կարողութիւնը կու տայ 37 աստիճանի պահել մեր մարմնին ջերմաստիճանը:

Երկու ամերիկացի գիտնականներ ուսումնասիրած են այս ծալքերը: Անոնք երեք անձերէ խնդրած են իրենց ձեռքերը 30 վայրկեան տաք ջուրի մէջ պահել, եւ յաջորդ օրը դարձեալ կրկնել այս գործողութիւնը: Անոնք նշմարած են, որ երկու անգամներուն ալ ծալքերը նոյնն էին, անոնք ճիշդ նոյն պատկերը կը կազմէին:

Այժմ գիտնականները կ՛աշխատին աւելի մեծ խումբի մը վրայ` շարունակելով իրենց ուսումնասիրութիւնները, տեսնելու համար, թէ այս երեւոյթը անփոփոխ պիտի մնա՞յ աւելի երկար ժամանակի մը վրայ, ինչպէս, օրինակի համար, 1 տարուան ընթացքին:

Ընդհանուր Գիտելիքներ

– Հակառակ իրենց փոքրիկ չափին` իշամեղուները կրնան Էվերեսթի գագաթէն ալ աւելի բարձր թռչիլ:

– Մեր մատներուն մէջ մկաններ չկան: Անոնք կը ղեկավարուին մեր ափին եւ թեւերուն մէջի մկաններուն միջոցով:

– Չղջիկները միակ ստնաւոր անասուններն են, որոնք կրնան թռչիլ:

– Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ փաստած են, որ այծերը, մեզի նման, տարբեր հնչիւններ ունին:

– Խխունջները շատ երկար քունի մէջ կրնան մտնել: Այս քունի շրջանները կրնան տեւել մինչեւ երեք տարի:

– Կարգ մը ձուկեր կը հազան:

– Հսկայ փանտաները օրական մօտաւորապէս 14 քիլօ պամպու կ՛ուտեն: Այսինքն` տարեկան աւելի քան 5 թոն:

– Վագրերուն ձագերը կոյր կը ծնին:

– Գետնառիւծին լեզուն իր մարմինին հասակէն երկու անգամ երկար է:

– Անանասի պտուղը երկու տարիէն կ՛աճի, մօտաւորապէս 200 ծաղիկ միասին կը յառաջացնեն մէկ պտուղ:

– Մէկ քիլօ կիտրոնը աւելի շաքար կը պարունակէ, քան` մէկ քիլօ ելակը:

– Միակ ցամաքամասը, ուր կարելի չէ գտնել որեւէ սողուն եւ օձ, Անթարքթիքան է:

– Եթէ երկրագունդը պասքեթպոլի գնդակի մը չափը ունենար, լուսինը թենիսի գնդակի չափ պիտի ըլլար:

– Հոյամողէսները երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունեցած են մօտաւորապէս 240 միլիոն տարիներ առաջ, եւ անհետացած 66 միլիոն տարի առաջ:

– Մարդոց կողմէ գտնուած ամէնէն փոքրիկ հոյամողէսը միքրօրափթորն է, անոր երկարութիւնը կը հասնէր 40 սմ.-ի:

– Երբ հոյամողէսները կ՛ապրէին երկրագունդին վրայ, լուսինին վրայ գոյութիւն ունէին գործօն հրաբուխներ:

– Փայլածուն եւ Արուսեակը մեր արեգակնային դրութեան միակ երկու մոլորակներն են, որոնք ոչ մէկ լուսին ունին:

– Միայն մարդ արարածը չէ, որ աջլիկ կամ ձախլիկ կրնայ ըլլալ: Գիտէի՞ր, թէ էգ կատուներուն մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ աջ թաթիկը գործածել, մինչ արու կատուները աւելի «ձախլիկ» են:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:

 

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի 79-րդ Առցանց Լսարան. «Ռուսիան Միջնորդ Ուղի Էր Եւրոպական Միտքի Հայաստան Թափանցումին» Դոկտ. Համօ Սուքիասեան

Յաջորդը

Ստալինիզմից-Նիկոլիզմ

RelatedPosts

Ի՞նչ Գիտենք Օգոստոս Ամսուան Մասին
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Գիտենք Օգոստոս Ամսուան Մասին

Օգոստոս 9, 2025
Աշխարհի Ամէնէն Շատ Սիրուած Գոյնը` Կապոյտը
Մանկապատանեկան

Աշխարհի Ամէնէն Շատ Սիրուած Գոյնը` Կապոյտը

Օգոստոս 2, 2025
Լեռներուն Վրայ, Անտառին Մէջ Պահուըտած Հին Ժողովուրդ Մը
Մանկապատանեկան

Լեռներուն Վրայ, Անտառին Մէջ Պահուըտած Հին Ժողովուրդ Մը

Յուլիս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?