Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) դարձած է գրեթէ անխուսափելի ընկերակից մը: Մենք անոր կը դիմենք` մեր դասերուն համար, մեր գործերուն, հարցումներու պատասխաններ գտնելու, կամ մեզի օգնելու` կազմելու տարբեր ծրագիրներ, աշխատանքներու… երբեմն ասիկա կը պատահի առանց մեր գիտակցութեան նաեւ: Վստահաբար պատահած է, որ դուն բերանացի հարցում մը ուղղես կամ հաղորդակցիս բջիջային հեռաձայնիդ կամ հակարգիչիդ հետ: Այս պարագային դուն խօսած պիտի ըլլաս ԱԲ-ի հետ:

Փորձենք հասկնալ, թէ այս խօսող մարդամեքենաները ինչպէ՞ս կը պատասխանեն մարդ արարածի մը… սակայն անդրադառնանք նաեւ` ինչո՞ւ պէտք է միշտ արթուն ըլլալ ԱԲ-ի գործածութեան պարագաներուն:

* * *

Սակայն ճի՞շդ է, որ ԱԲ-ն խօսիլ գիտէ: Արհեստական բանականութիւնը համակարգիչի գործիք մըն է, որ կազմուած է ընդօրինակելու մարդկային խելացութիւնը: Յստակ մարդոց հետ հաղորդակցելու համար պատրաստուած ԱԲ-ները կը կոչուին խօսակցական ԱԲ: Անոնք մեզի կու տան, իրենց ըսուածը հասկնալու տպաւորութիւնը` մեր հարցաքննութեան յստակ պատասխաններ տալով: Անոնք կրնան մեզի պատասխանել գրաւոր, իսկ աւելի յառաջդիմած ԱԲ-ները գիտեն նոյնիսկ բնական ձեւով «խօսիլ»:

* * *

Խօսակցական ԱԲ-ներու գործածութիւնը սկսած է միշտ աւելի տարածուիլ: Անոնք կը գործածուին` օգնելու պարտականութիւնները կատարելու, խոհագիրներ գտնելու, կամ նոյնիսկ խօսակցելու, երբ կը ձանձրանանք, հաւանաբար պատահած է, որ դուն ալ անոնց դիմած ես համացանցին վրայ տեղեկութիւն մը կամ թելադրութիւն մը փնտռելու:

Սակայն արդեօք մենք իսկապէ՞ս կը զրուցենք խօսակցական ԱԲ-ին հետ: Ճիշդ է, որ մեր ընկերները անդադար ներկայ չեն կամ տրամադրելի ժամանակ չունին, մինչ ԱԲ-ն միշտ ներկայ է եւ անոր «խօսակցութիւնը» միշտ ազնիւ եւ բարեսիրտ է, դրական եւ առանց որեւէ մէկ դատողութեան: Կարգ մը խօսակցական ԱԲ-ներ գործածողները կրնան նոյնիսկ թոյլ տալ, որ ԱԲ-ն զիրենք համոզէ, թէ իրենց յարաբերութիւնը իրական է եւ ժամերով անոր հետ խօսակցի: Ժամանակի ընթացքին, այս անձերը միշտ աւելի կ՛առանձնանան` փոխանակ դէպի ուրիշներուն ու աշխարհին դառնալու եւ բացուելու: Սակայն մենք բնաւ պէտք չէ խաբուինք. ԱԲ-ն ո՛չ մէկ զգացում կրնայ ունենալ, նոյնիսկ եթէ անոր գործածած բառերը հակառակ տպաւորութիւն կու տան: Ո՛չ մէկ յարաբերութիւն կայ անոր եւ մեր միջեւ, եւ ան վստահելի կամ մտերիմ ընկեր մը կրնայ ըլլալ, ո՛չ ալ նոյնիսկ խաղի մը ընկերը: Ան կրնայ սքանչելի գործիք մը ըլլալ` պատասխաններ գտնելու կամ զբաղելու համար, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ ան պարզապէս մեքենայ մըն է:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Գիտէի՞ր, թէ ամէն վայրկեան աշխարհին շուրջ 2000 փոթորիկներ տեղի կ՛ունենան:
– Ամպերը ճերմակ կ՛երեւին, որովհետեւ անոնք իրենցմէ աւելի բարձր գտնուող արեւուն լոյսը կ՛արտացոլացնեն:
– Կայծակը արեւէն հինգ անգամ աւելի տաք է:
– Ամէնէն արագ թափած անձրեւի կաթիլներուն արագութիւնը հասած է ժամական մօտաւորապէս 29 քմ-ի:
– Գիտէի՞ր, թէ կրնաս վայրի մը ջերմաստիճանը մօտաւորապէս կռահել` ըստ ճպուռներու ձայնի յաճախականութեան մէկ երկվայրկեանի մէջ:

* * *

– Բուերը իրենց աչքերը չեն կրնար շարժել, հետեւաբար անոնք իրենց վիզը կը դարձնեն իրենց շուրջը տեսնելու համար:

– Ընգղաները ունին կապոյտ արիւն, երեք սիրտ եւ ինը ուղեղ:
– Թրթուռները ունին 12 աչք: Անոնք բաժնուած են 6 աչքերով 2 խումբերու, որոնք թրթուռին գլխուն երկու կողմերը զետեղուած են:

– Գետաձիին շրթունքները մօտաւորապէս 60 սմ երկարութիւն ունին ձախէն աջ: Անոնց շնորհիւ անասունը կրնայ իր բերանը 150 աստիճան բանալ:

– Էգ մեղրահաւը` կը շինէ թռչուններու ամէնէն փոքրիկ բոյնը, ընկոյզի մը չափով:

* * *

– Աշխարհի ամէնէն մեծ տապկուած գետնախնձորը մօտաւորապէս 86 սմ երկարութիւն ունէր:
– Պանանները պտուղ չեն, այլ խոտերու խումբին մէջ կը մտնեն:

– Աշխարհի ամէնէն ծանր ստեպղինը 10.7 քիլօ կը կշռէր:

– Պիստակները ընկոյզի ընտանիքին մաս չեն կազմեր. անոնք բանջարեղէն կը համարուին:
– Հարաւային Ատլանտեանի մէջ Թրիսթան տա Քունա կղզիին վրայ հին ժամանակներուն գետնախնձորը իբրեւ դրամ կը գործածուէր:

* * *

– Յօրանջ մը միջին հաշուով կը տեւէ վեց երկվայրկեան:

– Միացեալ Թագաւորութեան Ուէյլզ շրջանին մէջ կարելի է մասնակցիլ ջուրին տակ հեծիկի մրցումի:
– Նոր Զելանտայի մէջ մարդոցմէ աւելի ոչխար գոյութիւն ունի:
– Մինչ Միացեալ Նահանգներուն մէջ շատ աւելի մեծ թիւով պատկերասփիւռներ գոյութիւն ունին, քան` Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ապրող անձեր:
– Անգլիոյ մէջ պէտք է թագուհիէն կամ թագաւորէն մինչեւ 90 մեթր հեռու գտնուիլ՛ եթէ գուլպայ չէք հագած:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Իւրաքանչիւր շարքի առաջին պատկերը կազմուած է անոր ձախ կողմը
շարուած երեք տուփիկներէն, ինչպէս նշուած է առաջին եւ երկրորդ շարքերուն մէջ:
Կրնա՞ս գտնել 3-9 շարքերու պատկերներուն տարբեր բաժինները:
Կրնաս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (10 Հոկտեմբեր 2025)

Յաջորդը

«Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղի Ներկայացումները Սկսան

RelatedPosts

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
Կանուխ Աշուն Մը
Մանկապատանեկան

Կանուխ Աշուն Մը

Սեպտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?