Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Արդեօք մենք իրողապէս ամրան եղանակին մէ՞ջ կը գտնուինք, եւ անշուշտ, անոր հետ ջերմաստիճանը կը սկսի իր անդադար վերելքը: Եւ ինչպէս ամէն տարի, մենք պէտք է վերյիշենք կարեւոր նախազգուշութիւններ` այս եղանակին մենք մեզ պահպանելու համար:

Կլիմայի փոփոխութիւններուն պատճառով մենք յաճախ տօթի օրեր կ՛ապրինք: Օրերու ընթացքին ջերմաստիճանը կը հասնի 36 աստիճանի` առանց գիշերը շատ նուազելու: Այս տօթի ժամանակներուն տոկալը դժուար կ՛ըլլայ… եւ դժբախտաբար հաւանական է, որ սաստիկ տաքէն մարդիկ մահանան: Աշխարհին շուրջ ամէն տարի աւելի քան 150 հազար մարդ կը մահանայ սաստիկ տաքէն:

* * *

Մարդկային մարմինը տաքութեան հետ կը յարմարի քրտնելով. տաքութիւնը կ՛անհետանայ քրտինքին հետ: Հետեւաբար պէտք է սովորականէն աւելի ջուր խմել, երբ օդը շատ տաք է, որպէսզի մեր մարմինին ջուրը չպակսի: Մորթին մօտ գտնուող արեան երակները յաւելեալ կ՛ընդլայնին իրենց մէջէն անցնող արիւնը պաղեցնելու համար: Սիրտը, որ կը զբաղի արեան շրջագայութեան աշխատանքով, հետեւաբար պէտք առողջ ըլլայ. անկէ մեծ ճիգ կը պահանջուի, երբ օդը տաք է: Տարիքոտ անձերը, որոնց մարմինը յոգնած է, աւելի զգայուն կ՛ըլլան տօթերու ժամանակ: Մանուկներն ալ պէտք է զգուշ ըլլան, որ իրենց մարմինին ջուրը չպակսի, որովհետեւ անոնք չափահասներէն աւելի կը քրտնին:

Մեծ յոգնութեան զուգահեռ` տօթը կրնայ սրտխառնուք, գլխու ցաւ, մկաններու կծկում (քրամփ) յառաջացնել: Հետեւաբար պէտք է մարմինին հոգ տանինք` հանդարտ մնալով, շուքին եւ զով վայր մը ապաստանելով յաճախ ջուր խմելով:

Գիտէի՞ր, Թէ…

Յուլիս Ամսուան Մասին

– Յուլիս ամսուան անունը եկած է հռոմէացի նշանաւոր կայսր Յուլիոսի անունէն: Ան ո՛չ միայն կայսր էր, այլ նաեւ` հռոմէական բանակին հրամանատար, պետական գործիչ եւ մենատէր, ան ծնած էր ՔԱ 12 կամ 13 յուլիս 100 թուականին:

Սկիզբը հռոմէական օրացոյցին մէջ այս ամիսը կը կոչուէր Քուինթիլիս, այդ ժամանակուան օրացոյցը հիմնուած էր լուսնային շրջանին վրայ, եւ այս ամիսը տարուան հինգերորդ ամիսն էր:

Սակայն Յուլիոս կայսրին մահէն ետք հռոմէական ծերակոյտը որոշում կու տայ այս ամիսը անոր ի պատիւ «Յուլիոս» կոչել:

– Քանատայի մէջ յուլիս 1-ին կը տօնուի Քանատայի օրը: 1 յուլիս 1867-ին է, որ Օնթարիոյի, Քեպեքի, Նովա Սքոսիայի եւ Նիւ Պրոնսուիքի նահանգները ստորագրեցին «Պրիթիշ Նորթ Ամերիքա աքթի»-ը, դառնալով մէկ երկիր` Քանատա:

«Քանատա տէյ»-ը ազգային տօն մըն է եւ կը տօնուի ամբողջ երկրին մէջ` տողանցքներով, հրախաղերով, ներկայացումներով, համերգներով…

– Թուր տը Ֆրանս հեծիկի մրցաշարքը աշխարհի ամէնէն նշանաւոր հեծիկի մրցաշարքերէն մէկն է: Ան ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ յուլիս ամսուան: Մրցումը տեղի կ՛ունենայ երեք շաբթուան ընթացքին եւ կ՛իրականանայ աւելի քան 3000 քմ  Ֆրանսայի եւ երբեմն դրացի երկիրներու մէջ:

Մրցումը բաժնուած է օրական հանգրուաններու, եւ վերջնական յաղթականը կ՛ըլլայ այն մարզիկը, որ ամբողջ մրցաշարքը կ՛աւարտէ ամէնէն կարճ ժամանակին մէջ:

Այս մրցաշարքը ճանչցուած է իր դժուար լեռնային ճամբաներով, ինչպէս նաեւ` ճոխ պատմութեամբ եւ սովորութիւններով: Մրցաշարքի աւարտին յաղթողին կը տրուի դեղին շապիկը:

– Յուլիսին տեղի կ՛ունենայ նաեւ Սան Ֆերմին փառատօնը` Սպանիոյ Փամփլոնա քաղաքին մէջ: Այս նշանաւոր փառատօնին է, որ ցուլերը կ՛արձակուին` վազելու քաղաքին փողոցներուն մէջէն, որուն կը մասնակցին նաեւ մարդիկ:

Այս փառատօնը վիճայարոյց եղած է իր վտանգաւոր բնոյթին եւ տարիներու ընթացքին բազմաթիւ վիրաւորներու եւ նոյնիսկ մահերու պատճառով:

Սակայն, հակառակ ասոր, ան զբօսաշրջիկներու համար մեծ հմայք ունի մինչեւ այսօր, եւ աշխարհի չորս կողմերէն հազարաւոր այցելուներ կու գան ապրելու այս ցուլերու վազքին փորձառութիւնը:

– Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքը աշխարհի ամէնէն հին թենիսի մրցաշարքն է, ան սկսած է 1887-ին եւ ճանչցուած է իր կանաչ խոտով դաշտերով: Ան թենիսի գլխաւոր չորս մրցաշարքերէն` կրան սլամէն մէկն է, եւ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի յունիսի վերջաւորութեան կամ յուլիսի սկիզբը, Լոնտոնի մէջ:

Մտածենք

Մարզանք Ընենք

Հինգ ընկերներ կը խօսին իրենց ամառնային ժամանցներուն մասին: Անոնք բոլորն ալ կը սիրեն մարզանք ընել: Վարի բացատրութիւններուն հետեւելով` փորձէ գիտնալ, թէ ո՛րն է իւրաքանչիւրին նախասիրած մարզաձեւը:

1.- Վազգէնը ամէնէն բարձրահասակն է եւ կեցած է Փաթիլին ու Պետիկին միջեւ: Անոր նախասիրած մարզաձեւը պասքեթպոլն է:
2.- Թալինը կեցած է Հրաչին ձախ կողմը եւ անոր սիրած մարզաձեւը ջուրին մէջը տեղի կ՛ունենայ:
3.- Պետիկը Վազգէնին աջ կողմը կեցած է իր նախասիրած մարզաձեւին համար ան ռաքեթ պէտք է գործածէ:
4.- Փաթիլը Թալինին մօտ չէ կեցած եւ անոր նախասիրած մարզաձեւը ձիերով կը կիրարկուի:
5.- Հրաչը կեցած է Փաթիլին աջ կողմը եւ անոր նախասիրած մարզաձեւը երկու անիւով առարկայի մը կը կարօտի:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:

 

 

 

Նախորդը

Չեմ Զղջար, Որ Պայքարած Եւ Կը Պայքարեմ Կորուսեալ Արցախի Համար. Բագրատ Սրբազան Գալստանեանի Յղած Նամակը

Յաջորդը

Մինչեւ Ե՞րբ…

RelatedPosts

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
«Հովանոց Ծառեր» Սոքոթրա Կղզիին Վրայ
Մանկապատանեկան

«Հովանոց Ծառեր» Սոքոթրա Կղզիին Վրայ

Յունիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?