Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հնդկաց ովկիանոսին մէջ գտնուող Սոքոթրա կղզին Եմէնի գլխաւոր կղզին է: Ան ունի 130 քմ երկարութիւն եւ մօտաւորապէս 40 քմ լայնք: Ան մօտ է նաեւ Սոմալիին, որ կը գտնուի 230 քմ հեռու: Կղզին շրջապատուած է ճերմակ աւազով ծովափներով եւ ամբողջապէս կապոյտ ջուրերով: Ան ունի տաք կլիմայ մը եւ անապատային կամ ժայռոտ տեսարաններ: Սոքոթրայի վրայ ապաստան գտած են տեսակաւոր վայրի անասուններ, ինչպէս` մողէսներ, խխունջներ, թռչուններ…, եւ հոն կը բուսնին աւելի քան 800 տեսակի բոյսեր: Այդ բոյսերուն մէջ 3 բոյսերէն մէկը այդ կղզիին յատուկ է, եւ անոնցմէ ամէնէն ծանօթը Սոքոթրայի վիշապածառն է:
* * *
Սոքոթրայի վիշապածառը դանդաղօրէն կ՛աճի կղզիին բլուրներուն եւ ժայռոտ շրջաններուն մէջ: Անոր տերեւները դէպի երկինք դարձած են: Իր արտասովոր կերպարանքին պատճառով ան յաճախ ճանչցուած է նաեւ իբրեւ «հովանոց ծառ» անունով, կամ նոյնիսկ բաղդատուած` թռչող սկաւառակի մէջ:
Վիշապածառին տերեւները կը հաւաքեն անձրեւներուն եւ մշուշներու, իսկ ծառը հողը կը սնուցանէ ուրիշ բոյսերու համար, ինչպէս` անապատի վարդենին, կամ «շիշ ծառը»: Ան կ՛արտադրէ նաեւ կարմիր խէժ մը, զոր կ՛անուանեն «վիշապի արիւն»…
Ան կը գործածուի իբրեւ դեղ` դարմանելու համար վէրքեր եւ տաքութիւն, ինչպէս նաեւ` իբրեւ ներկ:
* * *
Այս վիշապածառը կղզիին հրաշալիքներէն մէկն է, եւ ան կը հմայէ զբօսաշրջիկները, որոնց թիւը կը հասնի տարեկան 5000-ի: Սակայն դժբախտաբար կղզիին վրայ կը տիրապետեն կլիմայական փոփոխութեան սպառնալիքը եւ մասնաւորաբար մոլորակին ջերմաստիճանի բարձրանալը: Յատկապէս պտուտահողմերը եւ ուժեղ մրրիկները բազմացած են եւ դարձած` աւելի սաստիկ: Անոնք կը փճացնեն վիշապածառերը: 2015 եւ 2018 թուականներու փոթորիկները նոյնիսկ տապալած են հարիւրամեայ ծառեր: Ասոր կողքին, ներխուժող այծերը կ՛ուտեն փոքրիկ թուփերն ու ծառերը` առանց անոնց ժամանակ տալու, որ աճին:
* * *
Սոքոթրայի բնակիչները կը փորձեն պահպանել այս ծառերը, որպէսզի կղզին չկորսնցնէ իր այս հարստութիւնը: Օրինակի համար, անոնք նոր տունկեր կ՛աճեցնեն տնկարաններու մէջ: Այս գոց եւ պահպանուած վայրերուն մէջ այծերը չեն կրնար մտնել, եւ տարբեր տեսակի բոյսերը կը պատրաստուին տոկալու համար կլիմայի փոփոխութեան դէմ: Իրենց այս աշխատանքներուն համար կղզիին բնակչութիւնը կը փափաքի օգնութիւն ստանալ Եմէնի պետական պատասխանատուներէն: Սակայն, դժբախտաբար, այժմ անոնք աւելի մտահոգ են տիրող քաղաքական կացութեամբ եւ պատերազմով, քան` բնութեան պահպանումով…
* * *
– Հետաքրքրական: Գիտէի՞ր, թէ Սոքոթրայի բնակիչները, որոնց թիւը կը հասնի 42 հազարի, կը խօսին սոքոթրի լեզուն: Ասիկա լեզու մըն է, որ չի գրուիր:
Գիտէի՞ր, Թէ…
– Սահարայի անապատին միայն մէկ քառորդը աւազոտ է: Այս հսկայական անապատին մեծ մասը ծածկուած է խիճերով, սակայն ան ունի նաեւ իրեն յատուկ լեռնաշղթաները եւ ովասիսները:
Սակայն, անշուշտ, ան աշխարհի ամէնէն ընդարձակ անապատը չէ, որովհետեւ…
– Անթարքթիքան է աշխարհի ամէնէն ընդարձակ անապատը: Անթարքթիքայի բեւեռային անապատը կը ծածկէ ամբողջ Անթարքթիքայի ցամաքամասը, այսինքն` աւելի քան 14 միլիոն քառակուսի քմ:
– Վերջապէս, Նոր Զելանտայի կղզին մաս կը կազմէ շատ աւելի մեծ ցամաքամասի մը, որուն մեծ մասը ջուրերուն տակը ընկղմած է: Նոր Զելանտայի տարածքը մարդոց կողմէ «գտնուեցաւ», երբ վերջապէս անոնք կարողութիւնը ունեցան անջրպետ երթալու եւ կրցան զայն տեսնել այդ բարձունքներէն: Կարգ մը գիտնականներ նոյնիսկ կը հաստատեն, որ ան պաշտօնապէս պէտք է ճանչցուի իբրեւ երկրագունդի 8-րդ ցամաքամասը:
Մտածենք
Ներկարարութեան Աշխատանքներ
Փոքրիկ թաղամասի մը բնակիչները կ՛ուզեն իրենց տուները ներկել տալ: Անոնք դիմեցին ներկարարի մը, որպէսզի ան կատարէ բոլոր աշխատանքները:
Հետեւելով վարի տեղեկութիւններուն` փորձէ հասկնալ, թէ իւրաքանչիւր տուն ի՛նչ գոյնով պիտի ներկուի եւ որքա՛ն ներկի պիտի կարօտի:
1.- Փայտով տան համար պէտք կայ երկու անգամ աւելի ներկի, քան` բարձր պատուհան ունեցող տան համար, առաւել` պզտիկ թուփերով շրջապատուած տան համար գործածուելիք ներկի տուփերը:
2.- Քարերով տան համար պիտի գործածուի երկու անգամ աւելի ներկ, քան` թուփերով տան ներկը:
3.- Թուփերով տունը ներկելու համար ներկարարը պէտք պիտի ունենայ 3 տուփ ներկի:
4.- Ցանկապատով տան ծախսը երեք անգամ աւելի պիտի ըլլայ, քան` քարով շինուած տան ծախսը:
5.- Կլոր պատուհանով տան համար հարկ կայ թուփերով տան գործածուելիք ներկի եւ քարերով տան գործածուելիք ներկի քանակը: