Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կանուխ Աշուն Մը

Սեպտեմբեր 13, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ճիշդ է, որ վերամուտ է, սակայն աշունը պաշտօնապէս տակաւին չէ սկսած: Հակառակ ասոր` հիւսիսային կիսագունդին մէջ բազմաթիւ տեղեր մենք կը տեսնենք արդէն ծառեր, որոնք կը կորսնցնեն իրենց տերեւները…

Այս երեւոյթին գլխաւոր պատճառն է չորութիւնը:

* * *

– Ինչպէ՞ս կը բանին ծառին տերեւները

– Տերեւին վրայ գոյութիւն ունին միլիոնաւոր փոքրիկ ծակտիկներ: Անոնք կը բացուին եւ կը գոցուին. այս ձեւով անոնք կարելիութիւն կու տան տերեւին եւ դուրսի միջավայրին հետ կազերու փոխանակում կատարելու:

– Այդ ծառերուն միջոցով է, որ ծառը «կը ծծէ» թթուածինը եւ դուրս կը վանէ բնածխական կազը: Բոլոր կենդանի էակներու նման` ծառն ալ կը շնչէ:

– Ծառը նաե՛ւ կը քրտնի: Ջուրի շոգիները դուրս կու գան այդ ծակերուն միջոցով: Ասիկա շարժում մը կը ստեղծէ ծառին մէջ, եւ աւիշը կը բարձրանայ մինչեւ ծառին գագաթը:

– Տերեւներուն քլորոֆիլը ամբողջ օրուան ընթացքին (գարնան եւ ամրան, եւ քիչ մըն ալ աշնան ու ձմրան) կը ստանայ արեւուն լոյսը:

– Ծակերը կը կլանեն բնածխական կազը:

– Մինչ արմատները գետնէն կը հաւաքեն ջուրը եւ տարբեր հանքային աղեր:

– Այս 4 տարրերով` լոյս, բնածխական կազ, ջուր եւ հանքային աղեր, ծառը կը շինէ շաքար: Այս երեւոյթն ճանչցուած է ֆոթոսենթեզիս անունով: Այս շաքարն է, որ աւիշին ընդմէջէն կը սնուցանէ ծառը, զայն կենդանի կը պահէ եւ կ՛աճեցնէ:

– Երբ ֆոթոսենթեզիսի գործողութիւնը կը վերջանայ, կը մնայ թթուածինը, որ անօգուտ է այլեւս ծառին: Ծառը դուրս կը մղէ իբրեւ «աղբ», տերեւին ծակերուն ընդմէջէն:

– Եւ այս ձեւով, թթուածին արձակելով, ծառը մեծ օգուտ կը բերէ մեր մոլորակին:

– Ինչո՞ւ ծառերը իրենց տերեւները սկսան կորսնցնել

Այս տարի, հակառակ անոր որ տակաւին աշուն չէ, հիւսիսային կիսագունդին տարբեր շրջաններու ծառերը սկսան արդէն կորսնցնել իրենց տերեւները: Ասոր պատճառը պարզ է: Չորութեան պատճառով, ծառերը նուազ ջուր կը գտնեն հողին մէջ:

Հետեւաբար ծառերը իրենց տերեւները կը զոհեն կարենալ ապրելու համար: Այդ շատ քիչ քանակով ջուրը իրենց մէջ պահելու համար ծառերը կը դադրին քրտնելէ: Անոնք կը գոցեն տերեւներուն ծակերը` չկորսնցնելու համար յարգի ջուրը: Այս երեւոյթը արգելք կ՛ըլլայ, որ տերեւները սնանին: Եւ իբրեւ հետեւանք` անոնք կը չորնան եւ կը թափին:

Այս գործողութիւնը կը յոգնեցնէ ծառերը, յատկապէս` փոքր ծառերը, որովհետեւ ան կը դանդաղեցնէ անոնց աճը:

– Ինչո՞ւ տերեւները թափելէ առաջ դեղին, նարնջագոյն կամ սրճագոյն կը դառնան

Աշնան, երբ նուազ լոյս կայ, կամ երբ օդը շատ չոր է, ծառերը նուազ քլորոֆիլ կը շինեն: Քլորոֆիլն է, որ տերեւներուն կու տայ անոնց կանաչ գոյնը: Հետեւաբար, երբ կանաչ գոյնի մասնիկները կը նուազին կամ կ՛անհետանան, միւս գոյնի մասնիկները ի յայտ կու գան:

5 Տարեկան Ալեք Վանի
Երազը Կ՛իրականանայ

Ալեք Վան Խաչատուրեանի սէրը դաշնակին հանդէպ սկսաւ, երբ ան տակաւին մանուկ էր: Այդ փոքր տարիքին արդէն ան իր մատիկներով դաշնակին ձայներուն հետ «կը խաղար»` մեծ ժպիտ մը դէմքին:

Չորս տարեկանին ան նուագահանդէսներու կը մասնակցէր` նուագելով դասական երաժշտութեան կտորներ Պախէն եւ Պեթհովէնէն:

Այս մեծ տաղանդին կողքին, ան օժտուած է նաեւ երաժշտական իր կատարեալ լսողութիւն ունենալու ձիրքով: Այս հազուագիւտ կարողութիւնը կ՛ունենան 100 հազար անձերէ մէկը միայն: Ալեք կրնայ պարզ լսողութեան մը ընթացքին ճանչնալ ճիշդ երաժշտութեան տաղը:

Այս փոքրիկ հրաշալի երաժիշտը արդէն արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու` տարբեր միջազգային մրցոյթներու ընթացքին: Իսկ հիմա 5 տարեկան Ալեք Վան Խաչատուրեան դարձաւ Նիւ Եորքի նշանաւոր «Քարնըկի հոլ» հանդիսասրահին մէջ հանդէս եկած ամէնէն փոքր տարիքի երաժիշտը:

20 յուլիս 2025-ին Նիւ Եորքի դասական երաժշտութեան սկսնակներու մրցանակներու Կալայի հանդէսին ան բեմ բարձրացաւ ինքնավստահ եւ անսխալ ներկայացուց երկու դասական երաժշտական կտորներ: Այս տարեկան ձեռնարկին կը մասնակցին աշխարհի չորս կողմերէն տաղանդաւոր երաժիշտներ:

 

Հետաքրքրական

Կարճ Հարցարան

1) Եթէ փոս մը փորենք երկրագունդի մակերեսին` սկսելով Արժանթինէն, ո՞ւր պիտի հասցնէ մեզ այդ փոսը:

2) Քանի քիթ ունի խխունջը:

3) Ո՞րն է միակ անասունը, որ չի կրնար ցատկել:

4) Ինչո՞ւ փոփ-քոռնը կը պայթի:

5) Մեղուները ինչպէ՞ս իրարու հետ կը հաղորդակցին:

6) Ո՞րն է մարդկային մարմնին ամէնէն ծանր գործարանը:

7) Ի՞նչ գոյն ունի ընձուղտին լեզուն, եւ ինչո՞ւ:

8) Ո՞րն է միակ քարը, որ ջուրին վրայ կը ծփայ:

9) Ինչո՞ւ գորտերը իրենց աչքերը կը թարթեն ուտելու ժամանակ:

10) Քանի՞ սիրտ ունի որդը:

Պատասխանները վերջաւորութեան

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Թելիին ո՞ր ծայրը պիտի հասցնէ կծիկին:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած վարի ցանկին թիւերը:

———-

Պատասխաններ

1-Հնդկաց Ովկիանոս, 2-4, 3-Փիղը, 4-Հատիկին մէջի ջուրը շոգիի կը վերածուի` յառաջացնելով ճնշում մը մինչեւ պայթիլը, 5- Պարելով, 6-Լեարդը, 7-Գոց մանիշակագոյն` արեւահար չըլլալու համար, 8-Չեչքարը, 9-Ուտելիքը իրենց կոկորդէն վար նետելու համար, 10-5:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. «Մօտալուտ» Յարձակումի Զգուշացումը

Յաջորդը

Նախագահ Խաչատուրեանը Կը Նսեմացնէ Սփիւռքին Աջակցութիւնը Հայաստանին

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?