Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ամառ է: Առիթները շատ են զովանալու համար պաղպաղակ ուտելու, կամ հաւաքոյթներու ատեն անուշեղէններ ու կարկանդակներ ուտելու: Իսկ այս յատկապէս ուտելիքները մեծ քանակով շաքար կը պարունակեն…
Այո՛, ճիշդ է, որ շաքարը համով է… ու նաեւ` ուղեղին համար լաւ: Սակայն ուշադրութի՛ւն. բոլոր շաքարները մեր առողջութեան համար լաւ չեն: Մենք պէտք է գիտնանք զանազանել օգտակար եւ ո՛չ օգտակար շաքարներուն միջեւ:
* * *
Այն շաքարը, որ բնականօրէն կը գտնուի ուտելիքի մը մէջ, մեր մարմնին համար կարեւոր «վառելանիւթ» մըն է. մեր բոլոր գործարանները շաքարի պէտք ունին լաւ բանելու համար, յատկապէս` ուղեղը:
Հետեւաբար, ինչո՞ւ կ՛ըսուի, թէ շաքարը առողջապահութեան համար վտանգաւոր է: Որովհետեւ գոյութիւն ունին երկու տեսակի շաքարներ: Բարդ շաքարները մեր մարմնին համար լաւ են. անոնք ներկայ են` բուսալիւրով ուտելիքներուն մէջ, բանջարեղէններուն եւ պտուղներուն մէջ, կամ հացահատիկներուն մէջ:
Ապա, ասոր կողքին, կան պարզ շաքարները, որոնք ուտելիքի մը վրայ կ՛աւելցուին: Անոնց համը դիւրութեամբ կը զանազանուի պոնպոններուն, կարկանդակներուն կամ պաղպաղակներուն մէջ: Այս տեսակի շաքարը կը գտնենք գրեթէ բոլոր ճարտարարուեստական կերպով շինուած ուտելիքներուն մէջ, նոյնիսկ երբ անոնք աղի են, ինչպէս` համպըրկըրները կամ փիցցաները:
Շաքարը մեծ քանակով եւ երկար ժամանակի վրայ մեծ վտանգ է մեր առողջութեան համար: Ան կրնայ յառաջացնել ակռայի փտումներ, սաստիկ գիրութիւն (օպեզիթի), շաքարախտ, կամ սրտի հիւանդութիւններ: Սակայն հարցը այն է, որ մեր ուղեղը շաքար շատ կը սիրէ: Ամէն շաքարոտ ուտելիքի հետ ան կ՛արձակէ տոփամին` մարմնի մանր հորմոն մը, որ հանգստութեան զգացում կը պատճառէ եւ միշտ աւելի շաքար սպառելու պահանջը կը յառաջացնէ, եւ ասիկա կրնայ սովորութիւն դառնալ:
* * *
Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը կը յանձնարարէ օրական 25 կրամ աւելցուած շաքարի քանակը (այսինքն` 4 կտոր շաքար) չանցընել: Դժբախտաբար այս քանակը շատ շուտ կը բարձրանայ: Օրինակի համար, երբ մենք թիթեղ մը կազային խմիչք մը կը խմենք, անոր մէջի շաքարը հաւասար է 7 կտոր շաքարի… Հետեւաբար առողջ մարմին մը ունենալու համար խուսափինք շատ փոխուած ուտելիքներէ, որոնք յաճախ շատ շաքարոտ են… եւ կանոնաւոր կերպով շարժինք ու մարզանք ընենք:
Գիտէի՞ր, Թէ…
– Միջին հաշուով անձ մը օրական 15 անգամ կը խնդայ:
– Միջին հաշուով անձ մը ամսական մօտաւորապէս երկուքուկէս օր կ՛անցընէ կորսուած առարկաներ փնտռելով:
– Գոյութիւն ունին տուրմ-ծաղիկներ, որոնք տուրմի հոտ ունին, եւ որ կարելի է ուտել:
– Էվերեսթի գագաթին կարելի է բջիջային հեռաձայնային կապ ունենալ:
– Իսկ եթէ կարենայինք Էվերեսթը ովկիանոսին յատակը տեղադրել, անոր գագաթը ջուրի մակերեսէն մօտաւորապէս 1.6 քմ ցած պիտի ըլլայ:
– Մեր շնչած ամբողջ թթուածինին 20 առ հարիւրը կը գործածուի մեր ուղեղին կողմէ:
– Մեր բոլորին ծանօթ Ճեսիքա անունը հնարած է Շէյքսփիր` իր «Տը Մըրչընթ օֆ Վենիս» (Վենետիկի վաճառականը) թատերախաղին մէջ:
– Խաղաղական ովկիանոսը նուազ աղի է, քան` Ատլանտեան ովկիանոսը:
– Խաղալքարտերուն տրցակին մէջ բոլոր թագաւորները պեխ ունին, բացի սրտի թագաւորէն:
– Եթէ փոս մը փորես մինչեւ երկրագունդին կեդրոնը եւ անոր մէջ գիրք մը նետես, ան 42 վայրկեանէն պիտի հասնի մինչեւ յատակ:
– Համացանցի վրայ Կուկըլ փնտռտուքի կայքէջը սկիզբը կը կոչուէր Պեքրապ: Ապա անոր տրուեցաւ Կուկըլ անունը, որ եկած է կուկոլէն, որ կը ներկայացնէ թիւ մը, որուն կը հետեւին 100 զերոներ:
– Մարդ արարածը չի կրնար էջք կատարել Լուսնթագի, Երեւակի, Ուրանոսի եւ Պոսիտոնի վրայ, որովհետեւ անոնք բաղկացած են կազէ եւ հաստատուն մակերես մը չունին:
– Սակայն կարելի է սառոյցի վրայ չմշկել Լուսնթագի լուսիններէն Եւրոպայի վրայ, որ սառոյցով ծածկուած է:
– Ուաշինկթընի մէջ Սպիտակ Տուն նախագահական պալատը ունի 132 սենեակներ, որոնց 35 հատը բաղնիքներ են:
Իսկ Լոնտոնի մէջ Պաքինկհամ թագաւորական պալատը օժտուած է 775 սենեակներով, որոնց 78-ն բաղնիքներ են:
– Բարեւելու ընթացքին ձեռք թօթուելու սովորութիւնը եկած է հին ժամանակներէն, երբ մարդիկ իրարու ձեռք կը թօթուէին ցոյց տալու համար, որ իրենք զինուած չեն:
– Ճափոնի մէջ տակաւին կարելի է իջեւանիլ աշխարհի ամէնէն հին պանդոկին մէջ: Նիշիյմա Օնսեն Քեունքան պանդոկը հիմնուած է Ք. Ե. 705 թուականին:
– Մարդոց 12 առ հարիւրը սեւ եւ ճերմակ երազներ կը տեսնէ:
Մտածենք
Խաղավայրին Մէջ
Խումբ մը ընկերներ որոշեցին իրարու հանդիպիլ խաղավայրին մէջ եւ միասին ժամանակ անցընել: Վարի բացատրութիւններուն հետեւելով` փորձէ գիտնալ անոնցմէ իւրաքանչիւրին անունը:
1.- Վաչէն ունի 3 անիւով խաղալիք հեծիկ մը:
2.- Վահիկին եւ Լեւոնին հեծիկները նոր են:
3.- Ալինը կեցած է Վահիկին մօտ:
4.- Թալինը հեծիկ չի քշեր:
5.- Գէորգը գլխարկ դրած է եւ կը գտնուի իր քրոջ մօտ:
6.- Դանիէլին հեծիկին անիւը պայթած է:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ թիւերուն տեղերը: