Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Աշխարհի շուրջ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ապացուցած են, որ կապոյտը մարդոց մեծամասնութեան նախասիրած գոյնն է:
Կապոյտը մաս կը կազմէ հիմնական երեք գոյներու խումբին` դեղինին եւ կարմիրին կողքին: Ան շատ սիրուած է եւ կը գործածուի ամէն տեղ` արուեստին մէջ, հագուստներու համար (գործի հագուստներ, ճինզեր…), զարդարանքներու համար… Ան երբեմն կը նշուի սայէն անունով: Գոյութիւն ունին կապոյտի հարիւրաւոր երանգներ` մութ, բաց, կանաչի մօտեցող: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի նաեւ իր յատուկ անունը, երկինքի կապոյտ, թագաւոր կապոյտ, թիւրքուազ, էնտիկօ, փեթրոլ կապոյտ…
Բնութեան մէջ ան լոյսը կազմող գոյներուն մաս կը կազմէ: Ան գոյնն է երկինքին, ծովուն եւ երբեմն նոյնիսկ` սառոյցին: Գոյութիւն ունին կապոյտ գոյնով անասուններ, քարեր կամ ծաղիկներ:
Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել կապոյտ գոյնին այս մեծ ժողովրդականութիւնը: Կապոյտ գոյնը յաճախ կը կապուի դրական զգացումներու հետ, ինչպէս` վստահութիւնը, խաղաղութիւնը, կայունութիւնը, ծովը եւ երկինքը: Ան յաճախ կը համարուի իբրեւ ախորժելի գոյնը տեսողութեան համար:
Սակայն, ասոր կողքին, ան կրնայ նաեւ ներկայացնել տխրութիւնը, ինչպէս` 19-րդ դարուն Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնած պլուզ երաժշտութիւնը (պլու անգլերէնով կը նշանակէ կապոյտ): Այս եղանակները եւ երգերը կը պատմեն սեւամորթ ստրուկներուն ցաւը եւ ապրած տանջանքը: Նոյն ձեւով, անգլերէնով «Թու ֆիլ պլու»` «Կապոյտ զգալ», կը նշանակէ տխուր եւ մելամաղձոտ ըլլալ:
Ընդհանրապէս կապոյտը զովութեան զգացումը կու տայ նաեւ, մինչ կարմիր գոյնը կը ներկայացնէ տաքութիւնը: Տաք երկիրներուն եւ կղզիներուն մէջ մենք շինութիւններու վրայ (պատուհան, դուռ…) յաճախ կը հանդիպինք կապոյտ մանրամասնութիւններու: Իսկ Սահարայի մէջ բնակող թափառաշրջիկ թուարեկներու ցեղախումբը ճանչցուած է իրենց էնտիկօ կապոյտ գոյնով հագուստնեով: Սակայն որովհետեւ ան մեզի կու տայ լրջութեան տպաւորութիւն մըն ալ մենք անոր կը հանդիպինք ճամբաներու նշաններու պաստառներուն վրայ, ոստիկաններուն եւ նաւաստիներուն տարազաներուն վրայ, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ տարբերանշաններու վրայ:
Հին Եգիպտացիներուն Գործածած Կապոյտ Գոյնը
Հին Եգիպտոսի մէջ փայտը եւ քարերը յաճախ կապոյտ կը ներկուէին: Այս գոյնը պատրաստելու համար ներկի փոշին կը շինուէր: Ան շատ աւելի աժան էր, քան` բնական նիւթերէ (թիւրքուազ կամ լափիս-լազիւլի քարերէն եկած) պատրաստուած փոշին, որ կը գնուէր հեռաւոր Ասիայէն:
Ժամանակի ընթացքին մարդիկ դադրած են այս փոշին գործածելէ, եւ այս «եգիպտական կապոյտին» պատրաստութեան ձեւը մոռցուած է:
Սակայն Միացեալ Նահանգներու մէջ գիտնականներ կրցած են վերաստեղծել այս «Գերարուեստական» փոշին: Անոնք եգիպտական հին առարկաներուն վրայէն առած են ներկի նմուշներ, խառնուրդներ փորձած են, ապա պատրաստութեան տարբեր տեւողութիւններ եւ եփելու տարբեր աստիճաններ, մինչեւ որ վերջապէս կրցած են դարձեալ ստանալ ճիշդ «եգիպտական կապոյտը»:
Գիտէի՞ր, Թէ
– Երկրագունդը ճանչցուած է իբրեւ «Կապոյտ մոլորակ»:
– Կապոյտ կէտը աշխարհի ամէնէն մեծ անասունն է:
– Ծովուն կապոյտ գոյնը կը յառաջանայ, երբ ջուրը կը կլանէ եւ կ՛արտացոլացնէ արեւուն լոյսը:
– Աշխարհի բնակչութեան 8 առ հարիւրը կապոյտ աչքեր ունի:
– Կապոյտը ակռայի խոզանակներու նախասիրուած գոյնն է:
– Պլու ճինզ տաբատներու անունը եկած է կերպասին գոյնին անունէն:
2000 Տարուան Կօշիկներ
Գտնուած Են Անգլիոյ Մէջ
Անգլիոյ հիւսիսը կը գտնուի հռոմէական օրերէն մնացած նշանաւոր պաշտպանողական պատ մը, որ ճանչցուած է Ատրիէնի պատ անունով:
Այս սահմանային շրջանի վրայ գտնուած պատը շինել տուած էր հռոմէացի կայսր Ատրիէն, ՔԵ 122-127 թուականներու միջեւ: Այս պատը կը նշանակէր հռոմէական կայսրութեան հիւսիսային սահմանը:
Այս պատին մօտն է, որ գտնուած են 2000 տարուան շատ մեծ չափի կաշիէ 8 կօշիկներ: 48-50 չափի այս կօշիկները գտնուած են շատ լաւ պահուած վիճակի մէջ, պատին կառոյցներէն մէկուն տակը պեղումներու ընթացքին: Անոնք կը պատկանէին հռոմէացի զինուորներու:
Գիտէի՞ր, թէ…
Շնորհիւ իրենց բանակին` հռոմէացիները նուաճեցին ընդարձակ տարածքներ: ՔԱ 3-րդ դարէն արդէն Հռոմը կ՛իշխէր ամբողջ Իտալիոյ վրայ:
400 տարիներ ետք հռոմէական կայսրութիւնը կը տարածուէր Միջերկրական ծովուն շուրջ, ներկայիս իբրեւ Անգլիա ճանչցուած տարածքէն մինչեւ Հիւսիսային Ափրիկէի Սահարան:
Մտածենք
Աշխարհի Չորս Կողմէն Ընկերներ
Աշխարհի չորս կողմէն ընկերներ կ՛որոշեն ամառը միասին անցընել իրենց պապենական երկրին` Հայաստանի մէջ: Վարի բացատրութիւններուն հետեւելով` կրնաս գիտնալ, թէ իւրաքանչիւրը ո՛ր երկրէն եկած է:
1.- Այն անձերը, որոնք եկած են Արժանթինէն, Փերուէն եւ Սպանիայէն, սեւ մազեր չունին:
2.- Քոլոմպիայէն եկած տղան ակնոց չունի:
3.- Պրազիլէն եւ Արժանթինէն եկած տղաքը ոտքի կեցած են:
4.- Փերուէն եկած տղան ֆութպոլ չի սիրեր:
5.- Պրազիլէն եկած տղուն ձախ կողմը մէկը չէ կեցած:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու պատկերները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած մանրամասնութիւնները:
Մանրամասնութիւնները իրենց համապատասխանող տուփիկներուն մէջ գծէ յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը: