Դէպի Օօրուս Աշխարհի Ամէնէն Երջանիկ Քաղաքներէն Մէկը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Գարնանային այս առաջին օրերուն, քիչ մը մթնոլորտ փոխելու համար ուղղուինք դէպի Դանիոյ երկրորդ ամէնէն մեծ քաղաքը` Օօրուս, ուր կեանքը բաւական հանդարտ է: * * * Օօրուս կը գտնուի Եւրոպայի հիւսիսը եւ ունի աւելի քան 370 հազար բնակիչ: Ան ծովեզերեայ քաղաք մըն է եւ ունի նաւահանգիստ մը: Ան շատ ծանօթ քաղաք մը չէ, սակայն անոր կեանքի որակը...




















