Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մենք գիտենք, որ երկրագունդը արեւուն շուրջ կը դառնայ մէկ տարիէն (մօտաւորապէս` 365 օր): Ան քիչ մը շեղակի կը կանգնի արեւուն համեմատած: Հետեւաբար անոր կիսագունդերը նոյն քանակով արեւու ճառագայթներ եւ ջերմութիւն չեն ստանար տարուան ընթացքին յատուկ ժամանակի մը: Այս պատճառով է, որ եղանակները գոյութիւն ունին: Գարունը, ամառը, աշունը եւ ձմեռը` իւրաքանչիւրը իր կարգին կը տեւէ 3 ամիս:
* * *
22 կամ 23 սեպտեմբերին հիւսիսային կիսագունդին աշնանային գիշերահաւասարի օրն է: Այս օրուան ընթացքին ցերեկը եւ գիշերը նոյն տեւողութիւնը ունին, այսինքն` 12 ժամ: Այս օրը կը նշէ աշնան եղանակին սկիզբը:
* * *
Աշնան ընթացքին բնութեան կեանքը կը դանդաղի: Արեւը նուազ կիզիչ կ՛ըլլայ, եւ օդը` նուազ պայծառ ու միշտ աւելի ցուրտ: Ցերեկային ժամերը կը կարճնան, եւ ամէն գիշեր աւելի կանուխ կը մթննայ:
Աշնան այս առաջին օրը մեծ տօնակատարութիւններով կ՛ընդունուի Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ: Նամոփի տօնը կը վերադառնայ ամէն աշնանային գիշերահաւասարի օրը: Լիթուանեան լեզուով նամոփի կը նշանակէ «դէպի տուն»: Այս տօնը կրօնական բնոյթ չունի, անիկա պարզապէս առիթ մըն է տօնելու լոյսին ներկայութիւնը` նախքան անոր նուազիլը: Բնակիչները կը հրաւիրուին իրենց հետ այս լոյսէն ուժ եւ տաքութիւն տանելու տուն, ուր անոնք պիտի ապաստանին ձմրան եղանակին:
Այս տարի աշնան գիշերահաւասարի օրը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 22 սեպտեմբերին: Նամոփիի տօնակատարութիւնները սկսան գիշերուան ժամը 8:00-ին, Վիլնուսի հանրային պարտէզներէն մէկուն մէջ գտնուող Սեղանի բլուրին վրայ:
Տօնակատարութիւններուն ընթացքին բազմաթիւ կրակի խաղերու ներկայացումներուն կողքին, մարդիկ կ՛այրեն նաեւ յարդէ մեծ արձաններ, որոնք յաճախ կը ներկայացնեն առասպելական դէմքեր կամ քաղաքին խորհրդանշական պատկերներ: Կրակը կեդրոնական դեր ունի այս տօնակատարութիւններուն ընթացքին: Ան կը խորհրդանշէ արեւուն մեզի նուիրած հարստութիւնները` ջերմութիւն, լոյս, բերք: Հին ժամանակներուն այս կրակը կը գործածուէր նաեւ հեռաւոր տեղերէ իրարու լուրեր փոխանցելու:
Տօնակատարութիւնները կ՛ընդգրկեն նաեւ աւանդական երաժշտութիւն, պարեր, ներկայացումներ… Այս արարողութիւններուն մաս կը կազմէ նաեւ մոմեր վառելու սովորութիւնը: Մասնակցողները եւ յատկապէս փոքրիկները կը հրաւիրուին գետնին վրայ մոմեր զետեղելով կազմել խորհրդանշաններ եւ զանոնք վառել` հրապուրիչ տեսարան մը յառաջացնելով:
Վերջապէս, տօնակատարութիւնները վերջ կը գտնեն, անցած հունձքին համար երախտագիտութեան ճանաչումի շարժումներով եւ տարուան աւելի մութ ու լուրջ ժամանակաշրջանին ժամանումին ընդունելութեամբ:
Սուփըր Մարիօ 40 Տարեկան Է
Կապարագործ պեխաւոր Մարիոն Նինթենտօ վաճառանիշին նշանաւոր կերպարներէն մէկն է: Նոյնիսկ եթէ դուք անոր խաղերը չէք խաղացած, բայց վստահաբար անոր դէմքը ձեզի ծանօթ է:
«Սուփըր Մարիօ Պրոս». առաջին վիտէօ խաղը Ճափոնի մէջ շուկայ իջած է 13 սեպտեմբեր 1985-ին, ապա` մէկ ամիս ետք, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:
Եւ վերջապէս ան Եւրոպա հասած է 1987-ին: Այս վիտէօ-խաղէն ծախուած է 40 միլիոն օրինակ: Խաղին մէջ Մարիոն պէտք է փրկէ Փիչ իշխանուհին: Այդ ժամանակաշրջանին խաղի գործիքին վրայ կարելի էր հերոսը շարժել միայն ձախէն աջ:
Մարիոն տակաւին մեծ յաջողութիւն կը գտնէ. տարիներու ընթացքին ան ենթարկուած է փոփոխութիւններու եւ մեծ յառաջդիմութիւններու: Մարիոյի կերպարը դարձած է նոյնիսկ խաղավայրի եւ շարժապատկերներու հերոս:
Ձեռային Աշխատանք
Աշնանային Մթնոլորտ
Եթէ դուն յատկապէս աշունը սիրող անձերէն մէկն ես, հետեւաբար պիտի սիրես աշնանային այս թուղթէ «խճանկարը»:
Պէտք պիտի ունենաս պարզապէս քիչ մը հաստ թուղթի եւ մատիտ ներկերու:
Պզտիկ 10×10 սմ կողմ ունեցող քառակուսի թուղթի կտորը անկիւններէն երկուքի ծալէ եռանկիւն մը ստանալու համար: Ծալածքին եւ անոր դիմացի կողմին վրայ գծէ երկու տերեւներու կէսը եւ կտրէ զանոնք:
20×20 սմ քառակուսի թուղթի մը վրայ գծէ չորս անկիւններէն շեղակիները եւ ուղղահայեաց ու հորիզոնական մէջտեղէն անցնող ուղիղ գիծերը:
Կտրած կէս տերեւները գործածէ իբրեւ կաղապար այդ մեծ քառակուսին տարբեր գիծերուն վրայ անոնց շրջագիծը գծելով, ինչպէս նշուած է պատկերին մէջ` լման տերեւներու պատկերը ստանալու համար: Կրնաս նաեւ դուն քու նախընտրած տերեւներուդ ձեւեր գծել եւ չհետեւիլ անպայման տրուած տերեւի օրինակին:
Աշնանային գծանկարդ պատրաստէ: Կրնաս զայն ներկել քու նախասիրած գոյներովդ, կամ ընտրել միայն աշնանային տաք գոյներ:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը: