Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Դպրոցներուն մեծամասնութիւնը արդէն դռները փակած է, կամ փակելու վրայ է: Սակայն մեր հիւսիսային կիսագունդին մէջ ամրան տաք եղանակը տակաւին նոր սկսաւ: Հիւսիսային կիսագունդին մէջ ամրան եղանակը կը սկսի 21 յունիսին, որ ճանչցուած է նաեւ իբրեւ ամառնային արեւադարձի օրը, երբ հիւսիսային բեւեռը առաւելագոյն չափով թեքած է դէպի արեւ: Իբրեւ արդիւնք` այդ շրջաններու բնակիչները պիտի վայելեն 2025-ի ամէնէն երկար տեւող ցերեկը, մինչ այդ հարաւային կիսագունդին մէջ բնակիչները պիտի դիմաւորեն ձմեռը եւ ապրին տարուան ամէնէն կարճ ցերեկը:
Արեւադարձի օրուան տօնակատարութիւնները կրնան տեւել ամբողջ օրը:
Սակայն աստղագիտական երեւոյթը տեղի կ՛ունենայ ճիշդ այն վայրկեանին, երբ արեւը կը հասնի հասարակածէն ամէնէն հեռու գտնուող հիւսիսային կէտին:
Այս տարի այս երեւոյթը տեղի ունեցաւ 21 յունիսին առտուան ճիշդ ժամը 5:42-ին:
Հիւսիսային կիսագունդին բոլոր երկիրները պիտի վայելեն արեւուն լոյսը նուազագոյնը 12 ժամ, 21 յունիսին: Սակայն անոնք, որոնք կը գտնուին Հիւսիսային բեւեռին աւելի մօտ, զայն պիտի վայելեն աւելի երկար ժամանակ:
Օրինակի համար Միացեալ Նահանգներու մէջ Նիւ Եորք քաղաքը լոյս պիտի ունենայ աւելի քան 15 ժամ, մինչ Անգլիոյ մէջ Լոնտոն քաղաքը արեւուն լոյսը պիտի վայելէ աւելի քան 18 ժամ: Վերջապէս, Շուէտի Սթոքհոլմ քաղաքին մէջ այդ օրը ցերեկը պիտի տեւէ 21 ժամ: Իսկ հիւսիսային Նորվեկիոյ կարգ մը շրջաններուն մէջ արեւը մար պիտի չմտնէ բազմաթիւ օրեր:
* * *
Այս ամառնային արեւադարձի օրը աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ կը տօնուի իւրայատուկ սովորութիւններով: Այս սովորութիւններէն ամէնէն հին տօնակատարութիւններէն մէկը տեղի կ՛ունենայ Անգլիոյ Սթոնհենճ շրջանին մէջ: Այս նախապատմական կառոյցը շինուած է աւելի քան 4000 տարիներ առաջ, շրջանաձեւ կանգնեցուած հսկայական ժայռերով: Այդ ժայռերը շատ ճշգրիտ ձեւով զետեղուած են յարմարելու ամառնային արեւադարձի օրուան արեւու ծագումին: Ամէն տարի հազարաւոր անձեր հոն կը հաւաքուին` ներկայ կարեւոր դէպքին ուղղակիօրէն ներկայ գտնուելու համար:
Շուէտի, Նորվեկիոյ եւ Ֆինլանտայի մէջ միտսամըր անունով ճանչցուած տօնակատարութիւնը տարուան ամէնէն կարեւոր տօներէն մէկն է:
Մարդիկ այդ օրը կը տօնեն` բացօթեայ պարերով, խարոյկներով, ծաղիկի թագերով եւ աւանդական ճաշերով: Եւ այդ ուրախ երգերուն եւ պարերուն կեդրոնը տնկուած է կանաչ բոյսերով եւ ծաղիկներով զարդարուած «Մայիսեան ծառը», երկար ձող մը:
Իսկ ծովուն միւս կողմը` Իսլանտայի մէջ կը տօնուի խորհրդաւոր արեւադարձի փառատօնը, որ կը նախատեսէ երեք օր տեւող հանդիսութիւններ, երաժշտական եւ պարերու նեկայացումներ` աշխարհի չորս կողմերէն եկած արուեստագէտներու կողմէ, գրեթէ 72 ժամ տեւող երկար «ցերեկի» մը ընթացքին:
Հետաքրքրական
Գիտէ՞իր, թէ կովերը ունին իրենց մօտիկ բարեկամները, ուսումնասիրութեան մը ընթացքին փաստուած է, որ կովերը մօտիկ կապ կը հաստատեն նախիրին մէջ կարգ մը անասուններու հետ: Եւ անոնք անհանգիստ կը զգան, երբ կը բաժնուին իրենց այդ ամէնէն մօտիկ «բարեկամներէն»: Այս ընտանի անասունները նախիրին հաղորդակցութեան խրթին ցանց մը կը կազմեն:
Անգլերէնին մէջ ամէնէն երկար բառը 189 հազար գիրերէ կազմուած է: Սակայն ան ճանչցուած է, իր կրճատուած ձեւին տակ` Թիթին, որ փրոթէինի քիմիական անունն է: Անոր իսկական անունը արտասանելը կրնայ ժամեր տեւել:
Աշխարհի ամէնէն մեծ չոր անապատը սկզբնական շրջանին արեւադարձային ծով մը եղած էր: Սահարայի աւազոտ անապատը սկզբնական շրջանին չոր տարածք մը չէր: Միլիոնաւոր տարիներ առաջ, ան ծածկուած էր արեւադարձային ծովով մը: Ժամանակի ընթացքին երկրաբանական փոփոխութիւններու պատճառով տեսարանը վերածուեցաւ մեզի ծանօթ ամէնէն մեծ տաք անապատին:
Գարեջուրի ամէնէն հին բաղադրատոմսը գտնուած է Ք Ա 3900 տարուան սումերիան գրութեան տախտակի մը վրայ: Մարդոց ոգելից ըմպելիներու համակրանքը շատ հին արմատներ ունի, եւ հաւանաբար գարեջուրը այդ տեսակի խմիչքներէն ամէնէն հիներէն մէկն է:
Մտածենք
Իւրաքանչիւրին Նախասիրած Անասունը
Դպրոցի տարեշրջանի աւարտը տօնելու համար խումբ մը ընկերներ միասին այցելեցին կենդանաբնական պարտէզը, վարի բացատրութիւններուն հետեւելով` կրնա՞ս գիտնալ, թէ ո՛րն է իւրաքանչիւր մանուկի նախասիրած անասունը:
1.- Րաֆֆին կեցած է Քարինին մօտ: Անոր նախասիրած անասունը պատիճ չունի:
2.- Քարինը մազերը չէ կապած: Անոր նախասիրած անասունը ջուրին մէջ կ՛ապրի:
3.- Անին մազերը կապած է: Անոր նախասիրած անասունը մրջիւն կ՛ուտէ:
4.- Լեւոնը կեցած է Րաֆֆիին քով: Անոր նախասիրած անասունը գիշերային թռչուն մըն է:
5.- Պետիկը կարճ տաբատ մը հագած է եւ կեցած է Անիին քով: Անոր նախասիրած անասունը մրջիւն չ՛ուտեր:
6.- Փաթիլը չի սիրեր մազերը պարզ ձգել: Իսկ անոր սիրած անասունը… փլիւշ անասուն մըն է: