Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Պէտք Է Մեղուները Պահպանենք

Մայիս 31, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մեղուները անհրաժեշտ են աշխարհի վրայ ապրող էակներու կեանքին` թռչուններուն, ինչպէս նաեւ մարդոց: Անոնք այնքան կարեւոր են, որ նոյնիսկ գոյութիւն ունի անոնց յատկացուած միջազգային օր մը` 20 մայիսը, որ Մեղուներու միջազգային օր հռչակուած է: Այս առիթով մօտէն տեսնենք, թէ անոնց գոյութիւնը ինչո՛ւ անհրաժեշտ է երկրագունդին կեանքին:

* * *

Մեղուները միջատներ են, որոնք ծաղիկներէն բեղմնափոշի եւ հիւթ կը հաւաքեն սնանելու համար, ինչպէս նաեւ իշամեղուները կամ թիթեռնիկները: Երբ մեղուն կ՛իջնէ ծաղիկի մը վրայ, բեղմնափոշին կը փակչի անոր մազերուն… եւ ապա կը թափի յաջորդ ծաղիկին վրայ: Այս ձեւով, այդ ծաղիկը կրնայ հետագային տալ հունտեր, բանջարեղէններ կամ պտուղներ: Այո՛, իրենց ոտքերուն մազերուն վրայ բեղմնափոշին փոխադրելով, մեղուները ծաղիկներուն կարելիութիւնը կու տան վերարտադրուելու: Առանց անոնց հաւանաբար վայրի ծաղիկներ, դդումներ, խնձորներ կամ արեւածաղիկի հատիկներ գոյութիւն պիտի չունենային:

Մարդոց կողմէ սպառած ուտելիքներուն մօտաւորապէս մէկ երրորդը կախեալ է մեղուներուն աշխատանքէն: Անոնք անհրաժեշտ են նաեւ բազմաթիւ վայրի բոյսերու կեանքին: Հետեւաբար մեր մոլորակին համար էական է պահպանել այս սուփըր-հերոսները: Սակայն դժբախտաբար, մասնագէտները կը նշմարեն, թէ բազմաթիւ տարիներէ ի վեր անոնց թիւը մեծապէս կը նուազի աշխարհին մէջ:

* * *

Հետեւաբար, ի՞նչ կարելի է ընել զանոնք պահպանելու համար: Նախ եւ առաջ պէտք է ապահովել անոնց ուտելիքը. այսինքն` խուսափիլ գործածելէ քիմիական նիւթեր, որոնք կը թունաւորեն մշակուած բոյսերը եւ պաշտպան կենալ դաշտերու ու ծաղկաւէտ պարտէզներուն, ուր մեղուները կրնան առատօրէն սնանիլ: Պէտք է նաեւ պահպանել փեթակները հիւանդութիւններուն, մակաբոյծներուն եւ ասիական պիծակներուն դէմ, որովհետեւ անոնք մեղուներուն վրայ կը յարձակին սնանելու համար:

Այժմ գիտնականները կը փորձեն աւելի լաւ ծանօթանալ մեղուներուն, անոնց սովորութիւններուն, անոնց նախասիրած բոյսերուն… Անոնք կը յուսան այս ձեւով աւելի լաւ կերպով օգնել մեր կեանքի մէջ կարեւոր եղող մեղուներուն:

Հազարաւոր Անձեր
Ճատրակի Ախոյեանի Մը Դէմ

20 մայիսին վերջ գտաւ ճատրակի արտակարգ խաղ մը, որ տեւած էր աւելի քան մէկ ամիս: Ճատրակի յատուկ կայքէջ մը այս խաղը կազմակերպած էր անընդմէջ 15 տարուան ճատրակի ախոյեան` նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընի եւ աշխարհի տարբեր 143 հազար անձերու «Աշխարհ խումբին» միջեւ: Այս թիւը ինքնին մրցանիշ մըն է:

Խաղը սկսաւ 4 ապրիլին, համացանցին վրայ: «Աշխարհ խումբի» խաղցողները առաւելագոյնը 24 ժամ ունէին որոշելու իրենց քայլը: Սակայն այս խաղը իւրայատուկ էր, որովհետեւ ան դասական ճատրակ չէր, այլ տարբերակ մը` ֆրիսթայլ ճատրակ:

Արդիւնքը անսպասելի էր, բայց տրամաբանական, որովհետեւ խաղը վերջացաւ առանց յաղթողի, 32 քայլերէ եւ վերջին դիրքի երեք կրկնութենէ ետք:

Շաքարեղէնի Տուփերու Տեղատարափ
Լիամին Տունին Առջեւ

Այլ փոքրիկներու նման, 8 տարեկան Լիամ երբեմն փոխ կ՛առնէ մօրը բջիջային հեռաձայնը խաղալու կամ կարճ վիտէոներ դիտելու համար: Սակայն այս անգամ ան վաճառատան մը կայքէջին վրայ կը փորձէր Բարեկենդանի յատուկ զարդարանքներ եւ խաղեր ընտրել, զանոնք գնումի սակառին մէջ դնելով, սակայն` առանց գնելու:

Մայիսի սկիզբը, ան առանց անդրադառնալու «գնելու» կոճակը սեղմեց, սակառին մէջ 30 տուփ շաքարեղէնի տեսակ մը դնելէ ետք: Այս շաքարեղէնի 30 տուփը կը պարունակէր… 70 հազար սիւսէթներ:

Լիամի անզգուշութիւնը յայտնաբերուեցաւ 4 մայիսին, երբ անոր մայրը անդրադարձաւ, թէ իր դրամատան հաշիւէն դուրս ելած է 4200 տոլար… Ան կը փորձէ կապուիլ վաճառատան հետ, չեղեալ ընելու այդ ապսպրանքը, սակայն դժբախտաբար  շաքարեղէնը արդէն ուղարկուած էր: Քիչ անց 30-էն 22 սիւսէթի տուփեր կը շարուէին տունին առջեւ:

Լիամին մայրը յուսահատած էր, չէր գիտեր ինչպէ՛ս ձերբազատիլ այդ սիւսէթներէն: Բարեբախտաբար, իր շրջանին մէջի  բնակիչները` լսելով այս արտասովոր պատահարը, առաջարկեցին գնել այդ սիւսէթներէն: Երկու ժամուան ընթացքին գրեթէ բոլոր տուփերը ծախուած էին շրջանի դրամատուներուն եւ բժիշկի դարմանատուներուն, իսկ վերջաւորութեան Լիամի մայրը մնացած տուփերը ձրիօրէն բաժնեց:

Բարեբախտաբար, երբ լուրը սփռուեցաւ համացանցին վրայ, վաճառատունը կապուեցաւ Լիամի մօր հետ` անոր վերադարձնելով վճարուած ամբողջ գումարը:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս օգնել մեղուին` գտնելու ծաղիկին հասցնող ճամբան:
Սեւ կէտ պարունակող բաժինները սեւ ներկէ`
յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Նախորդը

Յուշերու Պատումով. Մտաւորական, Մանկագիր, Լրագրող Ու Հրատարակիչ՝ Ալիծ Ճեպեճեան-Աղպապեանի Ցաւալի Շիջումը

Յաջորդը

Պատանիներու Մայրերու Նուիրուած Էջը

RelatedPosts

«Հովանոց Ծառեր» Սոքոթրա Կղզիին Վրայ
Մանկապատանեկան

«Հովանոց Ծառեր» Սոքոթրա Կղզիին Վրայ

Յունիս 14, 2025
Ինչպէ՞ս Ստեղծուեցաւ Երկիրը
Մանկապատանեկան

Ինչպէ՞ս Ստեղծուեցաւ Երկիրը

Մայիս 24, 2025
Չինաստանի Մէջ` Մարդամեքենաներու Վազքի Մրցում
Մանկապատանեկան

Չինաստանի Մէջ` Մարդամեքենաներու Վազքի Մրցում

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?