Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Գիտենք Օգոստոս Ամսուան Մասին

Օգոստոս 9, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Օգոստոս ամիսը անուանուած է հռոմէացի Օգոստոս կայսրին անունով: Սկիզբի օրերուն օգոստոս ամիսը հռոմէական օրացոյցի վեցերորդ ամիսն էր եւ ճանչցուած` սեքսթիլիս անունով, լատիներէնով` «վեցերորդ ամիս»: ՔԱ մօտաւորապէս 700 թուականին է, որ օգոստոսը օրացոյցին մէջ աւելի ետեւ մնաց, երբ յունուար եւ փետրուար ամիսները աւելցուեցան Նումա Փոմբիլիուս թագաւորի հրամանով:

Օգոստոսը նաեւ բազմաթիւ անգամներ փոխած է իր օրերու թիւը: Հռոմէական 10 ամսուան օրացոյցին մէջ բոլոր ամիսները ունէին 30 կամ 31 օր, ընդամէնը 304 օր` տարուան ընթացքին: Փոմփիլիուս ո՛չ միայն աւելցուց յունուար եւ փետրուար ամիսները օրացոյցին վրայ, այլեւ օգոստոս ամսուան օրերը իջեցուց 29-ի:

Հետագային է, որ Յուլիոս կայսրի օրերուն, երբ որդեգրուեցաւ յուլիոսեան օրացոյցը, օգոստոսը վերստացաւ իր 31 օրերը եւ զանոնք կը պահէ մինչեւ այսօր:

  • Հետաքրքրական դէպքեր

– 6 օգոստոս 1762-ին աշխարհի առաջին սանտուիչը ստեղծուեցաւ. աւելի ճիշդը` այդ անունով նշուեցաւ այս ուտելիքը: Ան այսպէս անուանուեցաւ, երբ Սանտուիչի կոմսը իր խոհարարէն պահանջեց իրեն ուտելիք մը պատրաստել երկու հացի կտորներու միջեւ դնելով միսի կտոր մը: Ըստ աւանդութեան, ան թուղթախաղով զբաղած էր եւ չէր ուզեր իր խաղը ընդհատել:

– 21 օգոստոս 1911-ին, լուռ երկուշաբթի առտու մը, երեք անձեր արագօրէն դուրս կու գան Փարիզի Լուվր թանգարանէն: Շատ աւելի ուշ լուրը կը տարածուի: 1507-ին Լէօնարտօ Տա Վինչիի կողմէ գծուած «Մոնա Լիզա»-ի նշանաւոր դիմանկարը գողցուած էր: Երբ թանգարանը այս գողութիւնը կը յայտարարէ, աշխարհի չորս կողմերու թերթերը զայն նշեցին իրենց առաջին էջին վրայ: Այս դէպքը դարձած էր ազգային գայթակղութիւն մը:

Բարեբախտաբար դիմանկարը գտնուեցաւ 28 ամիս ետք, երբ գողերէն մէկը փորձեց զայն ծախել Իտալիոյ Ֆլորանս քաղաքէն արուեստի գործերու վաճառականի մը: Շատեր կը հաստատեն, որ այս դէպքն էր պատճառը, որ «Մոնա Լիզա»-ն արժեւորուեցաւ 850 միլիոն տոլարի, ներկայի գինով:

– Օգոստոսը բախտաւոր ամիս մը չէր հին հռոմէական Պոմպէյ քաղաքին բնակիչներուն համար: ՔԵ 79-ի օգոստոս 24-ին քաղաքին մօտ գտնուող Վեսուվիուս հրաբուխը ժայթքեցաւ: Քաղաքին վրայ թափեցան մոխիրի եւ ծուխի մեծ ամպեր, լաւան ծածկեց ամբողջ քաղաքը` քաղաքը ամբողջութեամբ վերածելով աւերակի:

  • Միջազգային օրեր

Օգոստոս ամիսը առիթն է նաեւ` տօնելու բազմաթիւ միջազգային օրեր: Ահա քանի մը թուականներ.

– Օգոստոս 1, Աշխարհի սկաուտներու փողկապի օր:
– Օգոստոս 11, Լերան օր (Ճափոնի մէջ):
– Օգոստոս 12, Երիտասարդներու միջազգային օր:
– Օգոստոս 13, Ձախլիկներու միջազգային օր:
– Օգոստոս 19, Աշխարհի մարդասիրական օր:
– Օգոստոս 20, Աշխարհի մժեղի օր:

Կարճ Լուրեր Աշխարհէն

Կառատան Մը Տակ Գտնուած
Հոյամողէսի Ոսկոր

Միացեալ Նահանգներու մէջ Տենվըր քաղաքի Բնութեան եւ գիտութիւններու թանգարանը պահուած գանձ մը ունէր… Յունուար ամսուն կառոյցին կառատան հողաշերտին վրայ հողը ուսումնասիրելու համար աշխատանքներ կը տարուէին 230 մեթր խորութեան վրայ: Այս աշխատանքներու ընթացքին է, որ կը գտնուի  հոյամողէսի ոսկորի կտորի մը բրածոն: Այս ոսկորի կտորը կը պատկանէր օրնիթոփոթ ընտանիքի հոյամողէսի մը կռնակին: Այս հոյամողէսը կ՛ապրէր 67 միլիոն տարիներ առաջ:

Այժմ ան իր տեղը գտած է թանգարանին ցուցափեղկերուն ետեւը:

Տրոններով Ստեղծուած
Ամէնէն Մեծ Պատկերը

Յուլիս ամսուան Չինաստանի Չոնկքինկ քաղաքի երկինքին մէջ սփռուած էին 11.787 տրոններ` ներկայացումի մը համար: Անոնք երկինքին մէջ ստեղծեցին հսկայական պատկերներ` մրցանիշ մը արձանագրելով «Կինէս»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ: Այս ներկայացումը պատրաստող արուեստագէտները անցեալ տարի ալ մրցանիշ արձանագրած էին` իրենց ներկայացումներուն համար գործածելով 10.197 տրոններ:

Աշխարհի Ամէնէն Պզտիկ
Եւ Ամէնէն Մեծ Շուները

Միացեալ Նահանգներու մէջ մրցանիշներու «Կինէս»-ի գիրքը իւրայատուկ հանդիպում մը կազմակերպած էր:

Փըրլ` աշխարհի ամէնէն փոքրիկ շնիկը ունի 9 սանթիմեթր հասակ: Ան 4 տարեկան արու չիուաուա շնիկ մըն է: Մինչ Ռեճինալտ` Ռեճին, աշխարհի ամէնէն մեծ շունն է:

Անոր հասակը կը հասնի աւելի քան 1 մեթրի: Այս մեծ, տենիշ անունով ճանչցուած արու շունը 7 տարեկան է: Փըրլ եկած է Ռեճիի տունը այցելութեան` առանց ոչ մէկ վախ զգալու:

Անոնք իրարու հետ համաձայնեցան, միասին պտտեցան պարտէզին մէջ եւ ապա բազկաթոռին վրայ տեղաւորուեցան յիշատակի նկար մը առնելու համար:

Մտածենք

Երկու Ընտանիքի Քոյրեր
Եւ Եղբայրներ

Ո՞վ որո՛ւ քոյրն է, ո՞վ որո՛ւ եղբայրն է… Վարի բացատրութիւններուն հետեւելով` փորձէ գտնել երկու ընտանիքներու անդամները:

1.- Պատկերին վերի բաժինին մէջ Պօղոսեան ընտանիքին պատկանող աւելի շատ անդամներ կան, քան` պատկերին վարի բաժինին մէջ:
2.- Պատկերին աջ կողմը աւելի շատ Մովսէսեան ընտանիքէն անդամներ կը գտնուին, քան` ձախ կողմի բաժինին մէջ:
3.- Պօղոսեան ընտանիքին անդամներուն մէջ աղջիկները մանչերէն աւելի շատ են:
4.- Մովսէսեան ընտանիքին անդամներուն մէջ մանչերը աղջիկներէն աւելի շատ են:
5.- Պօղոսեան ընտանիքին մէջի քոյրերը նոյն գոյնի շապիկներ հագուած են:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հալէպէն Փրենզլաու` Գոյատեւութեան Խճանկար Մը

RelatedPosts

Աշխարհի Ամէնէն Շատ Սիրուած Գոյնը` Կապոյտը
Մանկապատանեկան

Աշխարհի Ամէնէն Շատ Սիրուած Գոյնը` Կապոյտը

Օգոստոս 2, 2025
Լեռներուն Վրայ, Անտառին Մէջ Պահուըտած Հին Ժողովուրդ Մը
Մանկապատանեկան

Լեռներուն Վրայ, Անտառին Մէջ Պահուըտած Հին Ժողովուրդ Մը

Յուլիս 26, 2025
Նոր Կղզի Մը` Եւրոպայի Եւ Ասիոյ Միջեւ…
Մանկապատանեկան

Նոր Կղզի Մը` Եւրոպայի Եւ Ասիոյ Միջեւ…

Յուլիս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?