Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռներուն Վրայ, Անտառին Մէջ Պահուըտած Հին Ժողովուրդ Մը

Յուլիս 26, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Կրան Փախաթեն կը գտնուի Փերուի հիւսիսը, Անտեան լեռներուն եւ Ամազոնի անտառին սահմանին վրայ: Այս շրջանը օժտուած է շատ հարուստ բնութեամբ մը, ինչպէս, օրինակի համար, թռչուններու բազմաթիւ տեսակներ եւ սքանչելի ջրվէժներ, սակայն նաեւ` պատմական գանձով մը, հետեւաբար ան պահպանուած շրջան մըն է. այսինքն հոն մուտքը արտօնուած չէ բոլոր այցելուներուն:

* * *

Կրան Փախաթենի մէջ գիտնականները գտած են աւելի քան 100 կառոյցներ` շինուած չաչափոյաներուն կողմէ. անոնք շատ հին ժողովուրդ մըն են: 1980-ական թուականներէն ի վեր այդ շրջանէն միայն 26 կառոյցներ ծանօթ էին մեզի:

* * *

Չաչափոյաները Փերուի հիւսիսը ապրած են 800 թուականներէն մինչեւ 1500 թուականներու վերջը: Անոնց անունը կը նշանակէ «ամպերու ժողովուրդ»: Անոնք կ՛ապրէին մշուշով պատուած լեռները ծածկող խոնաւ անտառներուն մէջ, 2000-3000 մեթր բարձրութեան վրայ: Անոնք իրենց հողերը կը մշակէին աստիճանաւոր դարատուփերու դրութեամբ: Չաչափոյաները նաեւ մարտիկներ էին. անոնք մարտնչած են իրենց հզօր դրացի էնքաներուն դէմ:

* * *

Գիտնականները Կրան Փախաթենի շրջանը ուսումնասիրած են 2022-2024-ի միջեւ: Օդային ռատար մը, կարենալով թափանցել բարձր ծառերու խիտ ճիւղերուն ընդմէջէն, կարելիութիւնը տուած է գտնելու բուսականութեան մէջ պահուած կառոյցներ: Ապա գետնին վրայ մասնագէտները ուսումնասիրած են այդ շինութիւններուն կառուցուածքը, գծած են յատակագիծներ, ամրացուցած են դիւրաբեկ շինութիւնները: Այս խումբերը յայտնաբերած են նաեւ հետքեր ճամբաներու, որոնք Կրան Փախաթենը կը միացնէին չաչափոյաներու այլ բնակավայրերու:

Չաչափոյաններուն շինութիւններուն մէջ մենք շատ կը հանդիպինք քարէ, կլոր, աստիճաններով օժտուած եւ երկրաչափական ձեւերով ու մարդկային կերպարանքներով զարդարուած կառոյցներու: Կրնայ ըլլալ, որ անոնք ծիսակատարութիւններու վայրեր էին: Մինչ ուրիշ կառոյցներ շինուած են ժայռոտ լանջերու վրայ:

Հրատ Մոլորակէն «Կտոր» Մը Ծախուեցաւ
Աւելի Քան 5 Միլիոն Տոլարի

Հրատ մոլորակէն ինկած մեզի ծանօթ ժայռի ամէնէն մեծ կտորը աճուրդով ծախուեցաւ 5.30 միլիոն տոլարի, Նիւ Եորքի մէջ, 16 յուլիսին: Ան կը կշռէ 25 քիլօ: Ան անջրպետին մէջ արձակուած էր, երբ հսկայ երկնաքարեր ինկած են Հրատ մոլորակին վրայ: Անջրպետին ինկած քարերու «որսորդ» մը զայն գտած է նոյեմբեր 2023-ին, Ափրիկէի Սահարա անապատին մէջ:

Խոհագիր

 Պտուղներով Զովացուցիչ Պաղպաղակ

Ամառնային տաք օրերուն զովանալու միջոցներէն մէկն է պաղպաղակ ուտելը: Եւ որովհետեւ արձակուրդի այս օրերուն բաւական ազատ ժամանակ ունիս, գոգնոցդ կապէ, ձեռքերդ լուա՛ եւ պատրաստէ քու անձնական առողջապահական պաղպաղակդ:

Բաղադրութիւն

200 կրամ յունական մածուն (կրիք եոկըրթ), 4 ապուրի դգալ մեղր, 4 ապուրի դգալ քրեմ ֆրեշ, պտուղներ:

Պատրաստութիւն

1.- Ընտրէ նախասիպած պտուղներդ` պանան, ելակ, քիուի…: Զանոնք լուա՛ եւ կտրտէ ըստ պաղպաղակի կաղապարներուդ չափին:

2.- Խորունկ ամանի մը մէջ միասին խառնէ քրեմ ֆրեշը եւ մեղրը: Շատ լաւ զարկ, որպէսզի երկու բաղադրութիւնները լաւ խառնուին:

3.- Երբ խառնուրդը լաւ խառնուի եւ սահուն ըլլայ, աւելցուր յունական մածունը եւ դարձեալ գործիքով լաւ զարկ:

4.- Պաղպաղակի կաղապարներդ պատրաստէ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ պտուղի քանի մը կտոր դիր:

5.- Ապա անոնց վրայ պարպէ խառնուրդը: Կրնաս դարձեալ վրան քանի մը կտոր պտուղ աւելցնել:

6.- Վերջապէս, լեցուն կաղապարները սառնարանը դիր նուազագոյնը 4 ժամ, նախընտրաբար` ամբողջ գիշեր մը: Զանոնք սառնարանէն հանէ եւ սպասէ քանի մը վայրկեան ուտելէ առաջ, որպէսզի կարենաս պաղպաղակները կաղապարներէն դիւրութեամբ հանել:

Բարի՛ ախորժակ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (25 Յուլիս 2025)

Յաջորդը

ԼԵՄ-ականներուն Մտորումները` Լիզպոնի Եւ Անոր Այժմէականութեան Մասին

RelatedPosts

Ի՞նչ Գիտենք Օգոստոս Ամսուան Մասին
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Գիտենք Օգոստոս Ամսուան Մասին

Օգոստոս 9, 2025
Աշխարհի Ամէնէն Շատ Սիրուած Գոյնը` Կապոյտը
Մանկապատանեկան

Աշխարհի Ամէնէն Շատ Սիրուած Գոյնը` Կապոյտը

Օգոստոս 2, 2025
Նոր Կղզի Մը` Եւրոպայի Եւ Ասիոյ Միջեւ…
Մանկապատանեկան

Նոր Կղզի Մը` Եւրոպայի Եւ Ասիոյ Միջեւ…

Յուլիս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?