Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Ընել. Կը Ձանձրանա՞ս

Օգոստոս 30, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Արդէն օգոստոս ամիսը կը վերջանայ… Սակայն տակաւին քանի մը շաբաթ պէտք է սպասել վերամուտին, եւ երբեմն ժամանակը դժուար կ՛անցնի երկար արձակուրդի մը աւարտին: Հետեւաբար երբ սկսիս ձանձրանալ, ահա` քանի մը գաղափարներ, որ դիւրութեամբ կարելի է ընել տան մէջ, պաստառներէն հեռու:

Իսկ եթէ չես սիրեր մինակդ զբաղիլ, կրնաս ընկերներդ հրաւիրել, եւ միասին զբաղելով` հաճելի ժամանակներ կրնաք անցընել:

* * *

1- Ի՞նչ է «տուտըլինկը»: Այս ժամանցին համար պէտք ունիս պարզապէս թուղթի մը եւ մատիտներու: Հանգիստ նստած`սկսէ ուզած բաներդ գծել շատ պարզ ձեւով` անասուններ,¬ արտերկրային էակներ, տարբեր առարկաներ… առանց անոնց միջեւ պարապութիւն ձգելով, եւ այս ձեւով ծածկելով ամբողջ էջը: Ահա այս է «տուտըլինկը»:

2 – Քու անձնական անասունդ: Նոր անասուն մը ստեղծէ` քու նախասիրած երկու անասուններու տարբեր մասերը իրարու խառնելով: Ի՞նչ պիտի կոչես այս անասունը:

3 – Երաժշտական գործիք, յղացիր երաժշտական նոր գործիք մը. զայն գծէ իր բոլոր մանրամասնութիւններով: Ինչպէ՞ս պիտի կարենաս նուագել այդ գործիքը, անիկա ի՞նչ ձայն պիտի հանէ:

4 – Մարզանք ընենք: Կազմակերպէ 5 վայրկեան տեւող մարզանքի ձեւեր, եւ կանոնաւոր կերպով ամէն օր ժամանակ տրամադրէ այս յայտագրին:

5 – Պզտիկ գոհարեղէններ: Կրնաս գործածել` տան մէջ գտնուող տարբեր առարկաներ, նուէրի թուղթի բարակ երիզներ, թուղթէ թաշկինակի խաւաքարտէ պատատներ…

6 – Թուղթէ օդանաւերու մրցում: Թուղթէ օդանաւ մը շինէ եւ փորձէ, թէ որքա՛ն հեռու կրնաս զայն թռցնել: Կրնա՞ս թիրախ մը ընտրել եւ փորձել դէպի թիրախը նետել թուղթէ օդանաւը:

7 – Նոր կատակներ: Կրնա՞ս երեւակայել նոր կատակներ: Զանոնք շուրջիններուդ պատմէ զանոնք խնդացնելու համար:

8 – Մատներով նկարչութիւն: Այս նկարչութիւնը իրագործելու համար կրնա՞ս գործածել միայն մատներդ եւ կէտերով միայն յառաջացնել պատկեր մը:

9 – Բնական արուեստի գործ: Եթէ այս ամառնային օրերուն գիւղը կը գտնուիս, կամ շուրջդ պարտէզ մը գոյութիւն ունի, առիթէն օգտուէ եւ հաւաքէ` պզտիկ ճիւղեր, տերեւներ, ծաղիկներ… եւ ապա այս բոլորը գործածելով` գեղեցիկ փակցանկար մը ստեղծէ:

10 – Տարօրինակ նախադասութիւն մը: Արտասովոր նախադասութիւն մը գրէ` գործածելով բոլոր հետեւեալ բառերը. պանան, վարագոյր, դլփին, ձիւն եւ գնդակ: Կրնաս նաեւ դուն տարբեր բառերու ցանկ մը պատրաստել` ամէն անգամ բառարանը բանալով տարբեր էջի մը վրայ եւ այդ էջէն բառ մը ընտրելով:

11 – Բառերու ցանկ: Քանի՞ տարբեր բառեր կրնաս գտնել` գործածելով հետեւեալ նախադասութեան գիրերը. «Ուղեղս զբաղած պահելը հաճելի է»:

12 – Բառերով փինկ-փոնկ: Պատմութեան մը առաջին նախադասութիւնը գրէ թուղթի մը վրայ, ապա ընկերդ պիտի գրէ յաջորդ նախադասութիւնը եւ թուղթը տայ ուրիշ ընկերոջ մը… մինչեւ բոլորը գրեն իրենց նախադասութիւնները: Վերջապէս, դուն դարձեալ պիտի գրես եզրակացութեան նախադասութիւնը եւ բարձր ձայնով կարդաս ամբողջ «պատմութիւնը»:

13 – Ո՞վ եմ ես: Մտածէ կերպարի մը մասին. կրնաս զայն ընտրել գիրքէ մը, շարժապատկերէ մը… Անոր անունը գրէ թուղթի մը վրայ, ապա շուրջիններէդ խնդրէ, որ քեզի հարցումներ ուղղեն կռահելու համար ընտրած կերպարդ:

14 – Մատիկներու խամաճիկ: Փորձէ մատներուդ չափով տարբեր խամաճիկներ շինել` պարզապէս տեսակաւոր թուղթեր գործածելով` եւ ապա հնարէ պատմութիւն մը անոնց մասին:

15 – Սուփըրհերոս անասուն մը: Գծաւոր երիզներով պատմութիւն մը երեւակայէ եւ գծէ ընտրելով անասուն մը` իբրեւ կերպար, որ «սուփըրհերոս»-ի պիտի վերածուի:

16 – «Խոհագիր»: Այս պարագային պէտք չունիս ուտելիքի խոհագիր մը պատրաստելու: «Խոհագիրիդ» վերնագիրը պիտի ըլլայ «Ամառ»: Ի՞նչ «նիւթեր» պէտք պիտի ունենաս այս «խոհագրին» համար` արեւ, պտուղ, ծով…

Կրնաս նաեւ շարունակել նոյն ձեւով եւ մնացած երեք եղանակներուն համար նաեւ երեւակայել տարբեր «խոհագիրներ»: Վստահաբար «Աշուն» «խոհագրին» համար առաջին հերթին պիտի գայ «վերամուտ» նիւթը…

17 – Անձնական էջանիշդ: Իւրայատուկ էջանիշ մը պատրաստէ, որպէսզի զայն գործածես ընթերցանութեան ատեն:

18 – Վերջապէս… Երբ յատուկ բան մը չունիս միտքդ, գիրք մը ընտրէ եւ գտիր հաճելի վայր մը` նստելու եւ կարդալու համար:

Ինչպէս Շինել Թուղթէ Օդանաւ Մը

Մտածենք

Խաղավայրին Մէջ

Հինգ բարեկամներ հաւաքուեցան խաղավայրին մէջ` միասին լաւ ժամանակ անցընելու համար: Վարի բացատրութիւններուն վրայ հիմնուելով` կրնա՞ս գիտնալ իւրաքանչիւր աղջկան անունը եւ անոր պատկանող շնիկը:

1 – Փաթիլին մազերը սեւ են, ան մօտիկ է Անահիտին, եւ իր շնիկին` Ռեքսին, պոչիկը կտրուած է:

2 – Ալինին մազերը կարճ են եւ անոր շնիկին` Պոպին, ականջները տնկուած են:

3 – Թալինը մազերը երկու պոչիկ ըրած է, եւ անոր շնիկը` Սուլան, երկար մազեր ունի:

4 – Անահիտը մէկ պոչիկ ըրած է իր մազերը, եւ անոր շնիկին` Լալային, ականջները կախուած են:

5 – Կարինը գլխարկ դրած է եւ կեցած է Թալինին մօտ, եւ անոր շնիկին` Նինային, մազերը խուզուած են:

6 – Անահիտը կեցած է Փաթիլին եւ Ալինին միջեւ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իր նմանը չունեցող գաւաթը:
Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՞վ որո՛ւ հետ կը զրուցէ:
Բ. պատկերը թուղթի կտորով մը ծածկէ, ապա 2 վայրկեան ուսումնասիրէ Ա. պատկերին մէջի առարկաները: Այս անգամ թուղթի կտորով ծածկէ Ա. պատկերը եւ անոր վրայ արձանագրէ անունները այն առարկաներուն, որոնք Բ. պատկերին մէջ գոյութիւն չունին: Եւ վերջապէս, արձանագրէ անունները այն առարկաներուն, որոնք գոյութիւն չունէին Ա. պատկերին մէջ:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ գտնուող վարի ցանկին բոլոր առարկաները:
Նախորդը

Յայտարարութիւններ (29 Օգոստոս 2025)

Յաջորդը

Խմբագրական «Ալիք»-ի. Ցեղասպան Յանցագործի Անբարոյականութիւնը

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?