Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ինչպէս գիտենք, մարդ արարածը իր առաջին քայլերը առած են ափրիկեան ցամաքամասին վրայ: Այս ցամաքամասին վրայ է, որ գտնուած են ո՛չ միայն արդի մարդ արարածին (հոմօ սափիէն, մեր ուղղակի նախահայրերը) ամէնէն հին մնացորդները, սակայն նաեւ` մարդուն ամէնէն մօտիկ զարմիկներուն ամէնէն հին բրածոները: Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորը Լիւսին է, որ ապրած է մօտաւորապէս 3,2 միլիոն տարիներ առաջ, եւ որուն կմախքը գտնուած է Եթովպիոյ մէջ, 1974-ին:
Հետեւաբար կրնաք երեւակայել գերմանացի հնէաբաններուն զարմանքը, երբ անոնք կրցան հաշուել Գերմանիոյ արեւմուտքը, Ռեն գետի նախկին հունին մէջ գտնուած եւ Լիւսիին ակռաները յիշեցնող զոյգ մը ակռաներու բրածոները, եւ ապացուցել, որ անոնք 9,7 միլիոն տարեկան են: Ասիկա մեծ բախտաւորութիւն մըն է, սակայն նոյն ատեն` մեծ գաղտնիք մը, որովհետեւ այս բրածոները շատ նման են Ափրիկէի մէջ գտնուած, սակայն 4-5 միլիոն տարի աւելի «երիտասարդ» բրածոներուն:
Այս բրածոներուն յայտնաբերումը կը նշանակէ, որ մարդուն շատ հեռաւոր զարմիկները ապրած են ո՛չ միայն Ափրիկէի մէջ, այլ նաեւ` Եւրոպայի, եւ` շատ աւելի կանուխ ժամանակաշրջաններու: Արդեօ՞ք ասոր հիմամբ պէտք է «մարդկութեան պատմութիւնը դարձեալ գրել», ինչպէս յայտարարեցին կարգ մը պատասխանատուներ: Տակաւին կարելի չէ վերջնականապէս արտայայտուիլ այս հարցին մասին:
* * *
Նախ եւ առաջ այս յայտնաբերումը կրնայ զուգադիպութիւն մը ըլլալ, եւրոպական կապիկներու տեսակ մը, որուն ակռաները յառաջդիմած են միւս օսթրալոփիթեքներու (Լիւսիին ընտանիքը) ակռաներուն նման, մինչ անոնք ո՛չ մէկ ազգականական կապ ունին անոնց հետ: Այս երեւոյթը յստակօրէն կը բացատրուի, երբ մենք իրարու հետ կը բաղդատենք, օրինակի համար, դլփինը (ստնաւոր անասուն մը), շանաձուկը (ձուկ մը) եւ իքթիոսորը (անհետացած նախապատմական սողուն մը): Անոնց արտաքինը իրարու շատ նման է, սակայն անոնք իրարու հետ ազգականական ո՛չ մէկ կապ ունին:
Հետեւաբար այս բրածոյ ակռաները կը փաստեն, որ հին հոմինոիտներ (այն մեծ ընտանիքը, որուն մաս կը կազմեն շենփանզէները, կորիլաները, կիպպոնները, ուրանկութանները եւ մարդ արարածները) կ՛ապրէին Եւրոպայի մէջ 10 միլիոն տարիներ առաջ: Այս տեսակէտը հետաքրքրական է, սակայն… չի խախտիր ընդունուած հաստատումը, որ մենք սերած ենք Ափրիկէ ապրած հոմինորտներէն:
Վերջապէս, բազմաթիւ մասնագէտներ կը հաստատեն նշանաւոր «Նեշընըլ Ճէոկրաֆիք» թերթին մէջ, որ յստակ չէ, թէ այդ ակռաները կը պատկանին հոմինոյիտի՞ մը, թէ՞ ոչ: Կարգ մը գիտնականներ կը մտածեն, որ անոնք կը պատկանին շատ ծանօթ պզտիկ կապիկի տեսակի մը, որ կ՛ապրէր Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ 7-17 միլիոն տարիներ առաջ: Արդ, այս անասունները շատ հեռաւոր կերպով միայն կապուած են մարդ արարածին:
Գերմանիոյ մէջ գտնուած այս բրածոներուն ծագումը յստակ է, եւ զայն գտնող գիտնականները չեն հաստատեր, որ անոնք մարդուն ուղղակի նախահայրերուն կը պատկանին: Սակայն կան ուրիշ անձեր, որոնք շատ արագ սխալ եզրակացութիւններու յանգեցան. քննութիւնները տակաւին կը շարունակուին, եւ մենք աւելի մանրամասն բացատրութիւններ կրնանք ունենալ 1 կամ 2 տարիէն: Այո՛, գիտութիւնը ժամանակի կը կարօտի…
Հին Ժամանակներէն
Թթուածինը միշտ գոյութիւն չէ ունեցած երկրագունդի մթնոլորտին մէջ: Անիկա միայն 2,5 միլիառ տարիներէ ի վեր կենդանի էակներուն կարելիութիւնը կու տայ շնչելու:
Շուէտի մէջ նորվեկեան լոյսի ծառ մը ունի արմատներ, որոնք կ՛աճին մօտաւորապէս 10 հազար տարիներէ ի վեր:
Երկրագունդին վրայի առաջին անասունները, որոնք մէկ բջիջէն աւելի բջիջներով կազմուած մարմին մը ունէին, ապրած են 600 միլիոն տարիներ առաջ: Անոնք կը կոչուէին էտիաքարան եւ գլուխ կամ բերան չունէին:
Ափրիկէի մէջ, Քենիոյ հիւսիսային շրջաններ, գտնուած բրածոյ դարձած մարդկային ոտքերու հետքերը կը փաստեն, որ մեր նախահայրերը սկսած են կանգնած քալել նուազագոյնը 1,5 միլիոն տարիներ առաջ:
Ցամաքի վրայի առաջին բոյսերը գոյութիւն ունեցած են 475 միլիոն տարիներ առաջ: Անոնք շատ նման էին ներկայի մամուռներուն:
Նախապատմական անասունները ուսումնասիրող գիտնականները կը գործածեն անոնց բրածոյ դարձած ոսկորները եւ ակռաները` վերակազմելու համար անոնց արտաքին կերպարանքը:
Նախապատմական Խոհագիր
Նախապատմական Փիղի`
Մամութի Միսի Խորոված
4 հոգի կշտացնող խորովածի համար պէտք ունիս. 500 կրամ մամութի միսի (իսկ եթէ այս միսէն չգտնես, կրնաս պարզ կովու միս գործածել), 4 թուզի, 10 ապուրի դգալ մեղրի, 15 նուշի, 10 անանուխի տերեւի, 20 կոթ քորիանտըրի, խորովածի 8 ցպիկի:
Պատրաստութիւն
1.- Նուշերը դիր փոքրիկ, խորունկ ամանի մը մէջ: Զանոնք կտրտէ` գործածելով ուրիշ խորունկ աման մը: Լուա՛ անանուխը եւ քորիանտըրը: Զանոնք շատ մանր կտրէ:
2.- Միսը եւ թուզերը քառակուսի կտրէ: Զանոնք անցուր ցպիկներուն վրայ:
3.- Նուշը եւ խոտերը մեղրին հետ խառնէ: Խոհանոցի վրձինով մը այս խառնուրդը քսէ միսերուն վրայ: Ձգէ, որ հանգչին կէս ժամ:
4.- Տապակ մը դիր կրակին վրայ: Երբ ան տաքնայ, անոր վրայ միսերը եփէ 10 վայրկեան, յաճախ` զանոնք դարձնելով:
Ժամանց


