Լաւատես Ըլլալու 7 Համոզիչ Պատճառներ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Լաւատեսութիւնը կեանքը վարդագոյն ակնոցներով դիտելու միամիտ մտածելակերպ չէ: Ան ներկայիս գիտութեան կողմէ ճանչցուած է որպէս առողջութեան իսկական դաշնակից: Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ դրական վերաբերմունքի ձեւաւորումը բարենպաստ ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկարակեցութեան, ընկճախտի նկատմամբ դիմադրողականութեան, հիւանդութիւններու կանխարգիլման եւ նոյնիսկ ընկերային յարաբերութիւններու որակին վրայ: «Health Behavior and Policy Review»-ի, «Psychological Science»-ի եւ «Harvard T.H. Chan School of Public Health»-ի...




















