Կնոջական

Հետաքրքրական.  Ո՞վ Էր Յովհաննէս Թումանեանի Մայրը` Սարի Աղջիկ Սոնան

Հետաքրքրական. Ո՞վ Էր Յովհաննէս Թումանեանի Մայրը` Սարի Աղջիկ Սոնան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Յովհաննէս Թումանեանի մօր` Սոնային մասին քիչ տեղեկութիւն կայ. ան դսեղցի քոչարեաններու տոհմէն էր: Անոր հայրն ու մեծ հայրը գիւղի առաջին հովիւներն էին, եւ իրենց ամբողջ կեանքը անցուցեր են սարերը. այդ պատճառով ալ անոնց տունը կոչուեր է «սարըցու տուն»: Տարբեր յուշերէ պատառիկներու համաձայն, Սոնան բարձրահասակ, գեղեցիկ, եռանդուն եւ աշխատասէր կին էր: Ան առանձին կառավարեր էր տան ամբողջ տնտեսութիւնը. սարի...

10 Նշան, Որ Դուք Բաւարար Ջուր Չէք Խմեր

10 Նշան, Որ Դուք Բաւարար Ջուր Չէք Խմեր

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Տարիքի հետ ծարաւի զգացողութիւնը երբեմն կը նուազի: Միւս կողմէ` ջուրին համ չունենալը միշտ չէ, որ մարդիկը կը խրախուսէ զայն խմել: Սակայն ջուրին քանակը պահպանելը կարեւոր է ձեր մարմնին պատշաճ գործունէութիւն ապահովելու համար: Անբաւարար ջուր խմելը կը յանգեցնէ ջրազրկման, որ իր կարգին դուռ կը բանայ առողջական հարցերու: Ջրազրկումը կրնայ դրսեւորուիլ տարբեր ձեւերով, որոնցմէ մէկ քանին կրնան ակնյայտ չըլլալ: Ստորեւ`...

Հոգեբանին Կարծիքով.  Ինչպէ՞ս Պաշտպանել Երեխան Բռնածաղրէն

Հոգեբանին Կարծիքով. Ինչպէ՞ս Պաշտպանել Երեխան Բռնածաղրէն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Շատ ցաւալի է, երբ ծնողը կ՛անդրադառնայ, որ իր երեխան բռնածաղրի պատճառով մարմնական եւ յուզական ցաւ կ՛ապրի: Շատ ծնողներ չեն գիտեր, թէ ինչպէ՛ս օգնեն իրենց երեխային` պաշտպանուելու բռնութենէն: Անշուշտ որ առաջին հերթին պէտք է խօսիլ երեխային հետ, ուշադրութիւն դարձնել որոշ նշաններու եւ, վերջապէս, ձեռնարկել գործնական քայլերու: Ո՞ր նշաններէն պէտք է զգուշանալ Երեխաները յաճախ չեն կրնար բանաւոր արտայայտել իրենց անհանգստութիւնները,...

Ո՞ր Տարիքին Երեխան Կրնայ…

Ո՞ր Տարիքին Երեխան Կրնայ…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Բազմազաւակ ծնողները երեխաներուն հետ կապուած շատ մը հարցերու վերաբերեալ արդէն իսկ եզրակացութիւններու յանգած են` շնորհիւ տարիներու ընթացքին ձեռք բերած իրենց փորձառութեան. մինչդեռ պարագան նոյնը չէ առաջին անգամ ծնողք դարձած զոյգերուն: Անոնք չսխալելու եւ ճիշդ կողմնորոշուելու համար կարիքը ունին մասնագէտ կամ   փորձառու անձերու կարծիքին: Ստորեւ` այս նիւթին հետ կապուած քանի մը հարցում-պատասխան. - Ո՞ր Տարիքին Երեխան Կրնայ Առանձին...

Առողջապահական

Առողջապահական

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Կիտրոնով Ջուր Խմեցէք Դեղահատեր Օգտագործելու Փոխարէն Բժշկական հետազօտութիւններ կը հաստատեն, որ կիտրոնով ջուրի ամէնօրեայ օգտագործումը անհամար բարիքներ կ՛ապահովէ մեր առողջութեան, եւ ի զուր չէ, որ այս խմիչքը դարձեր է աշխարհի բազմաթիւ մարդոց ամենատարածուած առաւօտեան սովորութիւններէն մէկը: Կիտրոնով ջուրը հարուստ է` Պէ. եւ Սէ. կենսանիւթերով, փոթասիոմով եւ ածխաջուրերով: Այս առողջապահական, մատչելի եւ աժան խմիչքը իսկական դեղ է շատ մը...

Դուք Էք Բժիշկը Ձեր Ուղեղին

Դուք Էք Բժիշկը Ձեր Ուղեղին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ուղեղը մարդու մարմնին ամենաբարդ օրկանն է: Ան մեր զգացողութիւններուն, մեր միտքերուն, մեր յոյզերուն շտեմարանն է, եւ` մեր շարժումներուն տիրակալը: Այլ խօսքով, ջղային համակարգի հիմնական տարրն է: Նախքան թուելը այն 10 պարզ միջոցները, որոնց շնորհիւ դուք կրնաք ապահովել ձեր ուղեղին առողջութիւնը, ծանօթացէք ձեր ուղեղին առողջութեան սպառնացող վտանգներուն: Ա.- Ոգելից խմիչքներու, ծխախոտի եւ թմրանիւթերու օգտագործում, Բ.- Ընկճախտ, Գ.- Անբաւարար քուն,...

Երեխան Ինչո՞ւ Կը Ստէ

Երեխան Ինչո՞ւ Կը Ստէ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մանուկներու հոգեբան Ժագ-Ֆուրնիէի կարծիքով, սուտը մաս կը կազմէ երեխային բնական զարգացման. կոպտօրէն հակազդելու կամ պատժելու փոխարէն` նախընտրելի է հասկնալ, թէ ան ինչո՛ւ կը ստէ, եւ աստիճանաբար անոր սորվեցնել պարկեշտութեան կարեւորութիւնը: Վստահութեան մթնոլորտը եւ հոգատար մօտեցումը կ՛օգնեն երեխային ազատօրէն արտայայտուելու եւ նուազեցնելու ստելու կարիքը: Երեխային մօտ ստելը կը զարգանայ անոր ճանաչողական եւ յուզական զարգացման համապատասխան: 2 - 4 տարեկան...

Առողջապահական.  Ուղեղի 7 Վարժութիւններ, Որոնք Կը Սրեն Յիշողութիւնը

Առողջապահական. Ուղեղի 7 Վարժութիւններ, Որոնք Կը Սրեն Յիշողութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ձեր ուղեղը պէտք է պարբերաբար մարզուի սուր մնալու համար, ինչպէս որ ձեր մարմինը պէտք է մարզուի առողջ մնալու համար: Ստորեւ` 7 արդիւնաւէտ վարժութիւններ, որոնք կը բարելաւեն յիշողութիւնը եւ կեդրոնացումը: - Փազըլներ լուծեցէք: Փազըլները կը բարելաւեն կարգ մը ճանաչողական հմտութիւններ եւ կը պաշտպանեն տեսողական-տարածական ճանաչողական անկումէն: Երբ կ՛աշխատիք փազըլին վրայ, դուք կը փորձէք վերլուծել տարբեր մասեր եւ պարզել, թէ...

Գեղեցկագիտական.  5 Բնական Ծեփուկներ` Ծերացման Դէմ

Գեղեցկագիտական. 5 Բնական Ծեփուկներ` Ծերացման Դէմ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Դէմքի բնական ծեփուկները հիանալի այլընտրանք են թանկարժէք գեղեցկութեան միջոցներուն: Ստորեւ կը  ներկայացնենք 5 բնական հակատարիքային դիմակներ: 1 Աւոքատոյի եւ ձիթապտուղի դիմակ. Աւոքատոն հարուստ է ճարպաթթուներով եւ ԷՕ. կենսանիւթով, որոնք անհրաժեշտ են մորթին սնուցման եւ խոնաւցնելու համար: Խառնեցէք հասուն աւոօքատոյին միջուկը, մէկ ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթի հետ, խառնուրդը քսեցէք ձեր դէմքին, սպասեցէք քառորդ ժամ` նախքան գաղջ ջուրով լուալը: 2...

Երեխայի Դաստիարակութիւն.   Մանկավարժներու Կարծիքով

Երեխայի Դաստիարակութիւն. Մանկավարժներու Կարծիքով

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ - Մի՛ վախնաք ձեր երեխան դաստիարակելէ եւ պարբերաբար անոր հետ խիստ շեշտով եւ բարձրաձայն խօսելէ: Իմացէք, որ ամենամեծ սէրը խրատին մէջ թաքնուած է դառնահամ դեղի պէս, որուն նպատակը հիւանդը բուժելն է: Մի՛ վախնաք երեխային «Ոչ» ըսելէ, տեւական «Այո»-ն դրական արդիւնքի չի յանգեցներ, այլ կը սնուցանէ ու կը մեծցնէ եսասէր եւ կամակոր երեխայ, որ հետագային ոչ մէկ մերժում կը...

Հոգեբան-Մանկավարժին Կարծիքով.  Քունին Կարեւորութիւնը Դպրոցական Երեխային Համար

Հոգեբան-Մանկավարժին Կարծիքով. Քունին Կարեւորութիւնը Դպրոցական Երեխային Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Քունը վճռորոշ դեր կը խաղայ երեխային ֆիզիքական, ճանաչողական եւ յուզական զարգացման մէջ: Բաւարար եւ որակեալ քունը կարեւոր է` անոր աճին, յիշողութեան ամրապնդման, յուզական կարգաւորման եւ դիմադրողական համակարգի առողջ գործունէութեան համար: Դժբախտաբար շատ մը երեխաներ բաւարար չեն քնանար, ինչ որ բացասաբար կ՛ազդէ անոնց առողջութեան, վարքին եւ դպրոցական յառաջդիմութեան վրայ: Քունի տեւողութիւնը կը տարբերի` նայած երեխայի տարիքին: Նորածինները կրնան քնանալ...

Ծաղկազարդ Եւ Աւանդութիւններ

Ծաղկազարդ Եւ Աւանդութիւններ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ծաղկազարդը գարնան սկիզբը աւետող եկեղեցական եւ ժողովրդական շատ սիրուած ու սպասուած տօն է: Անիկա կը նշուի Զատիկէն մէկ շաբաթ առաջ Մեծ պահքի նախավերջին կիրակին: Թէեւ Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ Քրիտոսի մուտքը Երուսաղէմ, ուր զայն դիմաւորեցին ձիթենիի ոստերով, սակայն տօնը ունի նաեւ նախաքրիստոնէական ծագում եւ նուիրուած է գարնան զարթօնքէն յարութիւն առնող բնութեան: Ծաղկազարդը նաեւ կոչուած է Ծառզարդար: Անցեալին մարդիկ այդ...

9 «Կարելի Չէ» Ծնողներուն Համար

9 «Կարելի Չէ» Ծնողներուն Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ոչ միայն երեխաներու կեանքին մէջ կան «կարելի չէ»-եր, այլ նաեւ` ծնողներուն: Եկէք, պարզենք, թէ երեխաներու դաստիարակութեան առաքելութեան գծով ի՛նչ բաներէ պէտք է խուսափին ծնողները: 1.- Կարելի չէ երեխան նուաստացնել մեղադրական արտայայտութիւններով: «Աւելի խելացի բան չէի՞ր կրնար ըսել», «Խելքդ ո՞ւր էր այս յիմարութիւնը ընելու պահուն» եւ այլն... այս խօսքերը ոչ միայն դաստիարակիչ չեն եւ հարց չեն լուծեր, այլ խորապէս...

Գիտէ՞ք, Թէ Մարտ 20-ը…

Գիտէ՞ք, Թէ Մարտ 20-ը…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Այսօր մարտ 20-ը գարնան առաջին օրն է: Ձմրան եղանակէն գարուն անցումը միշտ տեղի կ՛ունենայ մարտ ամսուն: Այս ամսաթիւը, սակայն, հաստատուած չէ, քանի որ անիկա կախեալ է գարնանային գիշերահաւասարէն, որ տեղի կ՛ունենայ մարտ 19-ին, 20-ին կամ 21-ին` նայած տարուան պայմաններուն: 2025-ի գարունը կը սկսի այսօր` մարտ 20-ին եւ կ՛աւարտի յունիս 21-ին: Գարնան տօնակատարութիւնները երկրէ երկիր կը տարբերին: Իւրաքանչիւր ժողովուրդ...

Կին Դէմքեր.  «Սոֆիա, Դու Իմ Պահապան Հրեշտակ»

Կին Դէմքեր. «Սոֆիա, Դու Իմ Պահապան Հրեշտակ»

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հայ գրողներու կիները կիսեր են իրենց ամուսիններուն բաժին հասած փորձութիւններն ու հալածանքները. անոնց բացակայութեան, մահուան կամ բանտարկութեան իրենց վրայ վերցուցեր են ընտանիքին հոգը: Անոնք նաեւ մեծ հոգատարութիւն դրսեւորեր են իրենց ամուսիններուն գրական ժառանգութեան փրկութեան եւ պահպանման համար: Երբեմն նոյնիսկ բանտարկութեան վտանգը արհամարհելով, իմաստութիւն եւ խիզախութիւն ցուցաբերելով` փրկեր են անոնց ձեռագիրները: Գրականագէտ - Իսահակեանագէտ Աւիկ Իսահակեանը հետեւեալ հետաքրքրական դրուագը...

«Իրանական Աստղագիտութեան Մայրը»

«Իրանական Աստղագիտութեան Մայրը»

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 4 մարտ 2011-ին Ալենուշ Տէրեանի մահուան 14-րդ տարելիցն է: Սորպոնի եւ Թեհրանի համալսարանները յաճախած Տէրեանը կը համարուի Իրանի առաջին արեւային աստղադիտարանի հիմնադիր եւ բնագիտութեան առաջին կին դասախօս, որ արժանացած է «Իրանի ժամանակակից աստղագիտութեան մայր» տիտղոսին: Ալենուշ Տէրեանի Իրանի հեռատեսիլի «Իմաստուններ» ծրագրին կողմէ ճանչցուած է` որպէս «Գիտութեան ոլորտի մնայուն դէմք», եւ իր մասին վաւերական ժապաւէն պատրաստուած է «Դէպի արեւ»...

Հոգեբանին Կարծիքով.  Ժեսթեր, Որոնք Կը Դաւաճանեն Մեզ

Հոգեբանին Կարծիքով. Ժեսթեր, Որոնք Կը Դաւաճանեն Մեզ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ձեռքերով խօսիլը, մազերուն հետ խաղալը, շուրթերը սեղմելը... այս փոքրիկ ժեսթերը, որոնք մենք անգիտակցաբար կ՛ընենք, երբեմն շատ բան կը բացայայտեն մեր մտադրութիւններուն եւ յոյզերուն մասին: Զրոյցի Ժամանակ Քիթը Շփելը ԷՖ. Պի. ԱՅ.-ի նախկին գործակալ եւ հարցաքննութեան ժամանակ մարմնի լեզուն կարդալու փորձագէտ Ճօ Նաւարոյի կարծիքով, կասկածեալը, որ կը շփէ քիթը կամ վերին շրթունքը, անհանգստութիւն եւ ընկճախտ կը զգայ: Մէկ այլ...

Ձեր Մարմինը Օգնութիւն Կը Խնդրէ…  Սննդանիւթերու Անբաւարարութեան Նախազգուշական Նշաններ

Ձեր Մարմինը Օգնութիւն Կը Խնդրէ… Սննդանիւթերու Անբաւարարութեան Նախազգուշական Նշաններ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մարդուն մարմինը բարդ համակարգ է, եւ երբ անոր կը պակսին էական սննդանիւթեր, ան նախազգուշական նշաններ կ՛ուղարկէ, որոնք պէտք չէ անտեսել: Ստորեւ կը ներկայացնենք սննդանիւթերու անբաւարարութեան ամենատարածուած նշանները, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաք վերականգնել ձեր մարմնին հաւասարակշռութիւնը ճիշդ սնունդի միջոցով: - ՉՈՐ ՄՈՐԹ. ձեր մարմինը Էօ. կենսանիւթի պակաս ունի. ան հզօր հակաօքսիտան է, որ կ՛օգնէ խոնաւցնելու եւ պաշտպանելու մորթը վաղաժամ...

Հետաքրքրական.   Գալեա Նովենցը` Առաջին Ու Միակ Հայ Դերասանուհին…

Հետաքրքրական. Գալեա Նովենցը` Առաջին Ու Միակ Հայ Դերասանուհին…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Գալեա Նովենցը Հայաստանի ամենասիրուած եւ տաղանդաւոր դերասանուհիներէն էր, յայտնի` թատրոնի եւ շարժապատկերի աշխարհէն ներս իր խորապէս զգացմունքային եւ վաւերական դերակատարումներով: Քանի մը տասնեակ տարի տեւած ասպարէզին ընթացքին ան կեանքի կոչեց ուժեղ եւ բարդ հայ կնոջ կերպարներ` անմոռանալի հետք ձգելով խորհրդային եւ հայկական շարժապատկերի պատմութեան մէջ: Գալեայի ամենայայտնի դերը եղած է «Նահապետ» ժապաւէնին մէջ (1977), ուր ան պատկերած է...

Հոգեբանին Կարծիքով.  Դրական Խրախուսանքին Կարեւորութիւնը Երեխային Համար

Հոգեբանին Կարծիքով. Դրական Խրախուսանքին Կարեւորութիւնը Երեխային Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երեխային ուղղուած տեւական դիտողութիւնները ոչ միայն իրենց նպատակին չեն ծառայեր, այլ, ընդհակառակը, անոր մէջ կ՛ամրապնդեն անցանկալի վարքը: Օրինակ, երբ երեխան անուշադիր է, ցրուած է եւ ծնողքը կամ մեծ հայրիկն ու մեծ մայրիկը յաճախ կը բարձրաձայնեն՛ «Ի՛նչ անուշադիր ես», «Նորէ՛ն մոռցար», «Անյոյս պարագայ ես» եւ այլն... այս ժխտական արտայայտութիւնները աւելի եւս կ՛ամրապնդեն անցանկալի վարքը: Ի՞նչ Ընել Փոխանակ ամէն անգամ...

Page 2 of 23 1 2 3 23

Արխիւներ