Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մանուկներու հոգեբան Ժագ-Ֆուրնիէի կարծիքով, սուտը մաս կը կազմէ երեխային բնական զարգացման. կոպտօրէն հակազդելու կամ պատժելու փոխարէն` նախընտրելի է հասկնալ, թէ ան ինչո՛ւ կը ստէ, եւ աստիճանաբար անոր սորվեցնել պարկեշտութեան կարեւորութիւնը: Վստահութեան մթնոլորտը եւ հոգատար մօտեցումը կ՛օգնեն երեխային ազատօրէն արտայայտուելու եւ նուազեցնելու ստելու կարիքը:
Երեխային մօտ ստելը կը զարգանայ անոր ճանաչողական եւ յուզական զարգացման համապատասխան:
2 – 4 տարեկան երեխան կը սկսի ստել տարրական ձեւով: Օրինակ` ան կրնայ հերքել, որ տուրմ կերած է, նոյնիսկ եթէ բերնին շուրջ տուրմի հետքեր կան:
5 – 8 տարեկան երեխան աւելի հմուտ կը դառնայ հետքերը թաքցնելու եւ յոյզերը վերահսկելու` բացայայտուելէ խուսափելու համար:
9 – 10 տարեկան երեխան կրնայ աւելի համոզիչ եւ մտածուած ստել. միաժամանակ ան կը սկսի հասկնալ սուտի բարոյական հետեւանքները:
Ինչո՞ւ երեխան կը ստէ
Ա.- Պատիժէ խուսափելու համար, քանի որ կը վախնայ հետեւանքներէն:
Բ.- Բան մը ձեռք բերելու համար, քանի որ կը մտածէ, թէ այլ կերպ պիտի չստանայ զայն:
Գ.- Յուսախաբ չընելու համար, մանաւանդ երբ ծնողները իրմէ մեծ ակնկալիքներ ունին:
Դ.- Ծնողները պաշտպանելու համար. ան գաղտնի կը պահէ իր ձախող նիշերը, ընկերներուն հետ հարցերը… կը ստէ, որպէսզի ծնողները չմտահոգէ եւ զանոնք չնեղացնէ իր հարցերով:
Ե.- Վառ երեւակայութեան պատճառով. երեխաներուն մօտ իրականութեան եւ երեւակայութեան միջեւ սահմանը երբեմն մշուշապատ կ՛ըլլայ: Ան երեւակայական պատմութիւններ կը յօրինէ` ոչ անպայման խաբելու մտադրութեամբ, այլ պարզապէս որովհետեւ կը հաւատայ անոնց:
Զ.- Ուշադրութիւն գրաւելու համար: Անտեսուած զգացող երեխան ծնողներուն կամ ընկերներուն ուշադրութիւնը գրաւելու համար սուտի կը դիմէ. երբեմն ան չափազանցուած կամ հեքիաթային պատմութիւններ կը յօրինէ տպաւորելու կամ իր ներկայութիւնը փաստելու համար:
Ժագ-Ֆուրնիէի կարծիքով, ստելը երեխային մօտ սխալ դաստիարակութեան կամ անպարկեշտութեան նշան չէ, այլ պարզապէս` ինքզինք պաշտպանելու անճարակ փորձ…
Ստախօս երեխան պատժելը ապարդիւն է: Կարեւոր է հասկնալ անոր վարքագիծին պատճառը եւ ըստ այնմ լուծումներ փնտռել:
Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ…
– Լոլիկը օգտակար է տեսողութեան:
ՃԻՇԴ. Ա. կենսանիւթով հարուստ լոլիկը կրնայ բարելաւել տեսողութիւնը, մանաւանդ` կանխարգիլել «մեքիւլըր տեճեներէյշըն» կոչուած ծանր ու անբուժելի աչքի հիւանդութիւնը:
* * *
– Սառնարանին մէջ լոլիկը աւելի երկար կը պահպանուի:
ՍԽԱԼ. ցուրտ միջավայրի մէջ լոլիկին համն ու բոյրը կը տուժեն, զայն պէտք է պահել սենեակի ջերմութեամբ արեւի ճառագայթներէն հեռու:
* * *
– Լոլիկը լուալու ատեն պէտք չէ հանել անոր պտղակոթը:
ՃԻՇԴ. թելադրելի է, որ լոլիկը լուացուի գործածութենէն անմիջապէս առաջ` պտղակոթը վրան, որպէսզի մէջը ջուր չլեցուի ու համը պահպանուի:
* * *
– Սուրճը կ՛օգնէ մտային կարողութեան:
ՃԻՇԴ. բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ օրական 3 գաւաթ սուրճ խմող մարդիկ տարիներու ընթացքին կը պահպանեն իրենց մտային կարողութիւնները եւ աւելի պաշտպանուած կ՛ըլլան «Ալզայմըր» հիւանդութենէն:
* * *
– Սուրճը կ՛այրէ ճարպերը:
ՃԻՇԴ. կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, սուրճին պարունակած «Փոլիֆենոլ»-ները կ՛օգնեն մարմնին` արագ այրելու կուտակուած ճարպերը: Թունդ սուրճը նաեւ ախորժակ կտրելու յատկութիւն ունի: Բայց ուշադիր, սուրճին պէտք չէ աւելցնել շաքար, կաթ կամ սեր…
* * *
– Սուրճը կը խանգարէ քունը:
ՃԻՇԴ եւ ՍԽԱԼ. ոչ միշտ, քանի որ բոլորին մօտ, քաֆէինը նոյն ձեւով չ՛իւրացուիր: Ոմանք երեկոյեան գաւաթ մը խմելով, կը վնասեն իրենց քունին, մինչ ուրիշներ շատ հանգիստ կը քնանան:
* * *
– Ջուր խմելու համար պէտք չէ սպասել ծարաւին:
ՃԻՇԴ. Այս ազդանշանը տեղի կ՛ունենայ, երբ մարմինը արդէն ջրազրկուած է: Հետեւաբար անհրաժեշտ է ջուր խմել կանոնաւոր կերպով` անկողինէն ելլելէ անմիջապէս ետք, ճաշի ժումերուն միջեւ, մարզանքի ընթացքին եւ այլն…
* * *
– Պաղ ջուր խմելը վնասակար չէ:
ՍԽԱԼ. շատ պաղ ջուրը կը վնասէ ակռաներուն (յատկապէս եթէ գերզգայուն են), կոկորդին եւ մարսողական համակարգին: Տաք եղանակին 8-12 ջերմաստիճան ջուրը իտէալական է:
* * *
– Ջուրը դեղ է:
ՃԻՇԴ. օրական 5 բաժակ ջուր խմելը 4,5 տոկոսով կը նուազեցնէ յամրաղիի քաղցկեղի հաւանականութիւնը, 75 տոկոսով ստինքի եւ 50 տոկոսով` միզամանի քաղցկեղի հաւանականութիւնը:
* * *
– Անբաւարար քունը կը գիրցնէ:
ՃԻՇԴ. ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ անբաւարար քունը կը նպաստէ ախորժակի բարձրացման, քանի որ շատ կարճ գիշերէ մը ետք, «լեփթին» կոչուած հորմոնը (յագեցումի հորմոն) որոշ խախտումներ կ՛արձանագրէ, մինչ անօթութեան պատասխանատու հորմոնը կը գերիշխէ: Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, քունի պակասը կը նպաստէ գիրութեան եւ սոնքութեան, մասնաւորաբար` գիշերային ժամերու աշխատողներուն եւ երեխաներուն մօտ::
* * *
– Լոյսը կը խանգարէ քունը:
ՃԻՇԴ. լոյսը կը դանդաղեցնէ «մելաթոնին» կոչուած հորմոնին գործընթացը, իսկ այս հորմոնը ծանօթ է որպէս քունի հորմոն: Լոյսը նաեւ կ՛աւելցնէ յաճախակի զարթնումի հաւանականութիւնը եւ կը խանգարէ քունի ընթացքը:
* * *
– Ոգելից ըմպելիները կ՛օգնեն քունին:
ՍԽԱԼ. թէեւ ալքոլը կ՛օգնէ, որ ենթական թմրի ու քունի անցնի, սակայն այդ քունը կ՛ըլլայ անորակ եւ յաճախակի ընդհատումներով:
Գործնական Թելադրանքներ
Ինչպէ՞ս Հիմնովին Մաքրել Փուռը
Իւրաքանչիւր գործածութենէ ետք պէտք է հիմնովին մաքրէք ձեր խոհանոցին փուռը, որպէսզի իւղերն ու աղտերը չքարանան եւ յաջորդ գործածութեան ան թէ՛ մաքուր եւ թէ՛ մանրէազերծուած ըլլայ: Ստորեւ` քանի մը գործնական թելադրանքներ.
– Փուռը պէտք է մաքրել գործածութենէն անմիջապէս ետք, քանի որ ներսի տաքութիւնը հալեցուցած կ՛ըլլայ իւղերն ու աղտերը, եւ դուք նուազ ժամանակ կը տրամադրէք եւ նուազ ճիգ կը գործադրէք զայն մաքրելու համար:
– Նախքան մաքրութեան ձեռնարկելը` դուրս հանեցէք մէջի դարաններն ու ափսէները:
– Փուռ մաքրելու ամէնէն դիւրին եւ արագ միջոցը խանութները վաճառուող յատուկ սփրէյներն են. անոնց փրփրոտ բաղադրութիւնը կարճ ժամանակի մէջ կը չէզոքացնէ աղտերը:
– Փուռը կարելի է մաքրել նաեւ` սոտայով, կիտրոնի շերտերով, քացախով, քարաղով եւ տաք ջուրով:
Ձեր Անվտանգութեան Համար
Նախքան մաքրութեան սկսիլը` ձեր ձեռքերը պաշտպանեցէք ձեռնոցներով, աչքերը ակնոցով, իսկ քիթն ու բերանը` դիմակով: Քիմիական դեղերը կրնան շնչառական արկածներ պատճառել, վնասել ձեր մորթին ու աչքերուն:
Երեխաներուն ներկայութեան փուռ մի՛ մաքրէք, փուռին տաքութիւնը եւ քիմիական դեղերը զանազան անհանգստութիւններ կրնան պատճառել:
Դուռ-պատուհան բացէք, որպէսզի դեղերուն հոտերը չշնչէք եւ չանհանգստանաք:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Ի՞նչ յաճախականութեամբ պէտք է մաքրել խոհանոցին սարքերն ու իրերը.
– Սառնարանը` շաբաթական դրութեամբ, քանի որ խճողուածութիւնն ու փճացած մթերքը կրնան տհաճ հոտեր յառաջացնել եւ մանրէներու յարմար միջավայր ստեղծել: Սառնարանի մեծ եւ ընդհանուր մաքրութիւն յանձնարարելի է կատարել 3-4 ամիսը անգամ մը:
– Խոհանոցի աշխատասեղանը եւ լուացարանը պէտք է մաքրել օրական, ի հարկին` քանի մը անգամ:
– Խոհանոցի ձեռքի եւ ամանեղէնի սրբիչները պէտք է առնուազն 2 օրը անգամ մը փոխարիլել նորով մը, իսկ ինչ կը վերաբերի պնակեղէններու սպունգին, զայն պէտք է փոխել շաբաթական դրութեամբ:
– Խոհանոցը զետեղուած աղբի դոյլը պէտք է օճառ-ջուրով լուալ օրական աւելորդ է ըսել, որ ան մանրէներու բոյն է եւ յարմար միջավայր` ճանճերու, բողոճներու եւ այլն…
– Մարալիքը պէտք է մաքրել շաբաթական դրութեամբ, բացի եթէ ուտելիքի մասնիկներ, ճարպի մնացորդներ փակած են անոր ներսի պատերուն:
Խոհագիր
Ձիթապտուղով Կարկանդակ
Խմորին համար`
– 4 գաւաթ ալիւր
– 1 գաւաթ նարինջի հիւթ
– 1 գաւաթ ձէթ
– 2 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 1 թէյի դգալ աղ
Միջուկին համար
– 400 կ մանրուած սեւ ձիթապտուղ
– 2 սոխ բարակ շերտուած
– 1 ապուրի դգալ լոլիկի մածուկ
– 1 ապուրի դգալ պղպեղի մածուկ
– 1 ապուրի դգալ փոշի անանուխ
Պատրաստութիւն
Խմորը լաւ շաղել, բաժնել 4 հաւասար գունդերու եւ կէս ժամ հանգչեցնել:
Իւրաքանչիւր գունդ 1 սմ հաստութեամբ գլանով բանալ եւ վրան տարածել միջուկը, ապա ոլորել ու ափսէին մէջ փոխադրել: Ոլորուած խմորները իրարմէ քիչ մը հեռու շարել, իւրաքանչիւրին երեսը հաւկիթի դեղնուցով ծեփել ու շուշմայ ցանել:
Եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ` 180 ջերմաստիճանով, շուրջ 35 վայրկեան: Սպասել, որ քիչ մը պաղի` նախքան շերտելն ու մատուցելը:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հոգեխառն Ձօն Ծերութեանը
Ինչ լա՛ւ է լինել ութսուն տարեկան,
Հանդարտ զննել անցեալն ու ներկան,
Կեանքից լողալ դուրս ու կանգնել ափին,
Հեռացած նայել քո անցած ճամբին:
Ամէն ինչի հետ` սէր, խանդ ու արկած
Անդարձ, հիմնովին հաշիւը փակած,
Անցած սէրերիդ ժպիտով նայել,
Ինքդ քեզ գթալ, ինքդ քեզ ծաղրել,
Որ տառապել ես փուչ մարդկանց համար,
Եղել միամիտ, եղել ես յիմար,
Հաւատացել ես սուտ գաղափարին,
Ինքդ էլ չես ջոկել քո չարն ու բարին:
Ի՛նչ լաւ է` պարպուած սիրելու բեռից`
Չնկատե’լ իսկ հակառակ սեռին,
Զգացմունքներից խօսել հեգնանքով,
Դինջ, անմասնակից ու երրորդ դէմքով,
Ապրել հէնց այնպէս, ազատ, անփական,-
Ինչ լա՛ւ է լինել ութսուն տարեկան:
Ինչ լա՛ւ է լինել ութսուն տարեկան,
Վերանալ հողից ու քեզնի՛ց անգամ,
Լինել մի ծերուկ, մի պարզուկ պառաւ,
Քեզանով չափել աշխարհը արար,
Գլխացաւանքից քեզ հեռու պահել,
Միշտ տրտնջալու իրաւունք շահել,
Լինել մի քիչ խուլ, խռովկան մի քիչ.
Գլուխ չհանել նոր ժամանակից
Ու կամաց-կամաց հասկանալ, զգալ,
Որ նայում են քեզ` որպէս մի մանկան,
Որ արդէն տալիք-առնելիք չունես,
Որ կեանքում արդէն անելիք չունես,
Որ լաւ կը լինի ինքդ քեզ յարգես,
Ինքդ քո ձեռքով իրերդ կապես,
Ճանապարհ ընկնես հաշտ ու ինքնակամ…
ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ