Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ուղեղը մարդու մարմնին ամենաբարդ օրկանն է: Ան մեր զգացողութիւններուն, մեր միտքերուն, մեր յոյզերուն շտեմարանն է, եւ` մեր շարժումներուն տիրակալը: Այլ խօսքով, ջղային համակարգի հիմնական տարրն է:
Նախքան թուելը այն 10 պարզ միջոցները, որոնց շնորհիւ դուք կրնաք ապահովել ձեր ուղեղին առողջութիւնը, ծանօթացէք ձեր ուղեղին առողջութեան սպառնացող վտանգներուն:
Ա.- Ոգելից խմիչքներու, ծխախոտի եւ թմրանիւթերու օգտագործում,
Բ.- Ընկճախտ,
Գ.- Անբաւարար քուն,
Դ.- Գերծանրաբեռնուած աշխատանք` առանց դադարի կամ հանգիստի,
Ե.- Ապականած միջավայր,
Զ.- Ուղեղին անհրաժեշտ սննդանիւթերու պակաս (հակաօքսիտաններ, կենսանիւթեր, հանքայիններ, Օմեկա 3, եւ այլն…),
Է.- Նստակեաց ապրելակերպ,
Ը.- Հանդարտեցուցիչ դեղերու չարաշահում:
Ստորեւ` 10 դիւրին միջոցներ, որոնց շնորհիւ կը վերահսկէք ձեր ուղեղին առողջութիւնը:
– 1 –
Հրաժարեցէք` ծխախոտէն, ոգելից խմիչքներէն, քնաբեր եւ հանդարտեցուցիչ դեղահատերէն, որոնք ժամանակի ընթացքին կը բթացնեն ուղեղը:
– 2 –
Ընկճախտ, ապականում, ծխախոտ… բոլորն ալ կը նպաստեն ձեր կանխահաս ծերութեան: Պաշտպանուելու համար կերէք կենսանիւթերով եւ յատկապէս Սէ. կենսանիւթով հարուստ մթերքներ:
– 3 –
Օրական ծլած հատեղէն կերէք: Կենսանիւթերով, հանքայիններով եւ հակաօքսիտաններով հարուստ այս ծիլերը օգտագործեցէք ձեր աղցաններուն եւ ապուրներուն պատրաստութեան մէջ:
– 4 –
Խորունկ շնչեցէք, թթուածինը ուղեղին 2 գլխաւոր «վառելանիւթերէն» մէկն է: Խուսափեցէք ապականած վայրերէն եւ հնարաւորինս բնութեան գիրկը ապաստանեցէք մաքուր օդ շնչելու համար:
– 5 –
Օրական նուազագոյնը 7 ժամ քնացէք. քունը կը հանգստացնէ գերծանրաբեռնուած ուղեղը, նաեւ կը բարելաւէ յիշողութիւնն ու կեդրոնացումը:
– 6 –
Մոցարթ ունկնդրեցէք: Հետազօտութիւններ կը վկայեն, որ երաժշտութիւնը կը խթանէ երեւակայութիւնը, յոյզերն ու տրամաբանութիւնը: Կայ վարկած, որուն համաձայն, Մոցարթի գործերը ունկնդրող անձերը աւելի խելացի կ՛ըլլան… կ՛արժէ մտածել:
– 7 –
Դուրս եկէք միօրինակ կեանքէն: Միշտ նոր ծրագիրներ մշակեցէք, ճամբորդեցէք, մարզաձեւի մը հետեւեցէք, գծագրութեան կամ ծաղկայարդարանքի դասընթացքներու արձանագրուեցէք, միութեան մը կամ բարեսիրական կազմակերպութեան մը անդամակցեցէք:
– 8 –
Լաւ, առողջ տեսակի իւղեր օգտագործեցէք, ինչպիսիք են Օմեկա 3-ը, Օմեկա 6-ը: Առանց վարանումի` կերէք աւոքատօ, ձկնեղէն, ընկուզեղէն, ձիթապտուղի ձէթ եւ այլն…
– 9 –
Ամէն առտու հայելիին առջեւ ժպտեցէ՛ք: Արդէն ծանօթ էք խնդուքին բարեգործ ազդեցութեան. սակայն տրուած ըլլալով, որ շատ շատեր ցաւօք խնդալու պատճառ չունին, առնուազն ժպտելու պզտիկ փորձ մը ըրէք, թէկուզ` ձեր ուղեղին օգտին համար: Մի՛ վարանիք պարբերաբար ծիծաղաշարժ ժապաւէններ դիտելու:
– 10 –
Շարժեցէ՛ք: «Տը լենսեթ հելթի լոնկեվիթի» ամսաթերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութիւն մը կը շեշտէ կարեւորութիւնը ֆիզիքական աշխուժութեան` թուելով անոր առաւելութիւնները`
– Բարելաւում յիշողութեան եւ կեդրոնացումի,
– Ճանաչողական անկման նուազում:
Շաբաթական 5 անգամ առնուազն կէս ժամ տրամադրեցէք` քալելու, լողալու, հեծանիւ քշելու եւ այլն…
Ինչպէ՞ս Կազմակերպել Երեխային Սենեակը`
Հանգիստ Քուն Ապահովելու Համար
Քունը երեխայի աճման կարեւոր մէկ մասնիկն է, եւ այն միջավայրը, ուր ան կը քնանայ, մեծ դեր կը խաղայ անոր քունի որակին մէջ: Լաւ կազմակերպուած եւ յարմարաւէտ սենեակը կրնայ օգնել ձեր երեխային` աւելի դիւրին քնանալ եւ աւելի խաղաղ գիշերներ անցընել:
Ձեր երեխային սենեակը հանգիստ, անվտանգ եւ գործնական ձեւով կահաւորելը կ՛օգնէ քունի բարենպաստ միջավայրի ստեղծման, ինչ որ շատ կարեւոր է ձեր փոքրիկին առողջութեան եւ բարեկեցութեան համար:
Մեր օրերուն հիւանդանոցէն տուն բերուած մանուկը արդէն իսկ ունի իր առանձին սենեակը եւ հոն ալ կը քնանայ առաջին իսկ օրէն: Այսուհանդերձ, շատ մը մանկաբուժներու կարծիքով, երեխան գոնէ մինչեւ 6 ամսու ըլլլաը պէտք է քնանայ ծնողներուն սենեակը եւ մօտիկ` իր մօրը, քանի որ մայր-երեխայ կապը այս շրջանին շատ կարեւոր է երեխային հոգեկան եւ ֆիզիքական զարգացման համար:
Նորածինին առաջին գիշերները դժուար թէ հեզասահ անցնին. լաց, խուճապի մատնուած ծնողներ, լարուած մթնոլորտ… Ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի ձեր մանուկը առաջին իսկ օրերէն սիրէ իր մահճակալը, հանգիստ ու ապահով զգայ իր նոր բոյնին մէջ, եւ վերջ գտնեն գիշերային մղձաւանջները:
Ա.- Ընտրեցէք զինք «ընկալող» մահճակալ մը:
Երեխային մահճակալը պէտք է ըլլայ փոքրիկ` իր չափերուն համապատասխան: Մօր արգանդէն նոր դուրս եկած երեխան պէտք է ապահով զգայ իր բոյնին մէջ: Մահճակալը թող օժտուած ըլլայ բամպակեայ փափուկ բարձով, սաւանեղէնով եւ ծածկոցով: Ձեր թեւերուն մէջ թէ մահճակալին` երեխան հաճոյք կ՛առնէ, երբ պարուրուած կը զգայ: Մինչդեռ մեծ չափի մահճակալի մը մէջ ան խորթ պիտի զգայ եւ բնականաբար պիտի լայ:
Կարեւոր է նաեւ, որ երեխային մահճակալը թէ՛ սենեակին մէջ եւ թէ՛ սենեակէն դուրս տեղէ տեղ չփոխադրուի. մանուկը պէտք է ընտելանայ իր անկիւնին եւ միջավայրին եւ քանի մը օրը անգամ մը տեղ չփոխէ:
Երեխային մահճակալը տեղադրելու ատեն պէտք է նկատի առնէք հետեւեալ կէտերը.
Ա.- Մահճակալը պէտք է հեռու գտնուի ջեռուցման սարքերէն.
Բ.- Երեխային ննջասենեակին իտէալ ջերմաստիճանը 18-22 է:
Գ.- Երեխային մահճակալին մօտ պէտք չէ գտնուին գորգեր, թանձր վարագոյրներ, փափուկ (փըլիւշ) խաղալիքներ, որոնք փոշիի բոյն են:
Դ.- Երեխային սենեակը պէտք է զերծ ըլլայ ծխախոտի ծուխէն եւ օրական օդափոխուի:
Ե.- Երեխային մահճակալը պէտք է տեղադրուի այնպիսի տեղ մը, որ պաշտպանուած ըլլայ օդի հոսանքէ, բայց նաեւ` խոհանոցի բոլոր տեսակի հոտերէն:
Զ.- Երեխային ապահովութեան համար մահճակալը պէտք չէ դրուի պատուհանի մօտ, եթէ ապահովութեան ճաղերով օժտուած չէ:
Թելադրելի է երեխային մահճակալը լուսաւոր տեղ մը դնել, իսկ որքան այլազան ըլլայ մահճակալէն բացուող տեսարանը, այնքա՛ն աւելի լաւ, քանի որ երեխաները շատ կը հետաքրքրուին նորութիւններով:
Քնացնելու ժամանակ պարտադիր չէ, որ սենեակին մէջ խոր լռութիւն տիրէ, զայն վարժեցուցէք քնանալու մեղմ ձայներով շրջապատուած: Մօր արգանդին մէջ անոր կը հասնէին դուրսի աշխարհի բոլոր ձայները, որոնց հետ ան արդէն ընտելացած է: Ան պէտք է վարժուի իր շուրջ տիրող ձայներուն, ընտելանայ անոնց հետ, այլապէս հետագային դժուարութիւններ կրնաք դիմագրաւել:
Ինչպէս նկատեցիք, ձեզմէ պահանջուածը մեծ բան չէ, երբ հարցը կը վերաբերի ձեր սրտի հատորին:
Հետաքրքրական
«Յիշողութեան Սլաքներ»
Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը մայիս 31-էն մինչեւ յուլիս 30-ը կը ցուցադրէ հայ մեծերու` գրականութեան, երաժշտութեան, թատրոնի եւ շարժապատկերի երեւելի անձերու ժամացոյցները, որոնցմէ իւրաքանչիւրին սլաքը կանգ առած է յիշողութեան ակնթարթի մը մէջ:
Ցուցադրուած 60 ժամացոյցներուն շարքին են Միքայէլ Նալբանդեանին, Յովհաննէս Թումանեանին, Ակսէլ Բակունցին, Վահրամ Փափազեանին, Մարտիրոս Սարեանին եւ մեծերու ժամացոյցները, իւրաքանչիւրը իր պատմութեամբ ու խորհուրդով:
Ներկայացուած հաւաքածոյին մէջ միայն Բարսեղ Կանաչեանի ժամացոյցն է, որ կը շարունակէ աշխատիլ մինչեւ օրս` դառնալով ժամանակի խօսուն վկան:
Թանգարանի տնօրէն Սուզաննա Խոջամիրեանի խօսքով, այս ժամացոյցները ուղեկցած են մեր մեծերուն ստեղծագործական ամբողջ կեանքին, իսկ անոնց սլաքները այսօր ցոյց կու տան ոչ թէ թիւեր, այլ` պատմութիւններ, ապրած պահեր եւ յիշողութիւններ:
Greggs-ի Խմորապատ Նրբերշիկի Քանդակը
Այսօրուընէ Լոնտոնի նշանաւոր Մատամ Թուսոյի թանգարանը կը ցուցադրէ իր առաջին… սննդամթերքը: Այցելուները պիտի տեսնեն Greggs ցանցի բրիտանական խորհրդանշական խմորապատ նրբերշիկի քանդակը:
Թանգարանի աղբիւրներուն համաձայն, այս առաջին սնունդի առարկան է, որուն առանձին տեղ կը յատկացուի բրիտանական մշակոյթին նուիրուած ցուցահանդէսին: Greggs-ի նրբերշիկի գլանակը դարձած է բրիտանական առօրեայ մշակոյթի հոմանիշ: Նշենք, որ Greggs-ի ցանցերէն ներս օրական մէկ միլիոն խմորապատ նրբերշիկ կը վաճառուի, իսկ քանդակը նուիրուած է նրբերշիկի գլանակի ազգային օրուան, որ Բրիտանիոյ մէջ կը նշուի յունիսի սկիզբը:
Խոհագիր
Խնձորով Եւ Արմաւով Կարկանդակ
2 գաւաթ մանրուած խնձոր
3/4 գաւաթ մանրուած արմաւ
2 գաւաթ ալիւր
1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
1/2 թէյի դգալ պէյքինկ սոտա
1/2 գաւաթ կարագ
1/2 գաւաթ շաքար
1 հաւկիթ
1/2 գաւաթ կաթ
1/2 գաւաթ մանրուած ընկոյզ
Վանիլլա
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել` ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը, պէյքինկ սոտան:
Երկրորդ խորունկ ամանի մը մէջ հարիչով հարել կարագն ու շաքարը, մինչեւ փրփրին: Աւելցնել հաւկիթն ու վանիլլան եւ շարունակել հարել: Երկու անգամով աւելցնել ալիւրը եւ փայտեայ դգալով խառնել: Վերջապէս, աւելցնել մանրուած խնձորն ու արմաւը:
Կարկանդակի կաղապարը կարագով եւ ալիւրով ծեփել, խմորը մէջը լեցնել եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել շուրջ մէկ ժամ` 180 ջերմաստիճանով:
Շերտել եւ մատուցել լաւ պաղելէն ետք:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Երկիր
Սիրահարդ լինեմ երկիր,
Սրտիս խորքում քեզ տեղ անեմ,
Դու հորովել միայն երգիր,
Ես քո անուշ ցաւը տանեմ,
Թէ կարող ես ներող եղիր,
Որ քարիցդ հաց չեմ քամել,
Փոխարէնը պարարտ հողից
Ինքնամոռաց սէր եմ քաղել,
Ու չեմ պահել սաստիկ հողմից,
Վերջալոյսի նման մարել,
Երկիր գրկիր որբիս նորից,
Մի՛ թող ներսից շանթահարուեմ:
ՊԵՏՐՈՍ ՀՈԿՏԱՆԵԱՆ