Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Կիտրոնով Ջուր Խմեցէք
Դեղահատեր Օգտագործելու Փոխարէն
Բժշկական հետազօտութիւններ կը հաստատեն, որ կիտրոնով ջուրի ամէնօրեայ օգտագործումը անհամար բարիքներ կ՛ապահովէ մեր առողջութեան, եւ ի զուր չէ, որ այս խմիչքը դարձեր է աշխարհի բազմաթիւ մարդոց ամենատարածուած առաւօտեան սովորութիւններէն մէկը:
Կիտրոնով ջուրը հարուստ է` Պէ. եւ Սէ. կենսանիւթերով, փոթասիոմով եւ ածխաջուրերով: Այս առողջապահական, մատչելի եւ աժան խմիչքը իսկական դեղ է շատ մը առողջական խնդիրներու համար:
Առաւօտեան կիտրոնով ջուր խմելու 11 օգտակար յատկութիւնները:
1 – Կը նուազեցնէ բորբոքումը:
2 – Կը բուժէ մկանային ցաւերը:
3 – Կը նուազեցնէ յօդերու ցաւը:
4 – Կը բուժէ կրիփը:
5 – Կը կանխէ երիկամներու քարերու յառաջացումը:
6 – Կը թեթեւցնէ բշտիկներու յառաջացումը:
7 – Կը կանխէ սննդային թունաւորումը:
8 – Կը դիւրացնէ մարսողութիւնը եւ կը պաշտպանէ լեարդը:
9 – Կ՛օգնէ նիհարնալու:
10 – Կ՛ամրապնդէ դիմադրողական համակարգը:
11 – Մորթին փայլք եւ առողջ տեսք կը հաղորդէ:
Հողաթափերը Ամենավնասակար
Կօշիկները Կը Համարուին
Topical BioMedics-ի բժիշկներուն կարծիքով, թէեւ հողաթափեր կրելը յարմարաւէտ է, սակայն անոնք կը վնասեն ոտքերուն, երբ մարդիկ զանոնք կը կրեն ոչ թէ լողափին, այլ ամէնուրեք եւ երկար ժամանակ:
Այդ տիպի կօշիկները չեն կրնար ապահովել ոտնաթաթի դիրքը, առաջին տուժողները կ՛ըլլան մատներն ու կրունկը, իսկ այս բոլորը կը յանգեցնեն ծունկի յօդերու, կոնքի եւ մէջքի բարդութիւններու, կը գրէ Our Windsor պարբերաթերթը:
Հողաթափերու ներբանը սովորաբար բարակ է, այդ իսկ պատճառով ոտքը աւելի զօրաւոր կը խփուի գետնին, բան մը, որ անվտանգ չէ ոսկորներուն եւ յօդերուն համար: Միւս կողմէ` յետնամասի բացակայութեան պատճառով աւելի մեծ ուժ կը գործադրուի հողաթափը ոտքի վրայ պահելու համար:
Յաճախ կօշիկի այս տեսակի սիրահարներուն մօտ կոտրուածքները աւելի յաճախակի են, քանի որ հողաթափերը ոտքերը կը ձգեն բոլորովին անպաշտպան:
Ֆիզիքական Վարժութիւնները
Կը Կանխարգիլեն Երիկամի Քարերը
Քալիֆորնիոյ համալսարանի խումբ մը մասնագէտներ ուսումնասիրած են 50 տարիքը թեւակոխած մօտ 85 հազար կիներու տուեալները: 8 տարուան վրայ երկարող ուսումնասիրութեան աւարտին անոնք յանգած են այն եզրակացութեան, որ ֆիզիքական վարժութիւնները յստակօրէն կը նուազեցնեն երիկամներու քարերու յառաջացման հաւանականութիւնը, մինչդեռ նստակեաց ապրելակերպը կը նպաստէ անոնց յառաջացման:
Մասնագէտներուն կարծիքով, հետեւողական ֆիզիքական վարժութիւնը եւ բարձր ջերմուժ պարունակող ուտելիքներէն հրաժարումը կը պաշտպանեն երիկամները քարերէն եւ կ՛ապահովեն անոնց առողջութիւնը:
Մաշկաբանին Կարծիքով
Սովորութիւններ, Որոնք
Կը Ծերացնեն Դէմքին Մորթը
Գաղտնիք չէ, որ մորթին ճիշդ խնամքը կ՛օգնէ երկարաձգելու անոր երիտասարդութիւնը: Մաշկաբանները թուեր են հինգ հիմնական սխալներ, որոնք կը նպաստեն դէմքի մորթին վաղաժամ ծերացման:
– Խոնաւեցնող սերերու անտեսումը կ՛արագացնէ մորթին ծերացման գործընթացը: Ընտրեցէք որակեալ տեսակը եւ զայն օգտագործեցէք հետեւողական ծեւով:
– Արեւապաշտպան միջոցներու անտեսումը կը յանգեցնէ մորթին չորացման եւ վաղ կնճիռներու յառաջացման: Արեւապաշտպան միջոցները պէտք է օգտագործէք ոչ միայն լողափին կամ արեւոտ օրերուն, այլեւ` ձմրան եղանակին, քանի որ արեւային ճառագայթները կը շարունակեն բացասաբար ազդել մորթին վրայ:
– Քնանալէ առաջ մորթը մաքրելու անտեսումը պատճառ կ՛ըլլայ, որ մորթին ծակտիկները աստիճանաբար ընդլայնին, եւ անոնց մէջ ներթափանցեն շպարի միջոցներու, իւղի եւ աղտի մնացորդներ, ինչ որ ձեր դէմքը կը զրկեն թարմութենէ:
– Դէմքի խնամքի միջոցներու յաճախակի փոփոխութիւնը, քանի որ մաշկաբաններու կարծիքով, 1-2 շաբաթ կը պահանջէ, որպէսզի մորթը ընկալէ գեղեցկագիտական սերերը, իսկ անոնց արդիւնաւէտութիւնը կարելի է գնահատել օգտագործումէն քանի մը ամիս ետք: Հետեւաբար չ՛արժեր մորթը յոգնեցնել գեղեցկագիտական միջոցներու յաճախակի փոփոխութեամբ:
– Գեղեցկագիտական եւ մաքրող միջոցներու չարաշահումը: Մի՛ օգտագործէք այնպիսի միջոցներ, որոնք չեն համապատասխաներ ձեր տարիքին կամ մորթի տեսակին: Ջանացէք շպար չօգտագործել, եթէ անոր կարիքը չկայ: Եւ որպէս ոսկի կանոն` օգտագործեցէք որակեալ գեղեցկագիտական եւ մաքրող միջոցներ:
Պարտիզպանական 8 Հնարքներ,
Որոնց Մասին Շատերը Չեն Գիտեր
Պարտզպանութիւնը ե՛ւ արուեստ է ե՛ւ գիտութիւն, որ կը պահանջէ գիտելիքներու, համբերութեան եւ ստեղծագործութեան նուրբ հաւասարակշռութիւն:
Մինչ շատար կ՛ապաւինին առեւտրային պարարտանիւթերուն, որոնց մեծ մասը կը պարունակէ թունաւոր քիմիական նիւթեր, կան բազմաթիւ բնական այլընտրանքներ, որոնք կրնան բարելաւել բոյսերուն աճը եւ առողջութիւնը: Այս հնարքները ոչ միայն գումար կը խնայեն, այլեւ կը խթանեն պարտիզպանութեան աւելի առողջ մօտեցումը:
Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք պարտիզպանական 8 հնարքներ, որոնց մասին քիչերը գիտեն:
1.- ՍՈՏԱՆ բազմակողմանի կենցաղային նիւթ մըն է, որ կրնայ նաեւ հրաշքներ գործել բոյսերուն համար: Սոտան յատկապէս օգտակար է ծաղկող բոյսերուն համար: Ծաղիկներուն առողջ աճը ապահովելու համար 1 ապուրի դգալ սոտան լուծեցէք 4 լիթր ջուրի մէջ եւ ամիսը անգամ մը ջրեցէք ձեր բոյսերուն հողը:
Սոտան նաեւ կրնայ կանխել սնկային հիւանդութիւնները` օրինակ փոշոտ բորբոսը: 1 թէյի դգալ սոտան լուծեցէք մէկ լիթր ջուրի մէջ, աւելցուցէք քանի մը կաթիլ աման լուալու հեղուկ, եւ ցօղացիր շիշի օգնութեամբ պարբերաբար ցօղեցէք հիւանդ տերեւները:
2.- ԷՓՍՈՄ ԱՂԸ յայտնի միջոց է կանաչ տերեւներ եւ առողջ բոյսեր աճեցնելու համար: Երկու ապուրի դգալ էփսոմ աղը լուծեցէք 4 լիթր ջուրի մէջ եւ երկու շաբաթը անգամ մը ցօղեցէք ձեր բոյսերուն տերեւները:
3.- ՍՈՒՐՃԻ ՄՐՈՒՐԸ հարուստ է ազոթով, հետեւաբար կարեւոր սննդանիւթ է ձեր բոյսերուն աճին համար: Սուրճի մրուրը նաեւ կ՛օգնէ, որ հողը չքարանայ, այլ, ընդհակառակը, փափկանայ ու շնչէ: Ձեր բոյսերը քանի մը օրը անգամ մը ջրեցէք ջուրի մէջ լուծուած սուրճի մրուրով: Այս խառնուրդը կրնայ նաեւ բոյսը պաշտպանել որոշ տեսակի ճճիներէն եւ խխունջներէն:
4.- ՀԱՒԿԻԹԻՆ ԿԵՂԵՒԸ կիրի հիանալի աղբիւր է, ինչ որ կարեւոր է բոյսերու բջիջներուն աճին եւ ամրութեան համար: Հաւկիթներուն կեղեւները մաքրեցէք, մանրեցէք եւ տարածեցէք ծեր բոյսին հողին մակերեսին եւ կամ պարզապէս խառնեցէք հողին հետ: Այս միջոցը ոչ միայն կիր կ՛ապահովէ ձեր բոյսին, այլեւ կ՛օգնէ բարելաւելու հողին օդափոխութիւնը:
5.- ԿԱԹԸ բնական միջոց է փոշոտ բորբոսի եւ սնկային հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու համար: 1 բաժակ կաթին 2 բաժակ ջուր աւելցուցէք եւ ցօղացիրի միջոցով ցօղեցէք վարակուած բոյսերը իւրաքանչիւր 10-14 օրը անգամ մը: Կաթին սպիտակուցները, որպէս հականեխիչ, կ՛օգնեն ոչնչացնելու սնկային գոյակցութիւնները եւ կանխելու անոնց տարածումը:
6.- ԱՍՓԻՐԻՆԸ կ՛օգնէ բարձրացնելու բոյսերուն դիմադրողականութիւնը: 1 ասփիրին լուծեցէք չորս լիթր ջուրի մէջ եւ ցօղեցէք ձեր բոյսերը 3 շաբաթը անգամ մը: Հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ ասփիրինը կրնայ խթանել բոյսերուն աճը եւ բարձրացնել բերքատուութեան մակարդակը. այսուհանդերձ, կարեւոր է զայն չափաւոր օգտագործել` բացասական հետեւանքներէ խուսափելու պամար:
7.- ԿԱՍԻԱՆ բնական հակասնկային միջոց է` կանխելու կամ բուժելու բոյսերուն սնկային հիւանդութիւնները: Զայն պարզապէս ցանեցէք բոյսին շուրջը գտնուող հողին մակերեսին. այս պարզ միջոցով կրնաք նաեւ հեռացնել ձեր բոյսերուն առողջութիւնը վտանգող մրջիւնները:
8.- ՊԱՆԱՆԸ հարուստ է փոթասիոմով, որ կարեւոր նիւթ է ծաղկող բոյսերուն համար: Փոթասիոմը կ՛ամրացնէ բոյսերուն բջիջային պատերը, կ՛ամրացնէ անոնց դիմադրողականութիւնը եւ կը խթանէ ծաղկումը:
Պանանին կեղեւը որպէս պարարտանիւթ օգտագործելու համար զայն կտրատեցէք եւ թաղեցէք ձեր բոյսերուն եւ յատկապէս վարդի թուփերուն շուրջ:
Խոհագիր
«Pain Perdu »
Ֆրանսական Աղանդեր
Եթէ ձեռքի տակ ֆրանսական հացի (պակեթ կամ Փեն տը մի) օթեկ մնացորդներ ունիք, մի՛ թափէք զանոնք, այլ պատրաստեցէք այս դիւրին եւ աժան անուշեղէնը, որ ֆրանսացիներուն սիրելի աղանդերն է:
Բաղադրիչներ`
– 2 հաւկիթ
– Կէս լիթր կաթ
– 1 ապուրի դգալ շաքար
– Քանի մը կաթիլ ուիսքի կամ ռոմ
– Քիչ մը վանիլլա
– 6 շերտ փեն տը մի
– 100 կ կարագ
– Փոշի շաքար եւ կասիա` զարդարանքի համար
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ` հարել հաւկիթները, աւելցնել շաքարը, խմիչքը, կաթն ու վանիլլան եւ բոլորը խառնել` ձեռքի թել հարիչով:
Հացի շերտերը երկու երեսով թաթխել խառնուրդին մէջ, այնքան մը, որ լաւ ծծեն, բայց չփափկանան:
Տապակին մէջ հալեցնել կարագը եւ երկու երեսով տապկել հացի շերտերը, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:
Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել հացի շերտերը, երեսը զարդարել փոշի շաքարով եւ կասիայով ու ինչո՞ւ չէ, նաեւ` թարմ պտուղներով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Պատահել Է…
Պատահել է հաց չեմ կերել,
Սովից` հացի տաշտն եմ քերել:
Բայց սեփական`
Ո՛չ ուրիշի…
Պատահել է ցրտից մրսել,
Լուռ` պատի տակ կուչ եմ եկել:
Ի՜մ տան պատի`
Ո՛չ ուրիշի…
Պատահել է ցաւս կոծկել,
Թաքուն, մենակ լաց եմ եղել:
Պղտորելով աչքերը իմ`
Ո՛չ ուրիշի…
Պատահել է որ չեմ ապրել,
Կլոր տարում անգամ մէկ օր:
Բայց շնչել եմ, իմ իսկ բաժին թթուածնով,
Ո՜չ ուրիշի:
ՆԱՒԱՍԱՐԴ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ