Մարզական

Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Արցախ Ֆութպոլի Ակումբին Շնորհահանդէսը

Այսօր` երեքշաբթի, 1 օգոստոսին, նախկին Միքա մարզահամալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Արցախ ֆութպոլի ակումբին շնորհահանդէսը, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Պիտի ներկայացուին ֆութպոլիստներուն մարզահագուստները, ակումբին հովանաւորներն ու գործընկերները, գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Եսայեան ամփոփ գիծերու մէջ պիտի ներկայացնէ նախապատրաստական հանգրուանը, ինչպէս նաեւ պիտի հնչէ ակումբին քայլերգը: Այս շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ ժամը 17:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), իսկ ժամը 18:30-ին Արցախ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը...

«Ֆորմիւլա-1». Վեթել Յաղթական` Հունգարիոյ Մէջ

«Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթել նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց այս տարեշրջանի իր 4-րդ եւ իր արհեստավարժ ասպարէզին 46-րդ յաղթանակը, երբ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ արձանագրեց 1 ժամ 39' 46" արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց անոր խմբակից Քիմի Ռայքոնըն (0":90 ուշ), մինչ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ «Մերսետես»-ի վարորդ Վալթերի Պոթթաս (12" ուշ): Այսպիսով, «Ֆեռարի» 2004-էն ետք առաջին անգամ...

Ըմբշամարտ. Սամուէլ Աղաջանեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Նախորդ շաբաթավերջին Սարայեւոյի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի պատանիներու ախոյեանութիւնը: Մրցաշարքին վերջին օրը, Հայաստանի համար պրոնզ մետալ մը ապահովեց Սամուէլ Աղաջանեան, որ երրորդ դիրքի մրցումին (54 քկ) 7-0 արդիւնքով յաղթեց պուլկարացի իր մրցակիցին: Այսպիսով, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշները ազատ ոճի ըմբիշներուն նման իրենց կարգին տիրացան 3 պրոնզ մետալի:

Եուրա Մովսիսեան Վերադարձաւ

«Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Ռէալ Սոլթ Լէյք 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քոլոմպըսի հետ: Այս մրցումին 78-րդ վայրկեանին, Սոլթ Լէյքի հետ դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ վերջին շրջանին վիրաւոր էր: Ան իր վերջին մրցումը կատարեց նախորդ 5 յուլիսին` Լոս Անճելըս Կալաքսիի դէմ, երբ դարձաւ կոլի հեղինակ: 23 մրցում կատարած Ռէալ...

Լողարշաւ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. 20 Տարեկան Քինկի 3-րդ Ոսկի Մետալը

Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցող աշխարհի լողարշաւի ախոյեանութեան, ամերիկացի Լիլի Քինկ աղջկանց կուրծքի լողի 50 մեթրի մրցումներուն աշխարհի մրցանիշ մը հաստատեց (աղջիկներ)` արձանագրելով 29" 40 արդիւնք մը, յայտնեց ՖԻՆԱ-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց ռուս Եուլիա Էֆիմովա (29" 57), իսկ երրորդ դիրքը` ամերիկացի Քեթի Մէյլի (29" 99): Այսպիսով, 20 տարեկան Քինկ այս ախոյեանութեան գծով ցարդ տիրացած է 3 ոսկի մետալի:

Մալաքեան Եղբայրները` Խորհրդանշական Հաւաքականին Մէջ

Սթալի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահներ Գոռ եւ Էտկար Մալաքեան եղբայրները ուքրանական մամուլին կողմէ ընդգրկուեցան Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի խորհրդանշական հաւաքականին մէջ: «Հիասքանչ խաղ` հայ եղբայրներուն մասնակցութեամբ: Հակառակ անոր որ անոնց կազմը պարտութիւն կրեց, բայց խումբը ցուցադրեց բացառիկ ներկայացում մը: Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած խումբը, ինչպէս նաեւ Մալաքեան եղբայրները ունեցան տպաւորիչ ելոյթներ», գրեց ուքրանական կայք մը: Յայտնենք, որ այս...

Մանչեսթըր Եունայթըտ 90 Միլիոն Եւրոյի Առաջարկ Մը Պիտի Ներկայացնէ Պէյլի Համար

«Էքսփրես Սփոր» կը տեղեկացնէ, որ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը յառաջիկայ ամառ մտադիր է 90 միլիոն եւրոյի առաջարկ մը ներկայացնել` ձեռք ձգելու համար կալեսցի Կերըթ Պէյլի ստորագրութիւնը: Կալեսցի միջնապահին պայմանագրութիւնը Ռէալ Մատրիտի հետ կ՛աւարտի 2022-ին: Նախորդ տարեշրջանին Պէյլ արքայական ակումբին հետ 27 մրցումի ընթացքին նշանակեց 9 կոլ:

2022-ի Մոնտիալ. Նէյմար Քաթարէն Պիտի Ստանայ 300 Միլիոն Եւրօ… Անոր Դեսպանը Ըլլալու Պարագային

Քաթալոնական Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ իր ակումբէն հեռանալու ընթացքին մէջ է, շատ հաւանաբար մօտերս «Քաթար Սփորթց Ինվեսթմընթ»-ի հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրէ: Շատ հաւանական է, որ ան ըլլայ 2022-ի մոնտիալի Քաթարի դեսպանը, եւ ատոր համար ան պիտի գանձէ... 30 միլիոն եւրօ: Ինչ կը վերաբերի քաթալոնական ակումբին հետ անոր ապագային, կը կարծուի, որ 25 տարեկան պրազիլցին շատ մօտիկ ապագային պայմանագրութիւն մը...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Վերադարձաւ Անգլիա

Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը կատարելէ ետք, Մանչեսթըր Եունայթըտ երէկ վերադարձաւ Անգլիա, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Վոլերենկայի դէմ իր կազմին կատարած յաղթական մրցումին (3-0), Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ առանց փոխարինումի: Ան նշանակուած կոլերէն մէկուն կոլային փոխանցումը կատարեց: Վաղը` չորեքշաբթի, 2 օգոստոսին, Մանչեսթըր Եունայթըտ Տապլինի մէջ կը մրցի իտալական Սամտորիայի դէմ (բարեկամական),...

ՀՄԸՄ Լիբանան Տիրացաւ Փինկ-Փոնկի, Աթլեթի,  Ֆութսալի Եւ Ֆութպոլի Տղոց Ախոյեանութիւններուն.  Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերը Աւարտեցան Փայլուն Յաջողութեամբ

ՀՄԸՄ Լիբանան Տիրացաւ Փինկ-Փոնկի, Աթլեթի, Ֆութսալի Եւ Ֆութպոլի Տղոց Ախոյեանութիւններուն. Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերը Աւարտեցան Փայլուն Յաջողութեամբ

Շաբաթ, 29 յուլիսի յետմիջօրէին, Երեւանի «Միքա» մարզական համալիրին վրայ կատարուած պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի աւարտական մրցումներով իրենց աւարտին հասան համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերը: Աւարտական մրցումները կանխեցին 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերու ճշդումի մրցումները: Ախոյեաններու յստակացումէն ետք, մարզական համալիրի պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը` մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններուն տողանցքով, մրցանակաբաշխութեամբ եւ իւրաքանչիւր մարզաձեւի լաւագոյն մարզիկի ընտրութեամբ: Հանդիսութեան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով Իշխան...

Ասիա-2017. Մրցումներուն Պաշտօնական Սակերը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց պաշտօնական սակերը Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 8-20 օգոստոսին` «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ: Ֆետերասիոնը կոչ ուղղեց պասքեթպոլի լիբանանցի սիրահարներուն շուտով ապահովելու իրենց տոմսերը` նկատի ունենալով, որ անոնց գիները որոշակի անկում կրած են այս` Գ. հանգրուանի վաճառքին ընթացքին: Ստորեւ` տոմսերուն գիները. ՄԷԿ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ.- 80 ամերիկեան տոլար` պատուոյ թրիպիւն 40 ամերիկեան տոլար` Ա. դասակարգ...

Վաղը «Քլաս Սփոր» Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Մարզական ամէն տեսակի պիտոյք վաճառող «Քլաս Սփոր» ընկերութիւնը վաղը` երեքշաբթի, 1 օգոստոսին, պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ, թէ 8-20 օգոստոսին, Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան պիտի ըլլայ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ համագործակցողը: Մամլոյ այս ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ «Հիլթըն Հապթուր Կրանտ Օթել» պանդոկին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ), երեկոյեան ժամը 20:30-ին:

Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Յունահռոմէական Ոճի Հայ Ըմբիշները Տիրացան 2 Մետալի

Պոսնիոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ 2 պրոնզ մետալի: Հայկ Ասատրեան (50 քկ) եւ Սարգիս Թադէոսեան (69 քկ) գրաւեցին երրորդ դիրքը: Սարայեւոյի մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան, Հայաստանի ազատ ոճի հաւաքականը իր ելոյթները աւարտեց 3 պրոնզ մետալով:

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Թենիսի Տարեկան Մրցաշարքը Աւարտեցաւ Մեծ Յաջողութեամբ

PROFOTO Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» ակումբին (Քասլիք) եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, շաբաթ, 29 յուլիսին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի թենիսի դաշտերուն վրայ աւարտեցաւ անոր տարեկան թենիսի մրցաշարքը` մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան: Տղոց աւարտականի վերջին մրցումով աւարտեցաւ այս մրցաշարքը, երբ Հատի Հապիպ տիտղոսը պահեց իր մօտ` արձանագրելով 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Աւարտին, մրցանակաբաշխութեան ընթացքին (բոլոր տիտղոսակիրներուն), Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի...

Պարսելոնա Յաղթեց Ռէալ Մատրիտին

Մայեմիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած Պարսելոնա - Ռէալ Մատրիտ ճակատումը, որ կարելի է նկատել 2017-2018 տարեշրջանի առաջին «Քլասիքօ»-ն, աւարտեցաւ Պարսելոնայի յաղթանակով` 3-2 արդիւնքով: Առաջին 6 վայրկեաններուն արդէն իսկ Պարսելոնա նշանակած էր երկու կոլ` շնորհիւ Լիոնել Մեսսիի եւ Ռաքիթիչի: 15-րդ վայրկեանին, Քովասեւիչ նշանակեց Ռէալի առաջին կոլը, ապա արդիւնքը հաւասարեցուց Ասենսիօ: Բ. կիսախաղին սկիզբը, Փիքէ նշանակեց Պարսելոնայի երրորդ եւ մրցումին հինգերորդ...

Փարիզ Սեն Ժերմեն` Ֆրանսայի Գերբաժակակիր

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Ֆրանսայի ախոյեան Մոնաքօ եւ Ֆրանսայի բաժակակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն: Մարոքի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 7-րդ անգամն ըլլալով տիրացաւ այս տիտղոսին: Թէեւ 30-րդ վայրկեանին Ճիպրիլ Սիսէ նշանակեց Մոնաքոյի եւ մրցումին առաջին կոլը, սակայն 51-րդ վայրկեանին պրազիլցի Տենի Ալվես նշանակեց...

Ապիճան-2017. Լիբանան Տիրացաւ Ոսկի Մետալի Մը

Փղոսկրեայ Ափունքի մայրաքաղաք Ապիճանի մէջ տեղի ունեցող Ֆրանսախօս երկիրներու 8-րդ խաղերուն ծիրին մէջ, Լիբանան երէկ տիրացաւ իր առաջին ոսկի մետալին` յաջորդական երկու պրոնզ մետալներու տիրանալէ ետք: Սակայն Լիբանան իր այս ոսկի մետալին տիրացաւ մշակութային եւ ոչ թէ մարզական մրցումներուն ընթացքին, այդ ալ` շնորհիւ Եազան Հալաուանիի:

Ալեքս Տեմիրճեան. «Մեր Երկրորդ Յաջողութիւնը Կ՛ուզենք Արձանագրել Մոնզայի Մէջ»

Լիբանանահայ վարորդ Ալեքս Տեմիրճեան կը վերադառնայ վազքուղիի մրցումներուն, ուր այս տարեշրջանին բաւական տպաւորիչ արդիւնք ձեռք ձգեց Պլանփենի մրցումներուն, երբ գրաւեց առաջին դիրքը իտալական Մոնզայի վազքուղիին վրայ, որ կ՛իյնայ Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ: Անոր յաջորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ պելճիքական Սփա Ֆրանքորշանի վազքուղիին վրայ, ուր ան ելոյթ պիտի ունենայ «488 Ճի. Թի.-3» ինքնաշարժով, որ կը պատկանի «Էյ. Էֆ՛ Քորս» խումբին («Ֆեռարի»):...

Լիբանանի Տղոց Եւ Հայաստանի Աղջկանց Խումբերը  Ֆութսալի Ախոյեան, Արեւմտեան Միացեալ  Նահանգները` Վոլիպոլի Առաջին

Լիբանանի Տղոց Եւ Հայաստանի Աղջկանց Խումբերը Ֆութսալի Ախոյեան, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգները` Վոլիպոլի Առաջին

Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերուն Հանդիսաւոր Փակումը` Այսօր Այսօր` շաբաթ, 29 յուլիսի յետմիջօրէի ժամը 2.30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), «Միքա» մարզադաշտին վրայ կատարուած փակման հանդիսաւոր արարողութեամբ իրենց աւարտին կը հասնին Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերը, որոնք ընթացք առած էին 9 օր առաջ: Փակման հանդիսութեան կը նախորդեն ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի աւարտական մրցումները, որոնք տեղի կ’ունենան «Միքա»-ի մարզական համալիրի դաշտերուն վրայ: Փակման հանդիսութեան կը կատարուին մարզախաղերու ախոյեաններու, տիպար խումբերու,...

Ֆութսալ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Պէյրութի Դրամատունը Չկրցաւ Հասնիլ Կիսաւարտականին

Վիեթնամի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ ֆութսալի ակումբներու ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Պէյրութի դրամատունը աւարտեց իր ելոյթները, երբ քառորդ աւարտականին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իրանեան Ճիթի Փասանտ խումբէն, որ կը նկատուի տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուներէն: Իրանեան խումբը իր կոլերը նշանակեց Ա. եւ Բ. կիսախաղերուն: Թէեւ լիբանանեան խումբը այս մրցաշարքին բաւական լաւ ելոյթներ ունեցաւ, սակայն չյաջողեցաւ հասնիլ կիսաւարտականին:

Page 945 of 1277 1 … 944 945 946 … 1,277

Արխիւներ