Պոսնիոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ 2 պրոնզ մետալի:
Հայկ Ասատրեան (50 քկ) եւ Սարգիս Թադէոսեան (69 քկ) գրաւեցին երրորդ դիրքը:
Սարայեւոյի մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան, Հայաստանի ազատ ոճի հաւաքականը իր ելոյթները աւարտեց 3 պրոնզ մետալով: