«Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթել նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց այս տարեշրջանի իր 4-րդ եւ իր արհեստավարժ ասպարէզին 46-րդ յաղթանակը, երբ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ արձանագրեց 1 ժամ 39′ 46″ արդիւնք մը:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց անոր խմբակից Քիմի Ռայքոնըն (0″:90 ուշ), մինչ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ «Մերսետես»-ի վարորդ Վալթերի Պոթթաս (12″ ուշ):
Այսպիսով, «Ֆեռարի» 2004-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով տուպլէ մը կ՛իրագործէ Հունգարիոյ մէջ:
Յաջորդ կրան փրին տեղի պիտի ունենայ Պելճիքայի մէջ:
Վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ, այժմ Վեթել կը գրաւէ առաջին դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 202 կէտ: Անոր ետին 2-րդ դիրքին վրայ է անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն («Մերսետես»), որ ունի 188 կէտ, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Պոթաս (169):
Խումբերու դասաւորման մէջ «Մերսետես» կը գրաւէ առաջին դիրքը (357 կէտ), ապա յաջորդաբար` «Ֆեռարի» (318) եւ «Ռետ Պուլ» (184):