Մարզական

Խեսուս Նաւաս Վերադարձաւ Սեւիլլա

«Լա լիկա»-ի խումբերէն Սեւիլլա իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն յայտարարեց միջնապահ Խեսուս Նաւասի վերադարձը: 31 տարեկան սպանացի ֆութպոլիստը, որ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, տարեկան պիտի գանձէ 2 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: Ան նախապէս 2003-2013 մաս կազմած է Սեւիլլայի, ապա չորս տարեշրջան մաս կազմած է Մանչեսթըր Սիթիի` անոր հետ բարձրացնելով ախոյեանութեան տիտղոսը: Յայտնենք, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան հանդիսացած է...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած անդրանիկ ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը անդրադարձաւ շաբաթ, 22 յուլիսին տեղի ունեցած ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն` շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղելով բոլոր այն ակումբներուն, որոնք վստահութիւն ցուցաբերեցին իրենց նկատմամբ եւ նոր նստաշրջանի մը համար ընտրեցին նոր անդամներ: Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Լիբանանի ախոյեան Ահտ ֆութպոլի ակումբը, որ բացառիկ արդիւնքներ արձանագրեց արաբական ակումբներու ախոյեանութեան` մրցաշարքէն դուրս մնալով առանց պարտութիւն մը կրելու, ինչ որ իւրայատուկ յաջողութիւն...

Թոնի Քրուս Ռէալ Մատրիտի Հետ Սկսաւ Իր Փորձերուն

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Թոնի Քրուս, ապաքինելով իր ստացած վնասուածքէն, ընդհանուր խումբին հետ վերսկսաւ իր փորձերուն, յայտնեց սպանական «ԱՍ» հանրածանօթ օրաթերթը: 27 տարեկան սպանացին վիրաւոր ըլլալուն պատճառով բացակայեցաւ Ռէալ Մատրիտի կատարած վերջին երկու մրցումներէն: Ռէալ Մատրիտ ամերիկեան իր շրջապտոյտը պիտի աւարտէ` «Մէյճըր լիկ»-ի աստղերէն կազմուած խումբին դէմ իր վերջին մրցումը կատարելէ ետք: Նախորդ տարեշրջանին գերմանացի Քրուս 29 մրցումի ընթացքին, նշանակեց 3...

Նէյմարի Փարիզ Սեն Ժերմեն Փոխանցումը Կրնայ Չկատարուիլ

Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի Փարիզ Սեն Ժերմեն փոխանցումը կրնայ չկատարուիլ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին խիստ դիրքորոշումին պատճառով, կը յայտնէ Sport.es կայքը: Կը նշուի, որ Նէյմարի հայրն ու գործակատարը քաթալոնական ակումբէն շուրջ 26 միլիոն եւրօ պէտք է ստանար պրազիլցի յառաջապահին մինչեւ 2021 թուականը կնքած նոր պայմանագրութեան համար: Սակայն Պարսելոնա չ՛ուզեր վճարել այդ գումարը, եթէ Նէյմար ժամանակէն շուտ հեռանայ ակումբէն: Եթէ Նէյմար որոշէ...

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Մարզաշխարհէն

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Մարզաշխարհէն

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան կազմակերպիչները տեղեակ պահեց, որ շաբաթ օր պիտի այցելէ Լիբանան` քննելու համար, թէ ի՛նչ աշխատանք տարուած է այս ախոյեանութիւնը լաւապէս հիւրընկալելու համար: Կը նշուի, որ այս գծով ժողովը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 20:00-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ մրցաշարքը: ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ Ֆիտաա Սայտա ակումբին, յառաջիկայ ամիս Մանարայի դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ...

Ճատրակ. Լիբանանի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւն. Ամրօ Ժաուիշ ՀՄԸՄ-ին Ապահովեց Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Ամրօ Ժաուիշ (աջին) Լիբանանի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Թանմիէ Պէյրութ ակումբին մէջ (Քասքասի շրջան), երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները: ՀՄԸՄ-ին մաս կազմող Ամրօ Ժաուիշ (22 տարեկան) հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովելով 8.5 կէտ: Վերջին հանգրուանին ան յաղթեց Սամիր Սըրսոքի: Ան երրորդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան` 2010-էն...

Պետմինթըն. Տեղի Ունեցան Լիբանանի 2017-ի Ախոյեանութեան Մրցումները

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Պետմինթընի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան 2017-ի ախոյեանութեան մրցումները (տղաք եւ աղջիկներ)` մասնակցութեամբ 40 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. Մոն Լա Սալ, Հուփս Պէյրութ, Ժամհուր, Թահրիր եւ 1875: Այս մրցումները տեղի ունեցան բաւական մեծ խանդավառութեամբ: Աւարտին Լիբանանի Պետմինթընի ֆետերասիոնի նախագահ Ժասեմ Քանսօ եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներ կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը:

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Արցախ Ֆութպոլի Ակումբին Շնորհահանդէսը

Երեւանի նախկին «Միքա» մարզահամալիրին մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ նորաստեղծ Արցախ ֆութպոլի ակումբին շնորհահանդէսը: Ակումբին հիմնադիրը ծնունդով արցախցի Սեւան Ասլանեանն է, որ կը բնակի Չեխիոյ մէջ: Ակումբին 22 ֆութպոլիստներէն 5-ը Արցախի Հանրապետութենէն են: Գլխաւոր մարզիչն է` Տիգրան Եսայեան: Ներկայացուեցաւ Արցախի ֆութպոլիստներուն համազգետը` երթի եւ դարձի մրցումներուն համար, ինչպէս նաեւ փորձերու յատուկ համազգեստը: Շնորհահանդէսին ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ ակումբին քայլերգը: Գլխաւոր մարզիչը...

Հայաստանի Մէջ Պասքեթպոլի Ակադեմիա Պիտի Հիմնուի

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար, Հայաստանի պասքեթոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեան իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ պասքեթպոլի ակադեմիա պիտի հիմնուի, եւ 2018-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի պասքեթպոլի տարբեր տարիքային խումբերու ախոյեանութիւններ: «Հայաստանի մէջ պասքեթպոլի մարզաձեւը արագ զարգացում կ՛ապրի: Ներկայ դրութեամբ երկրին մէջ ունինք 256 խումբեր: Պասքեթպոլով զբաղողներուն թիւը այժմ կը հասնի 7 հազարի: Այս մարզաձեւին...

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան Նահանջեց

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մէկ դիրքի նահանջ մը արձանագրեց ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած օգոստոս ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ: Հայաստանի հաւաքականի առաջին ճատրակ խաղացողը այժմ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը: Անոր վարկանիշը 2809-էն նուազեծցաւ 2799-ի: Ստորեւ կու տանք առաջին տասը դիրքերը գրաւողներուն դասաւորումը. ԿԷՏ 1.- Մակնիւս Քարլսըն (Նորվեկիա) 2822 2.- Ուեսլի Սօ (Միացեալ Նահանգներ) 2810 3.- Ֆապիանօ Քարուանա (Միացեալ Նահանգներ) 2807...

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեանի Գլխաւորած Խումբը` Յաղթական

Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով ճատրակի աշխարհի 13-րդ ախոյեան Կերի Գասպարովի ջանքերով կազմակերպուեցաւ «Հազարամեակի մրցամարտ» անունը կրող մեծ մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի երիտասարդներու 2 տարիքային խումբերը (14 եւ 17 տարեկան): Միացեալ Նահանգներ-աշխարհ պայքարին, վերջինին խումբը կը գլխաւորէր աշխարհի 16 տարեկանէն վար ախոյեան Հայկ Մարտիրոսեան, իսկ Միացեալ Նահանգներու խումբը` հայազգի Սամուէլ Սեւեան: Այս մրցաշարքին տեղի...

Վահան Բիչախչեան` Կոլի Հեղինակ

Սլովաքիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Ժիլինայի Բ. խումբը 4-2 արդիւնքով յաղթեց Պրաթիսլաւային: Այս մրցումին Ժիլինայի հետ իր նորամուտը նշեց Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Վահան Բիչախչեան: Ան իր նորամուտը նշեց կոլով մը, երբ 71-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին վերջին կոլը:  

Մանչեսթըր Եունայթըտի Մարզիկները Առիթ Ունին Ստանալու 4-ական Միլիոն Փաունտ Պարգեւավճար

«Տը Սան» թերթը կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի ղեկավարութիւնը իր ֆութպոլիստներուն նիւթական մեծ պարգեւավճարներ սահմանեց այս նոր տարեշրջանին համար: Եթէ պատահի, որ խումբը տիրանայ «Փրեմիեր լիկ»-ի եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսներուն, իւրաքանչիւր ֆութպոլիստ պիտի ստանայ 4 միլիոն փաունտ սթերլինկ (իւրաքանչիւր մրցաշարքի համար` 2 միլիոն): Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին տիրանալու պարագային, նիւթական պարգեւը պիտի ըլլայ 90 հազար փաունտ, իսկ Անգլիոյ լիկայի...

Թենիս. Շարափովայի Յաղթական Վերադարձը

Ռուս թենիսվումըն Մարիա Շարափովա յաղթանակով մը վերադարձաւ թենիսի աշխարհ, երբ Սթենֆորթի միջազգային մրցաշարքին գծով յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 2 ժամ 4 վայրկեան տեւած ճակատումէ մը ետք 6-1, 4-6 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի Ճենիֆըր Պրէյտիի: Բ. հանգրուանին 30 տարեկան Շարափովայի մրցակիցը պիտի ըլլայ ուքրանացի Լեսիա Եուրենքօ: Յայտնենք, որ խթանիչ արգիլեալ դեղերու գործակցութեան պատճառով Շարափովա 15 ամիսով կախակայուած էր Թենիսի միջազգային...

Պասքեթպոլ. Մայքըլ Ճորտըն Եւ Սքոթի Փիփեն Մրցում Մը Կատարեցին Փոքրերու Հետ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող Շիքակօ Պուլզի անցեալի անուանի մարզիկներ Մայքըլ Ճորտըն եւ Սքոթի Փիփեն մրցումի մը մասնակցեցան փոքրերու հետ: Անոնք փոքրերուն ցուցադրեցին անցեալին իրենց ունեցած յատկութիւնները: Երկուքը Պուլզի հետ 1987-էն 1998 վեց անգամ հանդիսացած են «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան:

Մաթիչ Միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ Չելսիէն իր կազմին միացուցած է սերպ միջազգային մարզիկ Նեմանժա Մաթիչը` անոր հետ ստորագրելով երեք տարուան պայմանագրութիւն մը` զայն յաւելեալ մէկ տարիով երկարաձգելու հեռանկարով: 28 տարեկան միջնապահը լոնտոնեան ակումբին իր մաս կազմած տարիներուն երեք անգամ հանդիսացած է Անգլիոյ ախոյեան: Նշուեցաւ, որ անոր փոխանցման համար Մանչեսթըր Եունայթըտ վճարեց 46 միլիոն եւրօ,...

«Սանթիակօ Պեռնապէօ» Բաժակի Մրցաշարք. Ռէալ Մատրիտ – Ֆիորենթինա Ճակատում` 23 Օգոստոսին

Ֆիորենթինա ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքը յայտարարեց, որ խումբը 23 օգոստոսին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Սանթիակօ Պեռնապէօ» բաժակի մրցաշարքին` մրցելով Ռէալ Մատրիտի դէմ: Տարեկան սովորութիւն դարձած այս մրցաշարքին Ռէալ Մատրիտ իւրաքանչիւր տարի կ՛ընտրէ խումբ մը եւ կը մրցի անոր դէմ այս տիտղոսին համար, որ անուանուած է ի պատիւ Ռէալ Մատրիտի նախկին նախագահին: Այսպիսով, Ֆիորենթինա Ա. Սէ. Միլանէն եւ Ինթեր Միլանէն ետք...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթական

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ - Էներժի մրցումը: Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմին յաղթանակով` 47-35 արդիւնքով (12-10, 10-11, 15-14 եւ 10-0):

Պլանփենի Մրցում. Ալեքս Տեմիրճեան Բարձրացաւ Փոտիում` Գրաւելով 3-րդ Դիրքը

  Լիբանանահայ վարորդ Ալեքս Տեմիրճեան ինքնաշարժներու աշխարհին մէջ կարեւոր իրագործում մը կատարեց, երբ նախորդ շաբաթավերջին պելճիքացի հանրածանօթ Սփա Ֆրանքորշան վազքուղիին վրայ տպաւորիչ արդիւնք մը արձանագրեց իր ինքնաշարժին` «Ֆեռարի-Ճի. Թի. 3 - 488»-ի հետ եւ գրաւեց երրորդ դիրքը` փոտիում բարձրացած երեք վարորդներէն մէկը ըլլալով: Յիշատակելի եղաւ անոր ինքնաշարժին տեսքը: Անիկա ծածկուած էր Լիբանանի դրօշակով եւ հայկական Եռագոյնով, վրան գրուած` «Տրայվ ֆոր...

Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Խումբերը Հանդիսացան Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի պասքեթպոլի երկու հաւաքականները կարեւոր նուաճումներ արձանագրելով հանդիսացան ախոյեան: Տղոց պատանեկան հաւաքականը Անտորրայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ախոյեան հանդիսացաւ, երբ աւարտական ճակատումին 88-70 արդիւնքով յաղթեց Ճիպրալթարի: Հայրենի կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Գէորգի Շախնազարով (27): Ճիպրալթարի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի Գ. դասակարգի աղջկանց ախոյեանութեան տիտղոսին արժանացաւ Հայաստանի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը,...

Page 944 of 1277 1 … 943 944 945 … 1,277

Արխիւներ