Մարզական

Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը` Ա. Խմբակի Յաղթական

Եւրոպայի պասքեթպոլի տղոց 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Ա. խմբակի յաղթականը հռչակուեցաւ Հայաստանի հաւաքականը, որ Անտորրայի մէջ իր կատարած չորս մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրեց: Հայրենի կազմը իր կատարած չորրորդ մրցումին 85-53 արդիւնքով յաղթեց Կալեսի: Յայտնենք, որ առաջին երեք մրցումներուն Հայաստան յաղթեց Ճիպրալթարի (66-59), Մոլտովայի (78-37) եւ Մալթայի (79-48):

Սոչի. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Հասաւ Աւարտականին

Սոչիի մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, շարունակելով իր յաջող ելոյթներու շարքը, յաջողեցաւ հասնիլ աւարտականին: Հայրենի կազմին եւ Քրասնոտարի շրջանի 20 տարեկանէն վար խումբին միջեւ այս մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Հայաստանի կոլը նշանակեց Աբրահամ Փորթուգալեան, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Աւարտականին Հայաստան դարձեալ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Քրասնոտարը: Հաւաքականի գլխաւոր...

Հայ Ֆութպոլիստը Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Մոնկոլիոյ Մէջ

Շիրակի եւ Արարատի նախկին ֆութպոլիստ Դաւիթ Ղանդիլեան որոշեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Մոնկոլիոյ մէջ: 24 տարեկան ֆութպոլիստը ելոյթ պիտի ունենայ Տերենի հետ, որ մաս կը կազմէ Ա. դասակարգին: Լուրը հրապարակող ArmSport.am կայքը աւելցուց, որ Ղանդիլեան մաս կազմած է նաեւ լիբանանեան ՀՄԸՄ ֆութպոլի ակումբին:

Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա 13 Եւ 16 Օգոստոսին

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը հաստատեց երկրի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումներուն կայացման օրերը: Երկրի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի եւ բաժակակիր Պարսելոնայի միջեւ ճակատումները տեղի պիտի ունենան 13 եւ 16 օգոստոսին: Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Նու Քամփ»-ի մէջ, իսկ դարձի մրցումը` «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ: Արքայական ակումբը եւ քաթալոնական խումբը 30 յուլիսին Մայեմիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) իրարու դէմ պիտի ճակատին «Ինթըրնեշընըլ Չեմփիընզ Քափ» մրցաշարքին ծիրին...

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստան – Ճիպրալթար` 65-44

  Ճիպրալթարի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 16 տարեկանէն վար մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը Ճիպրալթարի դէմ` 65-44 արդիւնքով: Առաջին մրցումին Հայաստան յաղթեց Մոնաքոյին (81-41), իսկ երկրորդին` Կալեսին (63-31):

Հաքի. Անտրէյ Արտիբարմաքեան Հրաւիրուեցաւ Ռուսիոյ Ողիմպիականի Հաւաքական

Անտրէյ Արտիբարմաքեան   Ռուսիոյ հաքիի ֆետերասիոնը հրապարակեց ողիմպիական հաւաքականի իր կազմը, որ պիտի մասնակցի «Սոչի Հաքի-օփըն»-ի մրցաշարքին: Հաւաքական հրաւիրուածներու կարգին է նաեւ հայազգի յառաջապահ Անտրէյ Արտիբարմաքեան: 5-8 օգոստոսին տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ շարք մը տեղական եւ օտար խումբեր, որոնց կարգին` Քանատայի ազգային խումբը:

Ըմբշամարտ. Հայաստան Տիրացաւ 2 Պրոնզ Մետալի

Պոսնիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան, երէկ հայրենի ըմբիշները տիրացան 2 պրոնզ մետալի: Մարտին Սիմոնեան (100 քկ) 12-1 արդիւնքով յաղթեց ազրպէյճանցի Համլեթ Նասիպլիի, իսկ Առաքել Մովսէսեան (46 քկ) 10-0 արդիւնքով` Այիտ Սալիասի (Մակեդոնիա):

Մանչեսթըր Եունայթըտ Վերադարձաւ Անգլիա

Աւարտելով իր շրջապտոյտը` Մանչեսթըր Եունայթըտ Միացեալ Նահանգներէն վերադարձաւ Անգլիա: Մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած խումբը Մանչեսթըրի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ մեծաթիւ համակիրներու կողմէ: Անգլիական խումբը 30 յուլիսին Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Վոլերենկայի դէմ, 2 օգոստոսին Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի մէջ պիտի մրցի իտալական Սամտորիայի դէմ: 8 օգոստոսին Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ Մանչեսթըր մրցում մը ունի կատարելիք Ռէալ...

Ասիոյ 2017-ի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւնը` Հովանաւորութեամբ Նախագահ Զօր. Միշել Աունի

Երէկ` հինգշաբթի, 27 յուլիսին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, ընկերակցութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Ռոմել Սապերի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Ժիհատ Սալամէի, այցելեց Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին: Ան խնդրեց Հանրապետութեան նախագահէն, որ ըլլայ հովանաւորը Ասիա 2017-ի տղոց պասքեթպոլի 29-րդ ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 8-20 օգոստոսին, Զուքի մէջ գտնուող «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ:...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Աղջկանց Ազգային Խումբը Հասաւ Կիսաւարտական

Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Երէկ Սրի Լանքայի դէմ տեղի ունեցած քառորդ աւարտականի մրցումին, Լիբանան արձանագրեց 86-37 արդիւնքով բաւական հանգիստ յաղթանակ մը (11-25, 20-47, 30-76 եւ 37-86): Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լամա Մուքատտեմ (16), ապա` Նենսի Մաալուֆ (14): Կիսաւարտականին Լիբանան այսօր իր...

Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերը Կը Թեւակոխեն Քառորդ Աւարտականի Եւ Կիսաւարտականի Վճռական Հանգրուանը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերը Կը Թեւակոխեն Քառորդ Աւարտականի Եւ Կիսաւարտականի Վճռական Հանգրուանը

Օրուան մը դադարէ ետք, երէկ, Երեւանի եւ Արտաշատի մէջ շարունակուեցան համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերը, որոնք ընդգրկեցին աթլեթիզմի, թենիսի, ճատրակի, ֆութպոլի, ֆութսալի, պասքեթպոլի եւ վոլիպոլի խաղերը: Աթլեթիզմի խաղերուն ՀՄԸՄ Լիբանան շարունակեց մետալներու իր հունձքը եւ տիրացաւ 22 նոր մետալի (7 ոսկի, 8 արծաթ եւ 7 պրոնզ)` այսպէսով ցարդ իր շահած մետալներուն թիւը բարձրացնելով 44-ի: Լիբանանէն Լոռի Թաշճեան 3000 մ վազքի մրցումին հաստատեց...

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղեր. Լիբանան Տիրացաւ Իր Երկրորդ Պրոնզ Մետալին` Դարձեալ Փինկ Փոնկի Մէջ

Ապիճանի մէջ (Փղոսկրեայ Ափունք) տեղի ունեցող Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն, Լիբանան տիրացաւ իր երկրորդ պրոնզ մետալին` դարձեալ փինկ փոնկի մրցումներուն, երբ Մալաք Խուրի աղջկանց անհատական մրցումներուն կիսաւարտականին 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ ֆրանսացի իր մրցակիցէն: Աղջկանց պասքեթպոլի մրցումներուն, Լիբանանի կազմը (18-25 տարեկան) 94-46 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մաւրիտանիոյ, այժմ 7-րդ դիրքին համար պիտի մրցի Քամերունի դէմ: Մաւրիտանիոյ դէմ այս մրցումին Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը...

Արաբական Ակումբներու Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ահտ Պատմական Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Զամալեքի Դէմ

Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցող արաբական ակումբներու ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Լիբանանի ախոյեան Ահտ պատմական յաղթանակ մը արձանագրեց եգիպտական Զամալեքի դէմ, որ Եգիպտոսի փոխախոյեանն է: Անոր արձանագրած այս յաղթանակը նկատուեցաւ պատմական` լիբանանեան ֆութպոլին համար: Լիբանանեան կազմին կոլը նշանակեց Ահմետ Զրէյք` 84-րդ վայրկեանին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ահտ ունենալով 4 կէտ, այժմ կը գրաւէ Բ. խմբակին երկրորդ դիրքը` մարոքեան Ֆաթըհ...

Ասիա-2017. Լիբանան Եկող Առաջին Խումբը` Աւստրալիա

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը տեղեակ պահուեցաւ, որ 3 օգոստոսին առաջին խումբը, որ պիտի հասնի Լիբանան, պիտի ըլլայ Աւստրալիան, որ Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն մէկն է: 5 օգոստոսին Լիբանան պիտի հասնի Չինաստանի կազմը, ապա յաջորդ օրը` Նոր Զելանտա, Քաթար եւ Յորդանան: Մասնակցող մնացեալ խումբերը շուտով պիտի յայտարարեն իրենց ժամանումին օրերը: Այլ գետնի վրայ, մրցումներու տոմսակներուն վաճառքը կ՛ընթանայ շատ մեծ թափով, զանոնք...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստան Տիրացաւ 1 Ոսկի Եւ 3 Պրոնզ Մետալի

Ռումանիոյ մէջ աւարտած Եւրոպայի կռփամարտի կրտսեր տարիքի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստան, որ մասնակցեցաւ 14 մարզիկով, տիրացաւ 1 ոսկի եւ 3 պրոնզ մետալի, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 52 քկ դասակարգին մէջ ախոյեան հանդիսացաւ Գոռ Մխիթարեան, իսկ պրոնզ մետալի տիրացան Գագիկ Ղազարեան (40 քկ), Կամօ Բեգեան (59 քկ) եւ Յովհաննէս Փափազեան (90 քկ): Խումբի գլխաւոր մարզիչ Աշոտ Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ Ռումանիա մեկնած...

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումներ. Պարսելոնա Յաղթեց, Ռէալ Մատրիտ Պարտուեցաւ

Ինչպէս ծանօթ է, եւրոպական ֆութպոլի անուանի խումբեր աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուին Միացեալ Նահանգներ, ուր կը մասնակցին միջազգային մրցաշարքերու եւ կը կատարեն բարեկամական մրցումներ: Սպանիոյ փոխախոյեան Պարսելոնա երէկ 1-0 արդիւնքով յաղթեց «Եուրոփա լիկ»-ի տիտղոսակիր Մանչեսթըր Եունայթըտին: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց պրազիլցի Նէյմար Տա Սիլվա` 31-րդ վայրկեանին: Անգլիական ակումբին հետ այս մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի...

Պասքեթպոլ. Հայաստան Յաղթեց Ալպանիոյ

Աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին պատրաստուող Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ Երեւանի մէջ բարեկամական մրցումի մը ընթացքին հիւրընկալեց Ալպանիան, 91-68 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, հայրենի կազմը 2 օգոստոսին Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Սլովաքիան: Այնուհետեւ յաջորդաբար Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Շուէտ (5 օգոստոս) եւ Պոսնիա (9 օգոստոս):

Ասիա-2017. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբին Կազմը Յստակացաւ

Ինչպէս ծանօթ է, 8-20 օգոստոսին Լիբանան կը հիւրընկալէ Ասիոյ պասքեթպոլի 29-րդ ախոյեանութիւնը: Լիբանանի համար այս ախոյեանութեան հիւրընկալումը կը նկատուի մեծ իրագործում մը` նկատի ունենալով, որ մայրիներու երկիրը ցարդ այս տարողութեամբ մեծ մրցաշարք մը չէ հիւրընկալած պասքեթպոլի մարզաձեւին գծով: Կ՛ակնկալուի, որ Լիբանան ամէն գնով ձգտի բացառիկ արդիւնքներ արձանագրել այս մրցաշարքին: Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու նախագահ Եասեր Հաժ հրապարակեց ցանկը այն մարզիկներուն,...

Եւրոպայի Ըմբշամարտի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Գենիկ Ասատրեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Տիրացաւ Պրոնզ Մետալի

Պոսնիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան, երէկ Հայաստան տիրացաւ իր առաջին մետալին: Գենիկ Ասատրեան պրոնզէ մետալակիր դարձաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի 50 քկ դասակարգին մէջ` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Ռամիզ Հասանովի: Առաջին օրը հանդէս եկած Հայաստանի մնացեալ ներկայացուցիչները` Ռաֆայէլ Յարութիւնեան (42 քկ), Մեժլում Մեժլումեան (58 քկ), եւ Դաւիթ Գէորգեան (69 քկ), չկրցան յաջողութիւն արձանագրել: Կ՛ակնկալուի, որ...

Ռուսական Ֆութպոլ.  Արարատ Մոսկուա Յաղթական

Ռուսական Ֆութպոլ. Արարատ Մոսկուա Յաղթական

Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ սկսաւ նախորդ շաբաթավերջին, Արարատ Մոսկուա յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ զտումի հանգրուանին իր կատարած մրցումին, իր դաշտէն դուրս 3-1 արդիւնքով յաղթեց Տոլկոպրուտնիի: Անոր յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Սաթուրն:

Page 946 of 1277 1 … 945 946 947 … 1,277

Արխիւներ