«Էքսփրես Սփոր» կը տեղեկացնէ, որ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը յառաջիկայ ամառ մտադիր է 90 միլիոն եւրոյի առաջարկ մը ներկայացնել` ձեռք ձգելու համար կալեսցի Կերըթ Պէյլի ստորագրութիւնը:
Կալեսցի միջնապահին պայմանագրութիւնը Ռէալ Մատրիտի հետ կ՛աւարտի 2022-ին:
Նախորդ տարեշրջանին Պէյլ արքայական ակումբին հետ 27 մրցումի ընթացքին նշանակեց 9 կոլ: