«Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Ռէալ Սոլթ Լէյք 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քոլոմպըսի հետ:
Այս մրցումին 78-րդ վայրկեանին, Սոլթ Լէյքի հետ դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ վերջին շրջանին վիրաւոր էր:
Ան իր վերջին մրցումը կատարեց նախորդ 5 յուլիսին` Լոս Անճելըս Կալաքսիի դէմ, երբ դարձաւ կոլի հեղինակ:
23 մրցում կատարած Ռէալ Սոլթ Լէյք այժմ 25 կէտով կը գտնուի Արեւմտեան շրջանի 8-րդ դիրքին վրայ: