Մարզական ամէն տեսակի պիտոյք վաճառող «Քլաս Սփոր» ընկերութիւնը վաղը` երեքշաբթի, 1 օգոստոսին, պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ, թէ 8-20 օգոստոսին, Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան պիտի ըլլայ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ համագործակցողը:
Մամլոյ այս ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ «Հիլթըն Հապթուր Կրանտ Օթել» պանդոկին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ), երեկոյեան ժամը 20:30-ին: