Քաթալոնական Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ իր ակումբէն հեռանալու ընթացքին մէջ է, շատ հաւանաբար մօտերս «Քաթար Սփորթց Ինվեսթմընթ»-ի հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրէ:
Շատ հաւանական է, որ ան ըլլայ 2022-ի մոնտիալի Քաթարի դեսպանը, եւ ատոր համար ան պիտի գանձէ… 30 միլիոն եւրօ:
Ինչ կը վերաբերի քաթալոնական ակումբին հետ անոր ապագային, կը կարծուի, որ 25 տարեկան պրազիլցին շատ մօտիկ ապագային պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ:



