Լիբանանահայ վարորդ Ալեքս Տեմիրճեան կը վերադառնայ վազքուղիի մրցումներուն, ուր այս տարեշրջանին բաւական տպաւորիչ արդիւնք ձեռք ձգեց Պլանփենի մրցումներուն, երբ գրաւեց առաջին դիրքը իտալական Մոնզայի վազքուղիին վրայ, որ կ՛իյնայ Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ:
Անոր յաջորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ պելճիքական Սփա Ֆրանքորշանի վազքուղիին վրայ, ուր ան ելոյթ պիտի ունենայ «488 Ճի. Թի.-3» ինքնաշարժով, որ կը պատկանի «Էյ. Էֆ՛ Քորս» խումբին («Ֆեռարի»):
Անոր ինքնաշարժին վրայ զետեղուած են լիբանանեան դրօշակը եւ հայկական եռագոյնը: Ան իրեն նշանաբան ունի «Քշէ կեանքի համար» նախադասութիւնը:
Անոր միջոցով Լիբանանի անունը հետզհետէ կը վայելէ յաւելեալ ժողովրդականութիւն:
«Դարձեալ կը գտնուինք կարեւոր իրագործում մը կատարելու սեմին եւ կու գանք բարձր պահելու Լիբանանի անունը: Ինչպէս ակնյայտ է, կու գանք մրցումներու մասնակցելու երկու երկիրներու դրօշակներով` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ կը խորհրդանշեն «խաղաղութիւն» բառը: Մեր ամէն կարելին պիտի ընենք դարձեալ տպաւորիչ ելոյթ ունենալու Սփայի մէջ` այս շաբաթավերջին», ըսաւ Տեմիրճեան:



