Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Ֆրանսայի ախոյեան Մոնաքօ եւ Ֆրանսայի բաժակակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն:
Մարոքի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 7-րդ անգամն ըլլալով տիրացաւ այս տիտղոսին:
Թէեւ 30-րդ վայրկեանին Ճիպրիլ Սիսէ նշանակեց Մոնաքոյի եւ մրցումին առաջին կոլը, սակայն 51-րդ վայրկեանին պրազիլցի Տենի Ալվես նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը` փենալթիով:
Անոր կատարած էսիսթէն ետք, Ատրիեն Ռապիօ նշանակեց Սեն Ժերմենի յաղթանակի կոլը (63-րդ):