Փղոսկրեայ Ափունքի մայրաքաղաք Ապիճանի մէջ տեղի ունեցող Ֆրանսախօս երկիրներու 8-րդ խաղերուն ծիրին մէջ, Լիբանան երէկ տիրացաւ իր առաջին ոսկի մետալին` յաջորդական երկու պրոնզ մետալներու տիրանալէ ետք:
Սակայն Լիբանան իր այս ոսկի մետալին տիրացաւ մշակութային եւ ոչ թէ մարզական մրցումներուն ընթացքին, այդ ալ` շնորհիւ Եազան Հալաուանիի: