Սթալի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահներ Գոռ եւ Էտկար Մալաքեան եղբայրները ուքրանական մամուլին կողմէ ընդգրկուեցան Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի խորհրդանշական հաւաքականին մէջ:
«Հիասքանչ խաղ` հայ եղբայրներուն մասնակցութեամբ: Հակառակ անոր որ անոնց կազմը պարտութիւն կրեց, բայց խումբը ցուցադրեց բացառիկ ներկայացում մը: Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած խումբը, ինչպէս նաեւ Մալաքեան եղբայրները ունեցան տպաւորիչ ելոյթներ», գրեց ուքրանական կայք մը:
Յայտնենք, որ այս հանգրուանին Սթալ 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Շախտիոր Տոնեցքէն` կրելով այս տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը: