Այսօր` երեքշաբթի, 1 օգոստոսին, նախկին Միքա մարզահամալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Արցախ ֆութպոլի ակումբին շնորհահանդէսը, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Պիտի ներկայացուին ֆութպոլիստներուն մարզահագուստները, ակումբին հովանաւորներն ու գործընկերները, գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Եսայեան ամփոփ գիծերու մէջ պիտի ներկայացնէ նախապատրաստական հանգրուանը, ինչպէս նաեւ պիտի հնչէ ակումբին քայլերգը:
Այս շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ ժամը 17:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), իսկ ժամը 18:30-ին Արցախ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Էրեբունիի դէմ: