Մայեմիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ ճակատումը, որ կարելի է նկատել 2017-2018 տարեշրջանի առաջին «Քլասիքօ»-ն, աւարտեցաւ Պարսելոնայի յաղթանակով` 3-2 արդիւնքով:
Առաջին 6 վայրկեաններուն արդէն իսկ Պարսելոնա նշանակած էր երկու կոլ` շնորհիւ Լիոնել Մեսսիի եւ Ռաքիթիչի: 15-րդ վայրկեանին, Քովասեւիչ նշանակեց Ռէալի առաջին կոլը, ապա արդիւնքը հաւասարեցուց Ասենսիօ:
Բ. կիսախաղին սկիզբը, Փիքէ նշանակեց Պարսելոնայի երրորդ եւ մրցումին հինգերորդ կոլը, որմէ ետք` 60-րդ վայրկեանէն սկսեալ տեղի ունեցան մեծաթիւ փոխանակումներ, եւ անոնք երկուքն ալ մրցումը շարունակեցին իրենց Բ. խումբով:
Այսպիսով արձանագրելով երեք յաղթանակ եւ ապահովելով 9 կէտ, Պարսելոնա տիրացաւ «Չեմփիընզ Քափ»-ի մրցաշարքի տիտղոսին, իսկ Ռէալ Մատրիտ 3 մրցումներու արդիւնքով գրաւեց 8-րդ եւ վերջին դիրքը: