Նախորդ շաբաթավերջին Սարայեւոյի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի պատանիներու ախոյեանութիւնը:
Մրցաշարքին վերջին օրը, Հայաստանի համար պրոնզ մետալ մը ապահովեց Սամուէլ Աղաջանեան, որ երրորդ դիրքի մրցումին (54 քկ) 7-0 արդիւնքով յաղթեց պուլկարացի իր մրցակիցին:
Այսպիսով, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշները ազատ ոճի ըմբիշներուն նման իրենց կարգին տիրացան 3 պրոնզ մետալի: