Վիեթնամի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ ֆութսալի ակումբներու ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Պէյրութի դրամատունը աւարտեց իր ելոյթները, երբ քառորդ աւարտականին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իրանեան Ճիթի Փասանտ խումբէն, որ կը նկատուի տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուներէն: Իրանեան խումբը իր կոլերը նշանակեց Ա. եւ Բ. կիսախաղերուն:
Թէեւ լիբանանեան խումբը այս մրցաշարքին բաւական լաւ ելոյթներ ունեցաւ, սակայն չյաջողեցաւ հասնիլ կիսաւարտականին: