
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» ակումբին (Քասլիք) եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, շաբաթ, 29 յուլիսին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի թենիսի դաշտերուն վրայ աւարտեցաւ անոր տարեկան թենիսի մրցաշարքը` մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան:
Տղոց աւարտականի վերջին մրցումով աւարտեցաւ այս մրցաշարքը, երբ Հատի Հապիպ տիտղոսը պահեց իր մօտ` արձանագրելով 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Աւարտին, մրցանակաբաշխութեան ընթացքին (բոլոր տիտղոսակիրներուն), Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ շնորհաւորելով բոլորը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հովանաւորներուն, մարզիկներուն, անոնց ծնողներուն, ներկաներուն եւ մարզական լրագրողներուն, որոնք յաջողցուցին այս մրցաշարքը: