
Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերուն Հանդիսաւոր Փակումը` Այսօր
Այսօր` շաբաթ, 29 յուլիսի յետմիջօրէի ժամը 2.30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), «Միքա» մարզադաշտին վրայ կատարուած փակման հանդիսաւոր արարողութեամբ իրենց աւարտին կը հասնին Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերը, որոնք ընթացք առած էին 9 օր առաջ: Փակման հանդիսութեան կը նախորդեն ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի աւարտական մրցումները, որոնք տեղի կ’ունենան «Միքա»-ի մարզական համալիրի դաշտերուն վրայ:
Փակման հանդիսութեան կը կատարուին մարզախաղերու ախոյեաններու, տիպար խումբերու, մարզիկներու եւ մարզիչներու պարգեւատրումներ: Այս առիթով մրցանակակիրներուն կը յանձնուին 16 բաժակներ, որոնք կը կրեն անունները միութեան հիմնադիրներու, վաստակաշատ անդամներու եւ արցախեան պայքարի նահատակներու: Այսպէս, բաժակները նուիրուած են հետեւեալ ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին. Շաւարշ Քրիսեան, Գրիգոր Յակոբեան, Յովհաննէս Հինդլեան, Վահան Չերազ, Նշան Թիւյսիւզեան, Բիւզանդ Թորիկեան, Միհրան Շիմշիրեան, Յովհաննէս Պայթարեան, Տիգրան Ոսկունի, Դանիէլ Դանիէլեան, Վարդգէս Ալահայտոյեան, Արմէն Տէյիրմէնճեան, Սիամանթօ Կարապետեան, Վահրամ Դանիէլեան, Վարդան Բախշեան եւ Վիգէն Զաքարեան:
Փակման հանդիսութեան կը յաջորդէ յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, որուն 1900 տոմսերը սպառած են արդէն: Պատուիրակութիւնները իրենց շրջանները կը սկսին վերադառնալ կիրակի օր:

Մարզախաղերու նախավերջին օրը` երէկ, աւարտեցան ֆութսալի եւ վոլիպոլի մրցումները եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու ֆութսալի ախոյեանութեան տիրացան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի տղոց եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի աղջկանց խումբերը: Վոլիպոլի աղջկանց մրցումներու ախոյեանութեան տիրացաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի խումբը:
Ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի պարագային տեղի ունեցան կիսաւարտական մրցումներ եւ յստակացան աւարտականին հասնող խումբերը: Ֆութպոլի բաժակի տիրացման պայքարը սահմանափակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի խումբերուն միջեւ: Կրտսերներու աւարտականին հասան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգները:
Պասքեթպոլի մրցումներուն, բոլոր նախատեսութիւններուն համաձայն, տղոց աւարտականը պիտի ըլլայ զուտ ամերիկեան, որովհետեւ իրարու դէմ պիտի մրցին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Ա. եւ Բ. խումբերը, աղջկանց պարագային` Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Բ. խումբը իր դիմաց պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի անակնկալ կազմը, որ կիսաւարտականին պարտութեան մատնեց տիտղոսի գլխաւոր թեկնածու` Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Ա. խումբը:
Ստորեւ` մարզախաղերու նախավերջին օրուան արդիւնքները.-
ՖՈՒԹՊՈԼ- ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆ
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ – Ֆրանսա1-0
Լիբանան – Երուսաղէմ 3-0
ՖՈՒԹՊՈԼ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐ – ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆ
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ – Քուէյթ 5-0
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ – Լիբանան 2-1
ՖՈՒԹՍԱԼ – ՏՂԱՔ
3-ՐԴ 4-ՐԴ ԴԻՐՔԻ ՄՐՑՈՒՄ
Թեհրանի «Նայիրի» միութիւն – Լիբանան (Ա.) 7-1
ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ
Լիբանան (Բ.) – Հարաւային Ամերիկա 4-2
ՖՈՒԹՍԱԼ – ԱՂՋԻԿՆԵՐ
3-ՐԴ 4-ՐԴ ԴԻՐՔԻ ՄՐՑՈՒՄ
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ – Աւստրալիա 5-0
ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (Բ.) – ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (Ա.) 3-2
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ – ՏՂԱՔ
ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆ
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) – Աւստրալիա (Ա.) 86-46
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) 85-75
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ – ԿՐՏՍԵՐ ՏՂԱՔ
ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆ
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) – Լիբանան (Ա.) 75-27
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ 94-86
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ – ԱՂՋԻԿՆԵՐ
ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆ
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) 64-58
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) – Աւստրալիա (Բ.) 74-31
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ – ԿՐՏՍԵՐ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆ
Թեհրանի ՀՄԱԿ – ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ 60-35
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) 46-14
ՎՈԼԻՊՈԼ – ԱՂՋԻԿՆԵՐ
3-ՐԴ 4-ՐԴ ԴԻՐՔԻ ՄՐՑՈՒՄ
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) – Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ 3-2
ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) 3-0
Կ’արժէ նշել, որ անհատական մարզախաղերու պարագային, լողի մրցումներուն, ուշագրաւ յաջողութիւններ արձանագրեց Կիպրոսը ներկայացնող Մարի Սոմաքեան-Ճիորճուն, որ տիրացաւ 7 ոսկի մետալի` դառնալով այս մարզախաղերուն գլխաւոր աստղը: Լողի տղոց մրցումներուն յիշատակելի արդիւնքներ արձանագրեց Լիբանանէն Սեւակ Տեմիրճեան` խլելով բազմաթիւ մետալներ (մանրամասնութիւնները` յաջորդիւ):
Այսօր կը յստականան փինկ-փոնկի, թենիսի եւ ճատրակի ախոյեանները: Կը սպասուի, որ Լիբանան խլէ փինկ-փոնկի բոլոր ոսկի մետալները:


