Մարզական

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Մապարրա – Ահտ Համագործակցութիւն

Ահտ ֆութպոլի ակումբի նախագահ Թամիմ Սլէյման եւ ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Ասի ակումբին գրասենեակին մէջ ընդունեցին Մապարրա ֆութպոլի ակումբին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ անոր նախագահին` Ժաաֆար Աքիլի եւ այլ անդամներու: Երկու կողմերը քննարկեցին լիբանանեան ֆութպոլին վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ համաձայնեցան իրենց համագործակցութիւնը շարունակել եւ միշտ աշխատիլ ի խնդիր Լիբանանի ֆութպոլի շահերուն: Մապարրայի պատուիրակութիւնը հանդիպումին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Ահտի` այս սիրալիր...

«Էն. Պի. Էյ.». Հարտեն Նշանակեց 38 Կէտ, Բայց Ռոքեթց Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան երեք մրցումներ, որոնց ընթացքին հիւրընկալ երեք խումբերն ալ պարտուեցան: Պրուքլին Նեթց, որ հիւրընկալեց Պոսթըն Սելթիքսը, 109-102 արդիւնքով պարտուեցաւ անկէ: Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 25 կէտ` ի նպաստ Սելթիքսին: Թէեւ Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 38 կէտ, բայց անոր կազմը` Հիուսթըն Ռոքեթց, 129-113 արդիւնքով պարտուեցաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզէն: Այս վերջինէն Տեմար Տերոզան նշանակեց 23 կէտ: Իսկ...

Լիվըրփուլի Սեփականատէրը Մեթրոյով Մեկնած Է «Ուեմպլի»-ի Մարզադաշտ

Նախանցեալ օր տեղի ունեցած Անգլիա - Պրազիլ ֆութպոլի բարեկամական մրցումին (0-0), որ տեղի ունեցաւ «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ, ներկայ գտնուեցան շուրջ 85 հազար հանդիսատեսներ: Հանդիսատեսներուն կարգին եղած է նաեւ Լիվըրփուլի ամերիկացի սեփականատէր Ճոն Հենրի: Յիշատակելին այն է, որ ան «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտ ուղղուած է մեթրոյով` Անգլիոյ այլ համակիրներուն հետ միասին:

2018-ի Մոնտիալ. Աւստրալիա Դարձաւ Իր Տոմսը Ապահոված 31-րդ Եւ Նախավերջին Մասնակիցը

Յաջորդաբար չորրորդ անգամ ըլլալով, Աւստրալիա ապահովեց մոնտիալի իր տոմսը, երբ 2018-ի մոնտիալի փլէյ-օֆի մրցումներուն իր կատարած դարձի ճակատումին իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Հոնտուրասին: Անոնց միջեւ երթի մրցումը աւարտած էր 0-0 արդիւնքով: Աւստրալիա իր երկու կոլերը նշանակեց փենալթիով` շնորհիւ Մայլ Ժետինաքի: Այսպիսով, Աւստրալիա հանդիսացաւ 31-րդ եւ նախավերջին խումբը, որ կը հասնի աւարտական հանգրուան: Վերջին խումբը պիտի ըլլայ Փերու -...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր Հինգերորդ Յաղթանակը` Թատամոնի Դէմ (97-83)

Երէկուան` ՀՄԸՄ - Թատամոն մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ գիշեր, երբ տեղի ունեցան երկու մրցումներ: ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Թատամոնը, 97-83 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (22-15, 27-22, 27-17 եւ 21-29): Բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Սեմ Եանկ, որ նշանակեց 27 կէտ: Տապըլ-տապըլի...

Անտոնեան Համալսարան – Ֆրանսայի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն Պայմանագիրի Ստորագրութիւն

Անտոնեան Համալսարան – Ֆրանսայի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն Պայմանագիրի Ստորագրութիւն

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Անտոնեան համալսարանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երկուշաբթի, 20 նոյեմբերին, համալսարանին մարզական բաժանմունքը գործակցութեան պայմանագիր մը պիտի կնքէ Ֆրանսայի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ: Պայմանագիրի կնքումը տեղի պիտի ունենայ համալսարանի «Հայր Անթուան Ռաժեհ» սրահին մէջ (Հատաս, Պաապտա), կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին: Անտոնեան համալսարանին նախագահն է հայր Միշել Ժալըֆ:

Մխիթարեանի Մարզաշապիկը Աճուրդով Ծախուեցաւ 20 Հազար Ամերիկեան Տոլարի

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Քանատայի տեղական մարմնին կազմակերպած ճաշկերոյթի մը ընթացքին, Թորոնթոյի մէջ ապրող աւելի քան 400 քանատահայեր մասնակցեցան նուիրատուութեան` հանգանակելով 530 հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը: Ճաշկերոյթին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ աճուրդ: Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի մարզաշապիկը վաճառուեցաւ 20 հազար ամերիկեան տոլարով: Այս ձեռնարկը նուիրուած էր Քանատայի 150-ամեակին եւ Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի ստեղծման...

Ճատրակ. Քեսրուանի Շրջանի Առաջին Արագ Ճատրակի Ախոյեանութիւն

Կազմակերպութեամբ «Ֆուատ Շեհապ» (Ժունիէ) մարզական համալիրին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ արագ ճատրակի Քեսրուանի շրջանի առաջին ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ ճատրակ խաղացողներու: Տիտղոսակիր դարձաւ Մարք Նասսար, ապա յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ռալֆ Խէյրալլա եւ Իմատ Պըրպարի: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցաշարքին գլխաւոր հսկողն էր Էլի Խէյրալլա, իսկ անոր հետ միասին իրաւարարի պաշտօնը կատարեցին Խալիլ Հապիպ եւ Ժաք...

Ճատրակ. Միօրեայ Տարիքային Մրցաշարք` Նախկին Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու Ակումբին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, վերոնշեալ ակումբին մէջ (Վերտան) նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը` 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ: Վերոնշեալ բոլոր դասակարգերուն մէջ ալ մրցանակային առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին տեղացի ճատրակ խաղացողները: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ակումբի ճատրակի գլխաւոր պատասխանատու Հիւսէյն Համմուտի:

Ֆութպոլ. Անսար Տիրացաւ Հուփսի Կազմակերպած Մրցաշարքի Տիտղոսին

Անսար ֆութպոլի կրտսերներու խումբը (2001-2002-ի ծնունդ) տիրացաւ Հուփսի կազմակերպած մրցաշարքի տիտղոսին, երբ աւարտականին յաղթեց Ահտի` 3-2 արդիւնքով: Այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Հուփսի Պէյրութի մարզադաշտին վրայ: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ խումբերը. Ահտ, Նըժմէ, Անսար, Սալամ Զղարթա, Շապապ Սահել, Աթլեթիքօ, Ատվանս Սաքըր Աքատեմի եւ Հուփս: Աւարտական մրցումէն ետք, յաղթական խումբը իր տիտղոսը ստացաւ Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսոյէն:

13-15 Ապրիլ 2018-ին. Եւրոպայի Քոնկ Ֆուի Ախոյեանութիւնը` Հայաստանի Մէջ

Քոնկ ֆուի միջազգային ֆետերասիոնը պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուց, որ 2018-ի Եւրոպայի քոնկ ֆուի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ` 13-15 ապրիլ 2018-ին: Եւրոպայի այս բաց ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ երրորդ անգամ ըլլալով:

Պիւֆոն Հեռացաւ Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբէն

Իր երկրին` Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 2018-ի մոնտիալին տոմս մը ապահովել չկարենալէ ետք, Եուվենթուսի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն յայտարարեց, որ կը լքէ միջազգային իր ասպարէզը: 39 տարեկան բերդապահը, որ շուրջ տասը տարի կրեց իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը, ըսաւ, որ իր տեղը կու տայ երիտասարդներուն, այն յոյսով, որ իտալական ֆութպոլը ունենայ փայլուն ապագայ մը: Նշենք, որ անոր հետ միասին...

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Այսօր Պիտի Գնահատէ Վենթուրայի Աշխատանքը

Իտալական մամուլին համաձայն, Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ճիամփիերօ Վենթուրայի ապագան կրնայ վճռուիլ այսօր, երբ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը գումարէ յատուկ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ ու գնահատէ անոր աշխատանքը եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին ունեցած խաղարկութիւնը` 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին: Ֆետերասիոնին նախագահը` Քարլօ Թաւեքիօ ըսաւ. «Մենք կը ցաւինք եւ հիասթափուած ենք, որ 2018-ի մոնտիալին տոմս մը չկրցանք ապահովել: Ասիկա...

Թենիս. Աղասի. «Ֆետերեր Բոլոր Ժամանակներու Լաւագոյն Թենիսմենը Չէ»

Աշխարհի թենիսի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած ամերիկացի Անտրէ Աղասի յայտարարեց, որ ներկայիս տղոց ընդհանուր դասաւորման մէջ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր բոլոր ժամանակներու լաւագոյն թենիսմենը չէ: «Կարծիքովս, Ռաֆայէլ Նատալ աւելի լաւ է, որովհետեւ աւելի շատ յաղթանակներ ունի Ֆետերերի դէմ: Բայց եւ այնպէս, Ֆետերեր բացառիկ յատկութիւններ ունեցող սքանչելի մարզիկ մըն է: Անկասկած, անոր անունը երկար տարիներ պիտի յիշուի...

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Յաղթական` Ֆէոնիքսի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 6-րդ յաղթանակը, երբ 100-93 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ֆէոնիքս Սանզի դաշտէն, հակառակ անոր որ Սանզէն Տեւին Պուքըր նշանակեց 36 կէտ: Լէյքըրզէն Ճորտըն Քլարքսոն նշանակեց 25 կէտ: Նիւ Եորքի մէջ, Քլիվլենտ Քաւալիրզ 104-101 արդիւնքով յաղթեց Նիքսին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 23 կէտ, մինչ...

Ռուսիայէն Խլուեցան 2014-ի Ողիմպիականին Անոր Տիրացած Մետալներէն Երկուքը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիայէն խլուեցան 2014-ի Սոչիի ողիմպիականին անոր տիրացած մետալներէն երկուքը` նկատի ունենալով, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին համաձայն, ողիմպիականին մասնակցած չորս ռուս դահուկորդները գործածած էին խթանիչ դեղեր: Ռուսիոյ դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Էլենա Վալպէ յայտարարեց, որ Մաքսիմ Վիլեկզհանին, Ալեքսէյ Փեթուքով, Եւգենիա Շափովալովա եւ Եուլիա Իվանովա գործածած են արգիլեալ խթանիչ դեղեր:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ – Թատամոն Մրցումը` «Աղբալեան» Համալիրին Մէջ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 14 նոյեմբերին, տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ: Սկզբունքով Թատամոն - ՀՄԸՄ մրցումը տեղի պիտի ունենար Զուքի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ: Սակայն նկատի ունենալով, որ դաշտին մէջ տեղի կ՛ունենան նորոգութեան աշխատանքներ, որովհետեւ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը հոն մրցում ունի կատարելիք, ուստի Թատամոն - ՀՄԸՄ մրցումին վայրը փոխադրուեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի...

Սամպօ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Մխիթարեան Եւ Կիրակոսեան` Աշխարհի Ախոյեաններ

Նախորդ շաբաթավերջին Սոչիի մէջ աւարտեցաւ աշխարհի սամպոյի ախոյեանութիւնը: 52 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Գրիգոր Մխիթարեան դարձաւ ոսկի մետալակիր` աւարտականին 7-0 արդիւնքով յաղթելով Խըրխըզիստանի ներկայացուցիչին: Աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ նաեւ Տիգրան Կիրակոսեան (52 քկ), որ յաղթեց Մոնկոլիոյ ներկայացուցիչին` 5-1 արդիւնքով: Թէեւ Վաչիկ Վարդանեան հասաւ աւարտականին, սակայն 9-0 արդիւնքով պարտուելով իր ռուս մրցակիցէն, հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան: Պրոնզէ մետալակիր դարձան Մաքսիմ Մանուկեան (57...

2018-ի Մոնտիալ.  Չորս Անգամ Աշխարհի Ախոյեան Հանդիսացած Իտալիա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

2018-ի Մոնտիալ. Չորս Անգամ Աշխարհի Ախոյեան Հանդիսացած Իտալիա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Իտալիոյ ֆութպոլի պատմութիւնը երէկ գիշեր ապրեցաւ իր սեւ օրերէն մէկը, երբ երկրին ազգային խումբը չկրցաւ հասնիլ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի աւարտական հանգրուանին` նկատի ունենալով, որ դուրս մնաց մոնտիալէն, երբ իր դաշտին վրայ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շուէտի հետ, շուրջ 73 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, որոնք եկած էին Սան Սիրօ մարզադաշտ` քաջալերելու համար իրենց կազմը: Շուէտ, որ երթին իր...

Մինի Ֆութպոլի Մրցաշարք. «Աուտէ» Դրամատունը Տիրացաւ «Սփոր Էվազիոն»-ի Կազմակերպած Մրցաշարքին Տիտղոսին

«Սփոր Էվազիոն»-ի կազմակերպած մինի ֆութպոլի 9-րդ մրցաշարքը` ընկերութիւններու միջեւ, աւարտեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, «Սթատիում» մարզահամալիրին մէջ (Տըքուանէ): Աւարտական մրցումին, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով համակիրներ, «Աուտէ» դրամատունը 7-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք «Միջին Արեւելք եւ Ափրիկէ» դրամատան, տիրացաւ տիտղոսին: Աւարտին յաղթական խումբը իր բաժակը ստացաւ կազմակերպիչ ակումբի նախագահ Պասսամ Թըրքէն:  

Page 905 of 1278 1 … 904 905 906 … 1,278

Արխիւներ