«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիայէն խլուեցան 2014-ի Սոչիի ողիմպիականին անոր տիրացած մետալներէն երկուքը` նկատի ունենալով, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին համաձայն, ողիմպիականին մասնակցած չորս ռուս դահուկորդները գործածած էին խթանիչ դեղեր:
Ռուսիոյ դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Էլենա Վալպէ յայտարարեց, որ Մաքսիմ Վիլեկզհանին, Ալեքսէյ Փեթուքով, Եւգենիա Շափովալովա եւ Եուլիա Իվանովա գործածած են արգիլեալ խթանիչ դեղեր: