Իտալիոյ ֆութպոլի պատմութիւնը երէկ գիշեր ապրեցաւ իր սեւ օրերէն մէկը, երբ երկրին ազգային խումբը չկրցաւ հասնիլ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի աւարտական հանգրուանին` նկատի ունենալով, որ դուրս մնաց մոնտիալէն, երբ իր դաշտին վրայ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շուէտի հետ, շուրջ 73 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, որոնք եկած էին Սան Սիրօ մարզադաշտ` քաջալերելու համար իրենց կազմը:
Շուէտ, որ երթին իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, այսպիսով շրջանցեց փլէյ-օֆի այս արգելքը եւ դուրս ձգեց չորս մոնտիալներու (1934, 1938, 1982 եւ 2006) տիրացած Իտալիան:
Այսպիսով, Իտալիա 1958-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով չի կրնար հասնիլ մոնտիալի աւարտականներուն: