Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 14 նոյեմբերին, տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ:
Սկզբունքով Թատամոն – ՀՄԸՄ մրցումը տեղի պիտի ունենար Զուքի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ: Սակայն նկատի ունենալով, որ դաշտին մէջ տեղի կ՛ունենան նորոգութեան աշխատանքներ, որովհետեւ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը հոն մրցում ունի կատարելիք, ուստի Թատամոն – ՀՄԸՄ մրցումին վայրը փոխադրուեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտ:
Մրցումը սկիզբ պիտի առնէ ժամը 20:30-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը` նկատի ունենալով, որ ախոյեանութիւնը դադար պիտի առնէ մինչեւ 2 դեկտեմբեր, որովհետեւ լիբանանեան խումբեր պիտի մասնակցին Տուպայի միջազգային մրցաշարքին: ՀՄԸՄ պաշտօնապէս յայտարարեց այդ մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը:
Նոյն ժամուն, Սաժես Ղազիրի մէջ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը: Այս մրցումն է, որ պիտի հեռարձակուի պատկերասփիւռի կայաններէն:՛