Կազմակերպութեամբ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, վերոնշեալ ակումբին մէջ (Վերտան) նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը` 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ:
Վերոնշեալ բոլոր դասակարգերուն մէջ ալ մրցանակային առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին տեղացի ճատրակ խաղացողները:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ակումբի ճատրակի գլխաւոր պատասխանատու Հիւսէյն Համմուտի: