Նախանցեալ օր տեղի ունեցած Անգլիա – Պրազիլ ֆութպոլի բարեկամական մրցումին (0-0), որ տեղի ունեցաւ «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ, ներկայ գտնուեցան շուրջ 85 հազար հանդիսատեսներ:
Հանդիսատեսներուն կարգին եղած է նաեւ Լիվըրփուլի ամերիկացի սեփականատէր Ճոն Հենրի:
Յիշատակելին այն է, որ ան «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտ ուղղուած է մեթրոյով` Անգլիոյ այլ համակիրներուն հետ միասին: