Իր երկրին` Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 2018-ի մոնտիալին տոմս մը ապահովել չկարենալէ ետք, Եուվենթուսի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն յայտարարեց, որ կը լքէ միջազգային իր ասպարէզը:
39 տարեկան բերդապահը, որ շուրջ տասը տարի կրեց իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը, ըսաւ, որ իր տեղը կու տայ երիտասարդներուն, այն յոյսով, որ իտալական ֆութպոլը ունենայ փայլուն ապագայ մը:
Նշենք, որ անոր հետ միասին Իտալիոյ ազգային խումբը լքեցին նաեւ Ճիորճիօ Քելլինի եւ Տանիելէ Տէ Ռոսսի: