
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ գիշեր, երբ տեղի ունեցան երկու մրցումներ:
ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Թատամոնը, 97-83 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (22-15, 27-22, 27-17 եւ 21-29):
Բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Սեմ Եանկ, որ նշանակեց 27 կէտ: Տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձան Մաքրամ Պըն Ռամատան (13 կէտ, 11 ռիպաունտ) եւ Ուոլթըր Հոճ (14 կէտ, 11 էսիսթ), Իսմայիլ Ահմետ նշանակեց 15 կէտ (ներառեալ` 3 թրի փոյնթ), մինչ Հայկ Կէօքճեան` 14 կէտ:
Իսկ Թատամոնէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Վլատան Վուքոսակիեւիչ (24 կէտ, 14 ռիպաունտ) եւ Շոն Պառնեթ (13 կէտ, 10 ռիպաունտ), Փաթրիք Ռեմպըրթ նշանակեց 21 կէտ (ներառեալ` 3 թրի փոյնթ), մինչ Ժերար Հատիտեան` 8 կէտ (ներառեալ` 2 թրի փոյնթ եւ 6 ռիպաունտ):
Մրցումին տեւողութեան, ՀՄԸՄ յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել նոյնիսկ մինչեւ 27 կէտ (93-66):
Պէտք է նշել նաեւ, որ Թատամոն աւելի ռիպաունտ ձեռք ձգեց` 51 փոխան 35-ի:
Ցարդ իր կատարած վեց մրցումներուն ՀՄԸՄ արձանագրած է հինգ յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ ոչ լաւ օրերու մէջ գտնուող Թատամոն կրեց իր վեցերորդ յաջորդական պարտութիւնը:
Երէկ գիշեր տեղի ունեցած երկրորդ մրցումին, Պիպլոս իր դաշտին վրայ 101-93 արդիւնքով պարտուեցաւ Սաժեսէն:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը Պիպլոսէն նշանակեց Մարքուս Հոլ (32), իսկ Սաժեսէն` Տուայն Ճեքսըն եւ Ճէյ Եանկպլատ (26-ական), մինչ Ալի Մըզհեր նշանակեց 21 կէտ: