Կազմակերպութեամբ «Ֆուատ Շեհապ» (Ժունիէ) մարզական համալիրին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ արագ ճատրակի Քեսրուանի շրջանի առաջին ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ ճատրակ խաղացողներու:
Տիտղոսակիր դարձաւ Մարք Նասսար, ապա յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ռալֆ Խէյրալլա եւ Իմատ Պըրպարի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Մրցաշարքին գլխաւոր հսկողն էր Էլի Խէյրալլա, իսկ անոր հետ միասին իրաւարարի պաշտօնը կատարեցին Խալիլ Հապիպ եւ Ժաք Պետրոսեան: